ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՊԻ ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԾԻԾԱՂԵԼԻ ՀԵՔԻԱԹՆԵՐԷ ԱՆԴԻՆ. ԼԵՒՈՆ ԺԴ.՝ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ, ՈՐ ԿՐՈՂԸ ՉԷ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Տակաւին Հռոմի նոր պապի ընտրութեան լուրին մելանը չէր չորցած, երբ հրապարակ կը նետուէր բաւական կասկածելի լուր մը, ըստ որուն Լեւոն ԺԴ. ունի հայկական արմատներ։
Նորընտիր պապի կենսագրութեան վրայ արագ եւ հպանցիկ հայեացք մը նետելով՝ ոեւէ ընթերցողի համար պարզ պիտի դառնար, որ ան ո՛չ միայն ամերիկածին է, այլեւ իր արմատները կու գան հեռաւոր Հաիթիէն։ Սա կը նշակէ, որ անոր նախահայրերը սեւամորթներ են եւ պայմաններու բերմամբ հասած են ԱՄՆ-ի Լուիզիանա նահանգը։
Շատ աւելի խորքային պրպտումներու կարիք չկայ պապի արմատներուն մասին յստակ պատկերացում ունենալու համար, սակայն, այս պարագային տխուրը է, որ Պոլսէն «տարածուած» լուրը կերպով մը կը սողսկէր ու կը հասնէր Հայաստան, ուր հայկական լրահոսի տասնեակ ներկայացուցիչներ տարածուած սխալ (ո՛չ միայն սխալ, այլեւ անհիմն) լուրը «հալած իւղ»ի պէս կլլելով կը փորձէին հրճուանք մը պատճառել հայ ընթերցողին։ Ամէն պարագայի տակաւին առիթ կ՚ունենանք գրելու Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի մասին, որ Վատիկանի մէջ գահ կը բարձրանայ բաւական նուրբ ժամանակաշրջանի մը, երբ ուղենշային տարրերը միայն կրօնական ընկալումները, եկեղեցւոյ ներքին խնդիրները կամ բարեկարգման հարցերը չեն, այլեւ կան շատ աւելի տարերային խնդիրներ, հիմնահարցեր։ Պատերազմներու նիւթը դարձած է այսօրուայ աշխարհը յուզող ամենէն հրատապ հարցերէն մին։ Սա կ՚աճի քաղցկեղի նման, իսկ Եւրոպայի մերձակայքին՝ Ուքրայնայի հողերուն վրայ շղթայազերծուած պատերազմը կը շարունակուի անվրդով՝ իր ամբողջ ստուերը տարածելով բաւական ուժասպառ դարձած ու մանաւանդ՝ տեսլականի շուրջ տագնապի մատնուած ծեր ցամաքամասին վրայ։
Այդ բոլորէն հեռու չէ Վատիկանի Սուրբ Աթոռը, որ տարբեր առիթներով փորձեց իր բարի խօսքով խաղաղութեան նոր առագաստներ բանալ աշխարհին առջեւ, բայց, իւրաքանչիւր փորձ տապալեցաւ՝ տեղ մըն ալ հարցականի տակ դնելով Վատիկանի ազդեցիկ համարուած խօսքին ուժականութիւնը։ Շատեր այս թուլացումը կամ Վատիկանի կողմէ ետ քաշուիլը արդարացուցին՝ ըսելով, որ այդ նահանջը անպայմանօրէն կապ ունէր երջանկայիշատակ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի առողջական վիճակի կտրուկ վատթարացման հետ, ինչ որ տեղ մըն ալ յանգեցուց այս խրթին հարցերուն մէջ Վատիկանի ընդհանուր դերակատարութեան չքացման։
