ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ «ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆ»
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2024-2025 կրթական շրջանի աւարտին տեղի ունեցաւ հայերէնի փառատօն մը, որ դարձած է աւանդական։ Հայերէնի առընթեր այլ առարկաներ ալ կ՚ընդգրկէ այս փառատօնին ծրագիրը։ Բազմակողմանի յայտագիրը ունէր նաեւ մարզական ու գեղարուեստական երեսակներ։ Վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ ուսուցչական կազմը գնահատանքով հետեւեցան աշակերտներու ելոյթներուն։
*
Ծ. Խ.- Դպրոցէն ուղարկուած հաղորդագրութեան խորագրին մէջ նշուած է, որ սա հայերէնի փառատօն մըն է։ Հաղորդագրութեան բովանդակութենէն յայտնի կը դառնայ, որ գիտական առարկաներ ալ ծրագրին մաս կազմած են, նաեւ «անգլերէնի օր» մը։ Հաղորդագրութեան մէջ անհասկնալի է, թէ մնացեալ առարկաներու վերաբերեալ ծրագիրներուն ժամանակ տղաքը ի՞նչ լեզուով խօսած են՝ հայերէ՞ն կամ ոչ։ Յամենայնդէպս, «անգլերէնի օր»ը դժուար թէ հայերէնով իրականացուած ըլլայ։ Ուրեմն, դպրոցէն հրապարակուած հաղորդագրութեան «Հայերէնի փառատօն» վերտառութիւնը կրնայ թիւր տպաւորութիւն ստեղծել։ Այս հակասութեան դատողութիւնը կը թողունք մեր ընթերցողներուն։