ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ
Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի 25-րդ գումարման երկրորդ օրէնսդրական շրջանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը երէկ բնորոշեց մայրաքաղաք Անգարայի օրակարգը։ Խորհրդարանի նոր նստաշրջանի բացման կապակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Այս առթիւ ան պատասխանատուութեան կոչ ուղղեց՝ մօտալուտ ընտրութիւններուն ընդառաջ։ Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիոյ մէջ խնդիրներուն լուծումը քաղաքականութենէ դուրս, քաղաքականութենէ դուրս լծակներու մօտ փնտռելը կը համարուի երկրին եւ ազգին դէմ մեծագոյն վատութիւնը։ Ան համոզուած է, թէ ազգին կամքը միակ ելքի ճանապարհն է։ Հետեւաբար, Նոյեմբերի 1-ին Թուրքիա անգամ մը եւս ժողովրդավարական կանոններու շրջագծին մէջ ընտրութիւն մը պիտի կատարէ եւ ազգային կամքը պիտի դրսեւորուի։
Էրտողանի համոզմամբ, 25-րդ գումարման խորհրդարանին կեանքը թէեւ կարճ է, սակայն շատ յատկանշական կը համարուի՝ ազգային կամքի գերակայութեան եւ լուծում արտադրելու ընդունակութիւններուն տեսակէտէ։ Այժմու գործընթացը աննախընթաց է Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան պատմութեան մէջ։ Թէեւ չէ կրցած ստեղ-ծըւիլ կառավարութիւն մը, սակայն Թուրքիա Սահմանադրութիւնը ամբողջութեամբ գործադրելով հանդէս եկած է շատ մեծ ժողովրդավարական հասունութիւնով մը։ Արդարեւ, անցեալին նման պարագաներու մէջ Թուրքիոյ տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան դէմ յանդիման մնացած փորձութիւնները տակաւին թարմ են բոլորի յիշողութեան մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ Էրտողան շեշտեց, որ քաղաքական դաշտէն ներս ստեղծուած պարապութեան պատասխանատուութիւնը անկարելի է վերագրել Հանրապետութեան նախագահութեան։
Նախագահը ելոյթին մէջ շեշտեց, որ Թուրքիոյ դէմ ուղղուած յարձակումները դատապարտուած են հալելու՝ այս երկրի պողպատեայ կամքին դիմաց։ Ան յոյս յայտնեց, թէ բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները մարդասիրական ու խղճի դիրքորոշում մը որդեգրելով արգելք պիտի հանդիսանան՝ որպէսզի ահաբեկչութիւնը չկարենայ սպառնալ քուէատուփերուն։ «Յստակ պէտք է տարանջատուին մեր քաղաքական տարբերութիւններն ու երկրին եւ ազգին շահերը», ըսաւ Էրտողան եւ վստահութիւն յայտնեց, թէ Թուրքիա յաջողութեամբ դուրս պիտի գայ Նոյեմբերի 1-ին կայանալիք ընտրութիւններէն, որոնք շատ կարեւոր փորձաքար մը կը համարուին։ Նախագահը ընդգծեց, որ երկիրը վստահելի ձեռքերու մէջ է եւ պատմութիւնը անտարակոյս պիտի շարունակէ վկայել Թուրքիոյ անկանխարգիլելի հզօրացումը։ Երկիրը անշրջադարձելի վերելքի մը մէջ է։ Ըստ Էրտողանի, Թուրքիա զարգացման մեծ ոստումէն երբեք պիտի չզիջի եւ տնտեսութեան գծով 2023-ի նպատակներուն հասնելով՝ պիտի դառնայ աշխարհի փայլատակող աստղը։