Այս բոլորին կողքին կայ նաեւ քաղաքակրթական պայքարի երեսակ մը, որ ունի խորքային արմատներ ու ձեւով մըն ալ արմատացած է Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ այդ եկեղեցիին ծառայող հայրերու ու նոյնիսկ հայրաբաններու հոգիներուն մէջ։ Այդ մէկը, անշուշտ, արեւելք-արեւմուտք թէժ պայքարն է, որ Պաղ պատերազմի աւարտէն ի վեր աշխարհին կը ներկայանայ բաւական վառ եւ մտահոգիչ երանգներով։ Ու այստեղ եւս Վատիկան պարտաւոր է հաշուի առնել նախ իր բնական միջավայրը, դարերու անցեալով պատկանելիութիւնը եւ յատկապէս քաղաքակրթական այն հոլովոյթը, որուն արմատներէն սնանած է ինք։
Աւելի յստակ ձեւակերպելու համար, հարկ է բացատրել ու բացայայտել, որ Վատիկան այսօր պարտաւոր է կողմ բռնել արեւելք-արեւմուտք մեծ պայքարին մէջ։ Եթէ նոյնիսկ ան կը դժուարանայ ուղիղ կեցուածքով մը հանդէս գալ, ապա Սուրբ Աթոռը պարտաւոր է ցոյց տալ իր նախասիրութիւնն ու ընտրանքները։ Սա արդէն տեղի ունեցաւ բոցավառ կերպով, երբ Ռուսաստան ու անոր մօտիկ երկիրները առաջին աստիճանի մասնակցութիւն չբերին Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի յուղարկաւորութեան։ Ու այս կէտը արդէն բաւարար է հասկնալու համար, որ Վատիկանի կեցուածքը ինչ է այդ պայքարին մէջ՝ հակառակ անոր, որ Սուրբ Աթոռը (ըստ էութեան) պարտաւոր է նոյն հաւասարութեան վրայ ըլլալ հակամարտող բոլոր կողմերուն հետ։
Ամէն պարագայի, այս բոլորը ներկայացնելէ անդին, հարկ է վերադառնալ բուն նիւթին՝ փորձելով վերլուծել, թէ Լեւոն ԺԴ. Պապը, ի՞նչ քաղաքականութիւն մը պիտի վարէ իր առջեւ դրուած թղթածրարներու պարագային։ Այս առումով օրերս ուշագրաւ հրապարակում մը ըրած է Իտալիոյ «La Reppublica» թերթը, ըստ որուն՝ նոր պապի ընտրութիւնը ոմանց յիշեցուցած է «Քոնքլաւ» ժապաւէնը, որ այս տարի Օսքարի ներկայացուած լաւագոյն գործերէն մին էր: Ի հարկէ, շարժանկարը շատ աւելի թատերական էր, իսկ վերջաւորութիւնը՝ բոլորովին անկանխատեսելի, բայց, կային նաեւ շատ ընդհանրութիւններ. «Քոնքլաւ»ի յաղթողը Պաղտատէն անյայտ կարտինալ մըն էր, որ մինչ այդ չէր ճանչցուած ոեւէ մէկուն կողմէ։
Ներկայ Հռոմի պապը՝ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ամերիկացի է, առաջին ԱՄՆ-ի քաղաքացին, որ այդ գահը բարձրացաւ։ Ան նաեւ Փերուի հպատակ է, երկրորդ քաղաքացիութիւնը ստացած է 2015 թուականին։
Փերու-ամերիկացիի վերելքը կը խօսի համաշխարհային հարաւի աճող դերի մասին։ Կաթոլիկ եկեղեցին ալ այնտեղ աւելի արագ կ՚ամրապնդէ իր դիրքերը, քան ԱՄՆ-ի մէջ: Լատինական Ամերիկայի մէջ շատեր՝ այժմ երկքաղաքացիութեան տէր պապը կ՚անուանեն իրենց որդեգիրը եւ կը հրաժարին զինք համարելէ՝ որպէս կայսերապաշտութեան դեսպանը Վատիկանի մէջ։ Հազիւ 70-ամեայ Լեւոն ԺԴ. ծնած է Շիքակօ, բայց, իր կեանքի միայն մէկ երրորդը անցուցած է ԱՄՆ-ի մէջ, մնացեալ ժամանակերուն եղած է Լատինական Ամերիկա՝ աշխարհի այն ծայրամասը, ուրկէ ալ սերած է ան։
Լեւոն ԺԴ.-ի ընտրութիւնը ցնծութիւն յառաջացուց ԱՄՆ-ի մէջ եւ նախագահ Տանըլտ Թրամփ գովաբանեց Վատիկանը: Յամենայնդէպս, Լեւոն ԺԴ. «ամերիկացիներուն մէջ ամենաքիչ ամերիկացին» է։
