ՓԼԱԾ ՏՈՒՆԵՐ
Տարբեր էր մեր մանկութիւնը։ Լիովին կը հաւատամ, որ ճակատագիր մը չէր անիկա, այլ՝ կամովին ընտրութեան մը արդիւնք։
Ամէն ինչ հայութեան ու «հայկական»ի առանցքին շուրջ դարձաւ մեր մանկութեան ընթացքին։ Նշանակութիւն չունեցաւ, թէ ո՛ր երկրին մէջ ենք. այսպէս թէ այնպէս հոն ապրող միւս հայերը փնտռեցին մեր ծնողները, սուղ է, աժան է, կրնան, չեն կրնար, «ապահով» այդ տեղերուն մօտիկ տուներ առին անոնք. հայ դրացիներ ունեցանք մենք։ Մեր կեանքը, իրակա՛ն կեանքը, երեւցածին պէս՝ աղ, հաց ու կաթնապուր չկիսեցինք անոնց հետ։ Դուրսէն այլ ալ երեւին՝ իսկութեան մէջ նոյնորակ մտահոգութիւններն ու ցաւերը ապրեցանք ու ամենահարազատ եղանք անծանօթ այդ դրացիներուն հետ…
Մեր ծնողներուն համար ամենակարեւոր ու անփոփոխ ընտրութիւնը միշտ ալ հայկական դպրոցը եղաւ։ Համակարգչային գիտութիւններ, համացանցային հմտութիւններ չանցանք մենք հոն. տուեալ երկրի պաշտօնական լեզուով դասաւանդուող բոլոր նիւթերն ու անգլերէնը կարեւոր էին, այո՛, բայց միշտ հայերէն խօսեցանք, հայերէն մտածեցինք, հայերէն անուն-բոյս խաղացինք ու մէկս միւսին յուշատետրին մէջ հայերէն տողեր գրեցինք մենք։ Ոչ ոք կրնայ հերքել, որ մեր ծնողներուն, մեր դպրոցներու տնօրէններուն համար ամենակարեւորը հայերէնն էր, հայ ըլլալը, ինքզինքդ հայ զգալը, այդ ոգիով տոգորուիլը, մեզ հոս-հոն հասցնող պատմութիւնը գիտնալն ու շուրջի բոլոր օտար գործօններով հանդերձ հայ մնալը…
Պետութեան կողմէն արգիլուած էր, բայց հայոց պատմութեան դասեր առինք մենք։ Մաշտոցին, Կորիւնին եւ Ոսկեդարին մասին պատմող հարիւրաւոր թուղթեր կը բաժնէր հայերէնի մեր դասատուն։ Այդ թուղթերուն մէջի գիտելիքներուն տասնապատիկը համացանցին մէջ ըլլալով հանդերձ, զանոնք մինչեւ այսօր ո՛չ միայն պահած, այլեւ՝ Հալէպէն Գահիրէ բերած եմ։
Ասանկ կազմաւորուեցանք մենք։
Տարուան բոլոր տօները տօնեցինք, նոյն ըսուածը կրկնեցինք ու կրկնեցինք. Վարդանանց ու Սարդարապատի ճակատամարտերուն պատմութիւնները ամէն տարի լսեցինք, այդ օրուան ղեկավար զինուորականներուն ու հոգեւորականներուն միասնութեամբ դաստիարակուեցանք, անոնց միասնութեան կոչերով լեցուած ամուր հաւատքով տուն դարձանք մենք…
Դպրոցը չէր բաւեր աս բոլորին. ակումբ ալ գացինք, այս ու այն յանձնախումբերուն մէջ մտանք, գիրքի ցուցահանդէսներ կազմակերպեցինք՝ գիրքեր գնեցինք, «Հսկում» կազմակերպեցինք՝ մոմեր վառեցինք, «Ատանայի ողբը», «Կոմիտաս», «Իմ նոր հայրենիք» երգեցինք մենք… Այս յոբելեանը, այդ ամեակը, այս ողբերգութիւնը այդ թատերգութիւնը, Հայաստանէն եկած այս թատերախումբը, այդ դերասանը, այս երգիչը, այդ խմբավարը, այս երգչախումբը, այդ պարախումբը ըսելով-ըսելով անցան մեր դպրոցական տարիները…
Աւելին եղաւ անշուշտ. երկրաշարժ, օգնութիւն, դրամ, հագուստներու տոպրակներ, դռները չփակող միութիւններ, Ազնաւուր, տիպար հայութիւն եւ «Քեզ համար Հայաստան» երգեցինք։
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան մասին՝ Արամ Մանուկեանին ընթերցած Հայաստանի Հանրապետութեան գերագոյն խորհուրդի որոշումը ցուցադրող տեսերիզը դիտեցինք։ Ճի՛շդ է, այդ տարիներուն Հայաստանի մէջ ապրող հայերուն դիմադրած դժուարութիւնները չզգացինք, լոյս ու ելեկտրականութենէ չզրկուեցանք, բայց ընթերցման այդ պահուն ներկայ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին լեփլեցուն աչքերը տեսանք… Մենք ալ լացինք։
