ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Եշիլգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին նշեց թաղի Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դասու հիմնադրութեան 112-րդ տարեդարձը։ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօնի օրուան զուգադիպած արարողութիւններու ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ Հայրապետական մաղթանք։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան միացեալ կազմով՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի։ Եշիլգիւղցիներուն տարեդարձի օրով միանալ փափաքած էր Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբը։ Արդարեւ, Եշիլգիւղի ընտանիքը յուզումնախառն տրամադրութիւններու մէջ է՝ քանի թաղի վարժարանի տնօրէն Մելիքճան Զաման մահացած է անժամանակօրէն։
Ս. Պատարագին յաջորդած հոգեհանգստեան պաշտօնին վերյիշուեցան Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբի հանգուցեալ բոլոր երախտաւորները, ինչպէս նաեւ լուսահոգի Մելիքճան Զաման։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ հոգեճաշի սեղան մը՝ նոյնպէս Նորին Սրբազնութեան նախագահութեամբ։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց դպրաց դասու տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Կարապետ Հեմենկիւլ։ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանն ալ արտայայտուեցաւ՝ արժեւորելով տարեդարձի փուլը եւ գնահատելով դպրաց դասու անդամներուն նուիրումն ու հետեւողականութիւնը։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, Եշիլգիւղի ընտանիքի բոլոր յարակից մարմիններուն շնորհակալութիւն յայտնեց՝ դպրաց դասու հետ ծաւալուած համերաշխ համագործակցութեան համար։
Տարեդարձի հանդիսութիւններուն ներկայ էին նաեւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արա Էրոլ Չընար եւ գործակից ընկներները։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հուսկ բանքով եզրափակուեցաւ օրուան յայտագիրը։