Վատիկան նախապէս անբարեացակամ վերաբերմունք կը ցուցաբերէր նոր աշխարհէն եկած մարդոց հանդէպ։ Անցեալ դարերուն թեկնածուներէն շատերը հեռաւորութեան պատճառով պարզապէս չէին կրնար ժամանակին հասնիլ «փակարան»ի («Քոնքլաւ»ի) ընտրութիւններուն։ Իսկ աւելի ուշ, Կաթոլիկ եկեղեցին կը վախնար գերտէրութեան չափազանց մեծ ազդեցութենէն՝ մանաւանդ, որ CIA կրնար ձեռք դնել իր սրբութիւններուն վրայ: Բայց, Լեւոն ԺԴ. Պապը յաչս կարտինալներուն նման անհանգստութիւն մը չյառաջացուց։ Անոր ընտրութիւնը համեմատաբար արագ էր՝ հակառակ պահպանողականներու թերահաւատութեան: Ընտրութիւնը տեւեց ընդամէնը 24 ժամ 23 վայրկեան, ինչ որ աւելի քիչ էր Ֆրանսիսքոս Ա. եւ Պենետիքտոս ԺԶ. պապերու ընտրութիւններէն։ Պարզ ու ակնյայտ էր անոր առաջին պատգամը, զոր ան սպաներէնով փոխանցեց Վատիկանի Ս. Պետրոսի տաճարի պատշգամէն։ Այսպէս, ան պիտի հետեւի Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի ժառանգութեան, որ բացաւ հաւատքի դուռը՝ փնտռելով բոլորը եւ պայքարելով յանուն միասնութեան։ Աշխարհի մէջ շատեր չէին սիրած Ֆրանսիսքոս Ա.-ը՝ զայն անուանելով ձախակողմեան։
Կը սպասուէր, որ այս վերջին ընտրութիւններուն դարձեալ բարձրանար ալիք մը եւ պահպանողականները թոյլ չտային ազատ մտածելակերպի նոյնիսկ ամենաչնչին դրսեւորումի, բայց, այդպէս տեղի չունեցաւ՝ թէեւ շատերուն համար նախկին պապը կարծես հերետիկոսական պատգամներ կու տար։ Եթէ Ֆրանսիսքոս Ա. նախապէս կոչ ըրած էր եկեղեցւոյ դուռը բանալ LGBT-ի մարդոց առջեւ, ապա Լեւոն ԺԴ. նաեւ խօսած է կանանց դերի մասին եկեղեցիէն ներս՝ թէեւ զգալի նախազգուշացումով, թէ կանանց ձեռնադրումը կրնայ նոր խնդիրներ ստեղծել:
Լեւոն ԺԴ. դարձաւ 267-րդ պապը: Իրմէ առաջ Լեւոն ԺԳ. գահ բարձրացած էր 1878 թուականին։ Ան քարոզած էր ընկերային կրթութիւն եւ կոչ ուղղած էր մարդկային արժանապատուութեան մասին ամբողջ աշխարհով։ Որոշ չափով, Լեւոն անուանեալ բոլոր պապերը համարուած են բարեփոխիչներ, իսկ նորընտիրը ինքզինք կը հռչակէ միջազգայնական (ազգերու համերաշխութեան կողմնակից), որ պիտի կարենայ կամուրջներ կառուցել, ինչ որ կը հակասէ ԱՄՆ-ի ներկայ ղեկավարութեան ընթացքին:
Մարքօ Փոլիտինոր, որ երկար տարիներէ ի վեր կը հետեւի Վատիկանի իրադարձութիւններուն, այս կապակցութեամբ ըսած է հետեւեալը. «Այժմ կայ կարտինալներու աշխարհաքաղաքական մեծ արձագանգ ժամանակի մը մէջ, երբ ուժ կիրառելու սպառնացող մարդիկ գրաւած են համաշխարհային ասպարէզը: Այս պահուն ամերիկացիի մը ընտրութիւնը՝ որպէս Հռոմի պապ, որ կը խօսի խաղաղութեան, Քրիստոսի, կարեկցանքի, աղքատներու, անապահովներու մասին հոգ տանելու եւ կառուցելու մասին, չափազանց կարեւոր է»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան