ՀՐԱՏԱՊ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՀԵՏՔՈՎ
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետով Կաթոլիկ եկեղեցին արդէն շրջած է Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին էջը։ Փաստօրէն, միայն հայերուն բնորոշ չեն մերթ անտեղի, մերթ ալ նախապաշարումներով ծանրաբեռնուած հարցադրումները, որոնք առկայ են ազգը գոյաւորող, ներկայացնող ու պահող-պահպանող կառոյցներուն՝ նուիրապետական աթոռներու մասին։ Մեր մտասեւեռումներէն ու հարցադրական մօտեցումներէն շատ աւելի բարդ է Վատիկանի պարագան, որու ներքին օղակներուն մէջ կան բազմապիսի խնդիրներ եւ անասելի պայքարներ։
Երբ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը կը փչէր իր վերջին շունչը, Վատիկանի հարցերուն հետամուտ մեկնաբան-վերլուծաբաններու կողմէ բարձրաձայնուած հիմնական հարցադրումը հետեւեալն էր. արդեօք վերջին երեք պապերէն ետք, կաթոլիկ աշխարհի կրօնական բարձրագոյն ատեանը՝ «Քոնքլաւ»ը պիտի յաջողէ՞ր նոր իտալացի պապ մը ընտրել կամ ոչ։ Չմոռնալ, որ վերջին տասնամեակներուն երեւելի հետք թողած պապերէն գլխաւորը՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ. սերած էր Լեհաստանէն։ Անոր համար ամենաէականն էր օգտակար ու նեցուկ հանդիսանալը, որպէսզի աշխարհ ի վերջոյ ձերբազատուէր երկաթեայ վարագոյրներէն ու մտնէր ազատութիւններու նոր փուլի մը։ Խօսքը, անշուշտ, Խորհրդային Միութեան տապալման մասին էր։ Որպէս փտտած եւ արիւններու վրայ նստած կայսրութիւն՝ ան շատ ամեհի ցաւ պատճառած էր քրիստոնեայ եկեղեցիներուն՝ ներառեալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Նոյն ծիրին մէջ էր Կաթոլիկ եկեղեցին, որ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ խոր արմատներ ունի։ Կը տապալէր Խորհրդային Միութիւնը ու Վատիկանի կողմէ այդ առումով մղուած բաւական լուռ պայքարը կ՚ունենար իր դրական արդիւնքները։ Եկեղեցին, որ նոյնիսկ այդ ժամանակներուն ունեցած կրնար ըլլալ ներքին հիմնահարցեր, կը պրկէր իր մկանները եւ մեծ ճիգ կը տարուէր ներքին կայունութիւն մը ապահովելու համար։
Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի վախճանումէն ետք, պապ դարձաւ կաթողիկէ աշխարհի կրօնաբանական-աստուածաբանական ոլորտի մեծագոյն գիտակ կարտինալներէն մին՝ Ռացինկէրը, որ Գերմանիայէն էր։ Ան գահ բարձրացած էր Պենետիքտոս ԺԶ. անուանումով։ Բոլոր անոնք, որոնք նկատած էին, որ Վատիկանի արտաքին ճակատի վրայ պայքարը արդէն իսկ աւարտած էր, գրեցին ու յայտարարեցին, թէ անոր գալուստով գերագոյն խնդիրը կը դառնար՝ Կաթոլիկ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ ներքին, հոգեւոր շէնքի սուր կողմերու հարթումն ու վերանորոգման փուլի մը անցումը։ Տակաւին պարզ չէ, թէ Պենետիքտոս ԺԶ. Պապը ինչքանո՞վ յաջողած է այս առաքելութեան մէջ։ Յամենայնդէպս, անոր վաղաժամ հեռանալն իսկ շատ բան կը յուշէ, թէ ի՜նչ ճնշումներու ենթարկուած էր։
Յաջորդիւ, Վատիկանի Սուրբ Աթոռին համար նոր եւ բախտորոշ շրջան մը կը բացուէր՝ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի ընտրութեամբ։ Շատերու համար անսպասելի դիպաշարով մը այս անգամ «Քոնքլաւ»ը քահանայապետ ընտրած էր Արժանթինէն կարտինալ մը, որ ամենապարզն ու ամենահամեստն էր։ Իր ընտրուած պահուն նոյնիսկ ընդունած Ֆրանսիսքոս անունը Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պարագային ծնունդ կու տար մէկէ աւելի հարցադրումներու։ Խորքին մէջ, եկեղեցւոյ համար բեռ դարձած խնդիրներու բարձրաձայնումով Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի գահակալութեան շրջանը ճանչցուեցաւ՝ որպէս ճակատագրական ժամանակաշրջան, նոյնիսկ իր վախճանումէն առաջ։
Եւ այսպէս, ներքին օղակներու խնդիրներ, տարակարծութիւններու եւ գործելաոճի տարբերութիւն, Վատիկանի մէջ երկար տարիներ թաքնուած հարցերու արծարծում եւ անոնց յարմար լուծումներ գտնելու կարեւոր ճիգեր։
