ՔԱՋԱԼԵՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նախընթաց օր Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը լայն արձագանգ ստեղծած է միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Համաշխարհային յառաջատար դերակատարները՝ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա անմիջապէս արձագանգած էին Փաշինեան-Ալիեւ բանակցութիւններուն, որոնց կապակցութեամբ Պրիւքսէլէն ալ հնչեցին դրական սպասումներ։ 

Ղեկավարներու շփման լոյսին տակ Եւրոմիութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը կը խը-րախուսէ՝ հնարաւորինս շուտ ստորագրել եւ վաւերացնել խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բանբերը՝ Անիթա Հիպեր այս կապակցութեամբ ըսաւ. «ԵՄ կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ յուլիսի 10-ին Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը։ ԵՄ վճռականօրէն կ՚աջակցի երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Ինչպէս նշուած էր աւելի առաջ, մենք կ՚ողջունենք խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագրի նախագծի շուրջ բանակցութիւններու աւարտը 2025 թուականի մարտին։ Սա կարեւոր քայլ է տարածաշրջանէն ներս երկարատեւ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հասնելու ուղղութեամբ»։

Հուսկ, Հիպեր ընդգծեց, որ ԵՄ կը խրախուսէ երկու կողմերը, որպէսզի հնարաւորինս շուտ ստորագրեն եւ վաւերացնեն խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծը։ Եւրոպական կողմը պատրաստ է տրամադրել յաւելեալ աջակցութիւն եւ փորձագիտական խորհրդատուութիւն, եթէ կողմերը այդ բանը խնդրեն։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսն ալ տեղեկացուց, որ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը կարելի է դիտարկել՝ որպէս Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ մարտ ամսին ձեռք բերուած խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան շուրջ համաձայնութեան ամրապնդման ուղղութեամբ քայլ մը։ Ընդհանուր քարտուղարի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք Ապու Տապիի տեսակցութեան լոյսին տակ նշեց, որ Անթոնիօ Կութերես շատ ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող դրական գործընթացներուն։

«Մենք կ՚ողջունենք այս երխօսութիւնը երկու երկիրներու միջեւ, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր լարուածութիւն կ՚ապրին։ Մենք կը յիշենք մարտ ամսին ձեռք բերուած խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ համաձայնութիւնը եւ սա կը համարենք շատ դրական զարգացում մը։ Այս հանդիպումը կարելի է դիտարկել՝ որպէս խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան շուրջ համաձայնութեան ամրապնդման ուղղութեամբ քայլ մը։ Ընդհանուր քարտուղարը շատ ուշադիր կը հետեւի այս գործընթացներուն», նշեց բանբեր Տիւժարիք։

Հարկ է նշել, որ Ապու Տապիի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած տեսակցութիւնը Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ առաջին շփումն էր՝ անցեալ մարտին ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան շուրջ գոյացած համաձայնութենէն վերջ։

Շաբաթ, Յուլիս 12, 2025