ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ

Գեր­մա­նա­կան Պի­լե­ֆելտ քա­ղա­քին մէջ բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ «1915-2015, հայ ճար­տա­րա­պե­տու­թիւն եւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սին՝ նուի­րուած Մեծ ե­ղեռ­նի 100-ա­մեա­կին։ Ցու­ցա­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պո­ւած է «Ֆոլքս­հոհ­շու­լէ» հաս­տա­տու­թեան կող­մէ՝ Հայ-գեր­մա­նա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին Պի­լե­ֆել­տի քա­ղա­քա­պետ Փիթ Քլաու­զէն, Գեր­մա­նիոյ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պէք­ճեան, Պեր­լի­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ա­շոտ Սմբա­տեան, հայ ու գեր­մա­նա­ցի բազ­մա­թիւ հիւ­րեր։

Միւս կող­մէ, Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը Պեր­լի­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ «Հա­յաս­տա­նի բնու­թեան գան­ձե­րը» գի­տա­կան ե­րե­կոյ­թին, զոր կազ­մա­կեր­պած էր Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւ­նը։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Բնա­պահ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ա­րա­մա­յիս Գրի­գո­րեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015