Պապը կ՚ուզէր այս բոլորը ընել՝ ամբողջական ապաքինում մը տալու համար Կաթոլիկ եկեղեցիին, որ թերեւս ցայսօր ալ կը շարունակէ տագնապիլ՝ հակառակ անոր, որ իր միլիոնաւոր հաւատացեալներու աչքին ան կը շարունակէ մնալ փակ եկեղեցի մը, հետեւաբար նաեւ հեռու թիրախաւորումներէ։ Թերեւս այդ է միջոցը, որուն դիմած են վերջին հարիւրամեակի բոլոր պապերը՝ նախընտրելով մեծ լռութեան մը գործելաոճը։ Այսպիսով ալ անոնք իրենց հաւատացեալներուն եւ աշխարհին յայտնած են, որ Վատիկան մեծ խնդիրներ չունի կամ ունի հարցեր, որոնք ամէն պարագայի լուծելի են։
Այս բոլորին մէջ բանալի բառը խորհուրդն է։ Առանց այդ խորհուրդին անհնար է, որ դարաւոր Կաթողիկէ եկեղեցին շարունակէ իր պատմական երթն ու առաքելութիւնը։ Նախքան Լեւոն ԺԴ. Պապին մասին գրելը, հարկ է արձանագրել, որ իր նախորդը բացառիկ ձեւով նուիրուած էր իր աշխատանքին, մեղուաջան եւ առինքնող կրօնական առաջնորդ մըն էր։ Անոր մասին կան բազում վկայութիւններ։ Ուղենշային է հայերէնի թարգմանուած եւ Երեւանի «Անտարէս» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած՝ «Պապը, որ փորձեց փոխել եկեղեցին» խորագրեալ գիրքը, որու հեղինակն է ֆրանսացի լրագրող Ֆրետերիք Մոնէ։ Հատորի նախաբանին կայ ուշագրաւ հատուած մը, ուր լրագրողը մանրամասն ուսումասիրած է պապի գործն ու աշխատելաոճը։ Հեղինակը չէ բացառած, որ ան առողջական նահանջ մը ապրած եւ նոյնիսկ վախճանած կրնայ ըլլալ աշխատանքի բարդութեան պատճառով։
«Իրականութեան մէջ ոմանք կը համարեն, որ Ֆրանսիսքոսը Ա. Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Կորպաչովն է: Դիմագրաւելու համար այն հսկայական ճեղքուածքները, որոնք կը սպառնային վերէն վար քայքայել Կաթոլիկ եկեղեցւոյ աշխարհով մէկ տարածուած հսկայական կառոյցը (1.3 միլիառ հաւատացեալ, 80 հազար քահանայ, 5 հազար եպիսկոպոս)՝ Ֆրանսիսքոս Ա. ստիպուած պիտի ըլլար խոշոր ծաւալով վերականգնման աշխատանքներու ձեռնարկել (բարոյական ու բարոյագիտական, սեռական, ելմտական, վարչական), ինչ որ կրնար պարզապէս ներսէն պայթեցնել եկեղեցին։ Սա պատճառ կրնար դառնալ, որ ան վերածուի աշխարհի այն բազում փոքրիկ եկեղեցիներուն. ինչպէս՝ հարիւրաւոր բողոքական, ուղղափառ կամ անկլիքան եկեղեցիներու նման», նշուած է յառաջաբանին մէջ։
Ոմանք կը մտածէին, թէ Կաթոլիկ եկեղեցին ընդամէնը յաջողութեան հասած աղանդ մըն էր եւ այսպէսով պիտի վերադառնար իր սկզբնակունքին։ Յառաջաբանին մէջ այս կէտէն սկսեալ մատնանշուած է հետեւեալը.
«Ծերացած եւ ուժասպառ Ֆրանսիսքոս Ա., հաւանական է, որ ողբերգական ճակատագիր մը ունենայ կամ յանկարծամահ ըլլայ՝ անդուլ աշխատանքէ ուժասպառ։ Ան նոյնիսկ կրնայ իր մահկանացուն կնքել մարդասպանի մը ձեռքով. չէ՞ որ, հազարումէկ գաղտնի ուժեր զայրացուցած է, իսկ արիւնալի հաշուեյարդարները սովորական բան են Վատիկանի մէջ։ Եւ կամ, իր նախորդի օրինակով կրնայ հրաժարական տալ՝ տեսնելով, թէ անհնար է բարեփոխել քրիստոնէական վերջին եկեղեցին, որ տակաւին կը կառավարուի համաշխարհային մակարդակով»։
Ֆրանսիսքոս Ա.-ի վախճանումէն առաջ այս գրուածներէն անդին ու վերադառնալով այսօրուայ կացութեան՝ հիմնական հարցադրումը կը շարունակէ մնալ նոյնը։ Նորընտիր Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի շարունակէ՞ քալել իր նախորդի փշոտ ճանապարհէն կամ ան իրեն համար նախատեսած է բոլորովին այլ առաքելութիւն մը, որուն պիտի նուիրուի եւ այդ ճամբով ալ իր անունը ոսկէ տառերով պիտի արձանագրուի Վատիկանի տոմարներուն մէջ։
Ֆրանսացի լրագրողի խօսքով՝ հարցադրումը հռետորական չէ, որովհետեւ Վատիկանը, Կաթոլիկ եկեղեցին կենսունակ է, եռանդով լեցուն, կ՚ապրի ու կը տագնապի արդի մարդու ու քրիստոնեայի խնդիրներով։ Ան ամենամեծն է իր տարողութեամբ, ամենախոշորը իր տարածուն տուեալներով ու ամենակարեւորը՝ ամենաթափանցիկը բաղդատմամբ միւս բոլոր եկեղեցիներուն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան