ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ ԵՒ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ
Թիրանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովը, որ լայն արձագանգ ստեղծեց միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Ալպանիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած հերթական՝ 6-րդ գագաթաժողովին մասնակցեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Պատգամներու եւ հաշուարկներու մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ այս գագաթաժողովը, որու ընթացքին քննարկումներու կիզակէտին էր Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ գագաթաժողովին հետ նոյնաժամանակ Իսթանպուլի մէջ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենային Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ համաձայնութեան եզր մը գտնելու առաջադրութեամբ՝ նախագահ Էրտողանի պատգամները ունեցան տարբեր կշիռ մը։ Ան յայտնեց, թէ արդար խաղաղութեան հաստատումը պիտի ապահովէ պարտուողի մը չըլլալը եւ այս գործընթացէն ներս Թուրքիա պիտի շարունակէ իրեն վիճակածը ընել։ «Մենք այստեղի մեր բոլոր գործընկերներու աջակցութեան կը վստահինք, որպէսզի այժմու փուլին խաղաղութեան փութով հաստատման համար Ուքրայնայի եւ Ռուսաստանի միջեւ երկխօսութան միջոցները բաց մնան», ըսաւ ան՝ յիշեցնելով, որ 2022 թուականի մարտէն ի վեր առաջին անգամ հնարաւորութեան պատուհան մը բացուած է եւ այդ մէկը պէտք չէ մսխուի։
Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացի տրամաբանութենէն ներս, Թիրանի մէջ ուշագրաւ էր նաեւ Էրտողանի եւ Փաշինեանի զրոյցը, որ ցոլացաւ տեսախցիկներուն։ Մնաց որ, Փաշինեան զրուցեց նաեւ գագաթաժողովի մասնակիցներէն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Թիրանի մէջ տեղի ունեցան նաեւ բազմաթիւ երկկողմանի հանդիպումներ։ Թէ՛ Էրտողանի եւ թէ Փաշինեանի զրուցած ղեկավարները առաւել չափով նոյնն էին։ Եւրոպացի ղեկավարները եւ եւրոպական կառոյցներու բարձրաստիճան պատասխանատուները արտայայտուեցան Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ապահովման ի նպաստ՝ խրախուսելով Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը։ Անոնք նաեւ ընդգծեցին իրենց սպասումը, որպէսզի Անգարա նպաստէ Երեւան-Պաքու հաշտութեան։
Նիկոլ Փաշինեան Թիրանի մէջ զրուցեց բազմաթիւ ղեկավարներու հետ. օրինակ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր, Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց, Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսք, Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան եւ այլն։
Թիրանի գագաթաժողովի ընթացքին միջազգային առկայ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ եւրոպացի ղեկավարները ծաւալեցին քննարկումներ՝ հետամուտ ցամաքամասի անվտանգութիւնը ապահովելու եւ ժողովրդավարական դիմադրունակութիւնը ամրապնդելու։