«ԱՊԱԶԳԱՅԻՆՆԵՐՈՒ» ՀԱՐՑԵՐԸ
Պատմութեան հիմնարկին (Tarih Vakfı) եւ Փոքրամասնական իրաւունքներու միջազգային խմբակին համատեղ նախաձեռնութեամբ կատարուած աշխատանքին հիման վրայ պատրաստուած՝ Թուրքիոյ կրթական համակարգէն ներս խտրականութեան դրսեւորումներուն վերաբերեալ տեղեկագիրը այս շրջանին առարկայ կը դառնայ հասարակական լայն քննարկումներու։ Անցեալ շաբթուան մէջ այս զեկոյցը Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրէն ներս կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսով մը յանձնուած էր զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան։ Իսկ Շաբաթ յետմիջօրէին, Ճարտարապետներու պալատի Իսթանպուլի մասնաճիւղի դահլիճի երդիքին տակ նոյն առանցքին շուրջ տեղի ունեցաւ ասուլիս մը։ Թուրքիոյ ազգային կրթութեան համակարգէն ներս «Ապազգայիններու» հարցերուն ձօնուած այս հաւաքոյթին հիմնական ատենախօսներն էին՝ Պատմութեան հիմնարկի ծրագրերու համակարգող Կիւլայ Քայաճան եւ Փոքրամասնական իրաւունքներու միջազգային խմբակի Թուրքիոյ համակարգող Նուրճան Քայա, որ զեկոյցին հեղինակն է։ Այս երկու հիմնական դէմքերուն առընթեր ասուլիսին ընթացքին արտայայտուեցան նաեւ շուրջ տասնեակ մը դէմքեր, որոնք կը ներկայացնէին՝ երկրի կրթական համակարգին բերումով խնդիրներու ենթակայ զանազան հասարակական շերտերը։
Ասուլիսի ամբողջին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկրի փոքրամասնական վարժարաններու խնդիրներուն։ Մատնանշուեցան անոնց կարգավիճակին վերաբերեալ առկայ հարցերը եւ նիւթական դժուարութիւնները, հակառակ վերջին տարուան ընթացքին պետութեան կողմէ տրուած նպաստներուն, որոնք կը մնան անբաւարար։
Յիշեալ տեղեկագրին մէջ մատնանշուած է, որ երկրի Սահմանադրութեան եւ Ազգային կրթական հիմնական օրէնսդրութեան մէջ որեւէ յղում չէ կատարուած բազմազանութեան եւ տարբերութիւններուն։ Փոքրամասնական վարժարաններու դժուարութիւններուն առընթեր շեշտուած է, թէ պետական դպրոցներու մօտ թրքերէնէ զատ մայրենի լեզուով մը ուսուցում չի կատարուիր։ Զանազան կէտերու առընթեր զեկոյցին մէջ առաջարկ ներկայացուած է, որպէսզի Ազգային կրթութեան նախարարութենէն ներս ստեղծուի՝ խտրականութիւններու դիտարկման ուղղեալ խորհուրդ մը։
Հարկ է նշել, որ Թուրքիոյ կրթական համակարգէն ներս գոյնի, ազգային, լեզուի, կրօնի եւ հաւատի հիման վրայ առկայ խտրականութեան վերաբերեալ տեղեկագիրը պատրաստուած է Եւրոմիութեան գանձատրումով։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024