Սփիւռքի տղոց դիակներով չլեցուեցաւ Եռաբլուրը. ատ ալ ճիշդ է։ Անոնք թաղուեցան, մենք հոս-հոն «Արցախը մերն է» ըսինք, «Գէտաշէն» ու «Հայեր միացէ՛ք» երգեցինք, թելեթոններ ըրինք, միլիոններ հաւաքեցինք, ճամբաներ շինեցինք, Շուշի եւ Դադիվանք գացինք, հոնտեղի մանուկները մեզի գետինները թաղուած պատերազմի փամփուշտներէն տուին, հպարտօրէն նկարուեցանք ու տուն վերադարձանք մենք։
Հեռու տուներէն հայրենիք կը սիրուի՞։
Ի՞նչ ըսեմ. սխալ չէր ու չէ՛ ցայսօր հնչող այս վճիռը, բայց հեռուն տուն ունենալն ալ մե՛ր յանցանքը չէ եւ ահա այդ հեռո՜ւ հեռուէն հայրենիք մը սիրելը, սիրցնելը, հայ ըլլալն ու մնալն էր մեր ծնողներուն իրապէս դժուար ընտրութիւնը, որուն շատ ուշ գիտակցեցանք բոլորս։ Մեզմէ շատե՜ր հեռու տուները ձգելով մօտեցան, ուսանելու գացին, գործելու, ապրելու, բայց երգ ու ասմունքէ անդին՝ վերջապէս իրողութիւն դարձած այդ հայրենիքին մէջ, մեր ծնած ու մեծցած օտար ծննդավայրէն աւելի՛ դաժան օտարութիւն մը զգացինք, կտրուեցանք, տակնուվրայ եղանք ու հաւանաբար ներքուստ չընդունեցինք սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ եղած հակասութեան հասնող այդ ահռելի տարբերութիւնը։ Քիչ մը հոս, քիչ մը հոն, քիչ մը մեր շուրջը եւ յաճախ մեր մէջ նայելով եկանք հասանք այս օրեր…
Փառք արհեստագիտութեան՝ պատմութեան մէջ մեր ընթերցածները՝ թշնամին, սահմանը, զօրագունդը, հրամանատարը, զոհը, պարտութիւնը, յայտարարութիւնն ու պայմանագիրը իրականութեան մէջ տեսանք։ Մեզի ըսուածին ու իրօ՛ք եղածին մէջտեղը գամուած՝ մանկութենէն ի վեր մեր մէջ ուռող այդ փուչիկը պայթեցաւ։
Պայթող փուչիկներուն բեկորները չեն հաւաքուիր։
Այդպէս ալ եղաւ։
Չեմ հաւատար, որ 2020-էն առաջ ու վերջ ապրող հայը նոյն մարդը մնաց։
Կը յիշեմ եւ պիտի արձանագրեմ, որ երկար ամիսներու լռութենէ վերջ, շատերու պէս՝ մէջս չմարող լոյսի նշոյլով յուսահատութիւնս թօթափեցի, շարունակեցի, դպրոցի մանուկներուն այբուբեն սորվեցուցի, հոս-հոն տարտղնուած մեր անհաւաքելի մասերուն մասին գրեցի, վշտակիր մայրերուն, գետնին տակ անցած տղոց չկազմած հայ ընտանիքներուն, թանկօ պարող հաշմանդամ զինուորներուն, մեծցող Եռաբլուրին, փոքրացող հայրենիքին, անասելի մութեր քօղարկող պսպղուն լոյսերուն, նոր տղոց կեանքեր փրկելիք խաղաղութեան ու «Պետութեան» վերածուող մեր հայրենիքին մասին գրեցի։
Ծանր համարելով այս բոլորին ու աւելիին մասին գրեցի, բայց այսօրուան մասին չե՛մ կրնար գրել ես.
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին՝ Միածնաէջ մեր եկեղեցւոյ Հայրապետին ու հոգեւորականներուն ուղղուած արտայայտութիւնները, ատոնց տակ գրուած մարդոց մեկնաբանութիւնները չեմ կրնար մէջբերել, զանոնք չեմ կրնար քննադատել։ Այս կացութիւնը չեմ կրնար ընդունիլ ու ասկէ աւելի չեմ կրնար կտրուիլ ես։
«Մարդիկ ասում են Լեռնային Ղարաբաղն ենք կորցրել, բայց չեն ասում, որ Հայաստանն ենք գտել»։
Հայաստանի վարչապետին ահա՛ այս տողերը կը մէջբերեմ ու կը հարցնեմ ես.
Մեր գտա՞ծ, թէ՞ կորսնցուցած Հայաստանն է ասիկա…
Աւելի փլած տուներ չկան, որոնց սիրտս նմանի…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