ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱԺԵՇՏ
Գատըգիւղի ընտանիքը խանդավառ պայմաններու ներքեւ հրաժեշտ տուաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի 2024-2025 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն։ 11 շրջանաւարտներուն համար դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուեցաւ փայլուն հանդէս մը, որուն ներկայ էին Գատըգիւղի ընտանիքի վարիչները։
Յայտագրի տեւողութեան յանուն շրջանաւարտներուն հիւրերը ողջունեց Պուրակ Արալ Շամ։ Ծրագիրը այնպէս մը պատրաստուած էր, որ տղաքը հնարաւորութիւն ունեցան նաեւ արտայայտելու իրենց զգացումները ծնողներու նկատմամբ։ Բոլորի ելոյթներն ալ արժանացան ծափահարութիւններու։ Յանուն ծնողներուն խօսք առին՝ Գայիանէ Տինտար եւ Նաթալի Կիւլպէյ։
Հուսկ, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց, տղոց յանձնուեցան վկայականներն ու յուշանուէրները։
Հանդիսութեան յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ընթացաւարտները խանդավառութեամբ հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։