ԲՈՎԱՆԴԱԿԱԼԻՑ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
«Սապանճը» եւ Միչիկընի համալսարաններուն համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ քննադատական մօտեցումներ. պատմութիւն, քաղաքագիտութիւն եւ գեղագիտութիւն» խորագրեալ գիտաժողովին աշխատանքները երէկ շարունակուեցան երեք նիստերով։ Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական հետազօտութիւններու ամպիոնին համագործակցութեամբ կ՚իրականանայ այս գիտաժողովը, որ ձօնուած է նորոգ հանգուցեալ յոյն ակադեմական Վանկելիս Քեխրիոթիսի յիշատակին։
Գիտաժողովի երէկուան նիստերը տեղի ունեցան Գարագիւղի պատմական «Միներվա» խանին մէջ, որ «Սապանճը» համալսարանի մասնաշէնքերէն մին է։ Օրուան առաջին նիստը վարեց Զէյնէփ Թիւրքեըլմազ։ Համիտեան ժամանակաշրջանին ձօնուած զեկուցումներ ներկայացուեցան այս առթիւ։ Էմրէ Էրօլ ամբողջական հայեացքով մը ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան ուշ շրջանի ժողովրդագրական ճարտարագիտութեան պատմութեան շուրջ՝ անդրադառնալով յոյներու տեղահանութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ յարաբերութիւններուն։ Թոյկուն Ալթընթաշ խօսեցաւ 1894 թուականի Սասունի ջարդերուն շուրջ։ Ռիչըրտ Անթառամեան «Պատրիարքէն դէպի աքսոր» խորագրին ներքեւ լուսարձակի տակ առաւ 1869-1885 թուականներու ժամանակաշրջանը՝ ներկայացնելով գործնական օսմանականութիւնը։ Տէյվիտ Կաունտ, իր կարգին, խօսեցաւ ասորիներու ցեղասպանութեան երեք պատմութեան շուրջ։ Այս նիստի վիճարկողն էր Ռանըլտ Սիւնի։
Երկրորդ նիստին նիւթն էր ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնները։ Վիգէն Չէթէրեան վարեց այս նիստը, որու ատենախօսներէն Ծովինար Տէրունեան խօսեցաւ ազգերու եւ կայսրութիւններու պատկանելիութեան նիւթին շուրջ։ 1850-1870 թուականներուն վրայ առանձնապէս կանգ առնելով՝ ան մանրամասնութիւններու մէջ խորացաւ երազանքներու, ձգտումներու եւ կասկածներու առանցքներուն շուրջ։ Արմէն Մարսուպեան զեկուցեց Մարզուանի հայոց վերապրելու պայքարին շուրջ՝ 1915-1918 թուականներու կտրուածքով։ Ռոլֆ Հոսֆելտ խօսեցաւ Գերմանիոյ եւ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին վերաբերեալ։ Այս նիստի վիճարկողն էր Ֆիքրէթ Ատանըր։
«24 Ապրիլ 2015. ի՞նչ եղաւ ու ի՞նչ չեղաւ» խորագրեալ նիստը վարեց Ֆաթմա Միւկէ Կէօչէք։ Ատենախօսներէն Եքթան Թիւրքեըլմազ անդրադարձաւ, թէ ինչո՞ւ կարիքը կայ Հայոց ցեղասպանութեան պատմագրական եւ յղացական վերարժեւորման։ Հալիլ Պերքթայ պատահածը ուսուցանելու ուղղեալ պարզ փորձ մը ներկայացուց՝ միայն հանրամատչելի նիւթերու օգտագործման միջոցաւ։ Այս նիստի ատենախօսներու շարքին նախատեսուած էր Ստեփան Ասթուրեան, որու բացակայութեան բերումով իր զեկուցումը ընթերցեց Ռանըլտ Սիւնի։ Ան Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններուն անդրադարձած էր՝ անոնց որպէս բնագաւառ զարգացման, պատմագրական արժեւորման եւ յառաջիկայ ճանապարհին անդրադառնալով։ Այս նիստին վիճարկողը պիտի ըլլար Ռայմոն Գէորգեան, որ նոյնպէս բացակայեցաւ եւ այդ դերը փոխարինեց նիստավար Ֆաթմա Միւկէ Կէօչէք։
Գիտաժողովի աշխատանքային ծրագիրը կը շարունակուի այս շաբաթավերջին։