ԱԿՆԱՐԿ - 126 - ԱՏԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, ՔԷՆԸ ԵՒ ՍՈՒՏԸ

Եթէ ուզենք նկարագրել հայրենի կեանքին վերջին վեց-եօթ տարիները, ցաւօք ո՛չ դրական որակումներով կարելի պիտի ըլլայ նկարագրել զանոնք, այլ՝ այսօրուան մեր ակնարկին կրող խորագիրին բառերով՝ ատելութեան, քէնի, ստութեան, որճրագործութիւններու, սրբութիւններու ոտնակոխումի, թշնամութիւններու եւ կորուստներու տարիներ որպէս…:

Այսօրուան ակնարկին խորագիրին հեղինակը Ստեփան Շահպազն է, որ այդ վենագրով գրութիւն մը ունի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ, կիրակի, 17 սեպտեմբեր 1972 թուականին, էջ 3-4-ի վրայ: Շահպազ գրած է Աղեքսանդրիայէն։ Նկատի ունենալով հայրենի մեր երկրին ներկայի վիճակը՝ կը վերահրատարակենք այս գրութիւնը, որպէսզի ընթերցողները նկատեն, թէ ինչպիսին կ՚ըլլայ ատող, քէն պահող եւ ստախօս մարդը:

Կարդանք.

Ատելավառ, քինախնդիր մարդը շատ անգամ ինքզինք կը մատնէ, թէ իր այս զգացումը ուրիշին հանդէպ իր ունեցած ստորակայութեան բարդոյթէն ծնած է միայն:

***

Ատելութեան ու քէնի ստորոգելիներէն մին անպայման սուտին դիմելն է, կէտ նպատակին հասնելու համար իբր միջոց: Անհրաժեշտօրէն պէտք ունին սուտին աջակցութեան: Եւ այս մասին՝ առջեւ նետուած սուտը, պէտք է ճշմարտութեան երեւոյթ ալ ունենայ. այն ատեն, երեւակայութիւնը կը սկսի եւ յղանալ, գործել, արտադրել: Առանց սուտին՝ ատելութիւնը, քէնը չեն կրնար ապրիլ, գոյատեւել, եւ սուտը անընդհատ կրկնուելով՝ իր հեղինակին համար ալ իրականութիւնը, ճշմարտութիւնը կը դառնայ: Արդարեւ, ամենէն ցաւալին այն է, որ սուտը ապրելու համար նոր սուտերու պէտք ունի:

***

Ըսէ ինծի ո՛վ կ՚ատես, որ ես ալ ըսեմ քեզի թէ ո՛վ ես դուն:

***

Թարգմանաբար.

«Սխալելու բոլոր հաւանականութիւնները -բայց աւելի գէշը կայ դեռ- բոլոր հաւանականութիւնները անճաշակութեան, դիւրութեան, ստորնութեան, հետն են անոր, որ կ՚ատէ»:

Խոր միտք մը եւ բանաստեղծ Փոլ Վալէրի ճիշդ այսպէս հաւատացած է իր վերջին օրերուն մէջ:

Արդարեւ, ատելութենէ տարուած մարդը այլեւս ընտրութիւն պիտի չկատարէ իր ստորնութիւններուն մէջ իր մտադրութեան հասնելու կիրքէն զատ ուրիշ զգացում չունի: Արիւնին հոտը գիտէ: Ոչ մէկ ատեն կը վարանի: Եւ դիւրին կու գայ իրեն ատելութեամբ գործելը:

***

Անկասկած, ամէն երկինքի տակ ալ արդար գնահատանքը պակաս է, թերի է: 

Տգիտութիւնը, նախանձը, անհանդուրժողական մտածումը, ապերախտութիւնը, պզտիկ հոգիները, վարձատրելէ խուսափելու յետին միտքը, ճաշակի անվստահութիւնը, ստորակայութեան զգացումը՝ մանաւանդ, սակայն, այս բոլորէն մէկն իսկ բաւական պատճառ մը կրնայ ըլլալ չգնահատել տալու համար գործի մը լաւ ու օգտակար կերպով ծառայողը, մինչեւ անգամ բարեկամի մը աշխատանքը:

Բոլոր մեծ թէ պզտիկ ժողովուրդներու մէջ գոյոթիւն ունի, ուրեմն, այս թերին: Մարդուն բնութեան մաս կը կազմէ ան: Բայց, անշուշտ, ամէն մարդուն մէջը անպայման չկայ կամ քիչ չափով կայ: Ով չէ հանդիպած գնահատել գիտցող մարդոց ալ. այլապէս՝ կեանքը սեւ ու անկարելի պիտի ըլլար:

Ճանչցուած որպէս նախանձ՝ հայը դժուարաւ գնահատել գիտէ: Իր երկար պատմութեան հին թուականէն ի վեր: Դժուարահաճութիւնը չէ այս, սակայն: Չի գնահատեր:

Հայուն նախանձին առընչութեամբ հերքում փորձողները՝ կը հաւաստեն, թէ ուրիշ ժողովուրդներու մէջն ալ գոյութիւն ունի այս զգացումը: Առանց տարողութեան արդար չափը հոս խնդրոյ առարկայ ընել ուզելու պիտի ըսէի միայն ու իսկոյն, թէ բաղդատութեան պարագային միշտ նկատի ունենալու է այս մասին իրողութիւն մը, ըստ որուն, շատ բաներ «հարուստին կը ներեն, բայց ոչ՝ աղքատին»: Արդարեւ, հայերը իրարու շատ աւելի պէտք ունին, քան այլ մեզմէ շատ աւելի զօրաւոր ժողովուրդները: Եւ կը պատահի եւ յաճախ պատահած երեւոյթ է, որ նախանձէն տարուած, կամ գնահատելու «տառապանքէն» խուսափելու համար կը սկսին կասկածով եւ կը վերջացնեն սուտով, քսութեամբ:

Մինչ ուրիշ իրողութիւն մըն ալ կայ, ոչ նուազ յատկանշական -հայը կրնայ պաշտել ալ դիւրաւ: Նոյն բուռն կիրքովը: Երկու ծայրայեղութիւններն ալ կը ճանչնայ, նախանձը կամ պաշտումը:

Ստախօսներուն տեսակը մէկ չէ: 

Կայ ստախօս՝ շահու համար: Կան մարդիկ, որոնք սուտ խօսելու մէջ հաճոյք կը զգան՝ առանց ուրիշ ակնկալութեան: Նախանձէ տարուած սուտ խօսողն ալ դեռ կայ: Եւ գողերը անպայման ստախօս կ՚ըլլան: Անշուշտ, սնափառութեան համար ալ ստախօսներ կան:

Այս վերջինները թիւով շատ շատ են եւ մեծ ստախօսներու կարգին կը դասուին: Մեծապատիւներու դասին մէջ:

***

-Ո՞րն է այն ամենէն շատ խօսքը, զոր պիտի կրնայի ըսել մարդու մը դէմ, հարցուց մէկը իր բարեկամին:

-Բնաւ չխօսիլ իր մասին, պատասխանեց ան իսկոյն:

***

Քսուն կը խորհի, կը հաւատայ, թէ պիտի կրնայ իր ատելութեան շնորհիւ հաւասարիլ իր ատելութեան առարկայ եղող մարդուն, ուստի զայն պիտի չլքէ երբեք:

Կարելի չէ որեւէ բան կառուցանել ատելութեամբ, քինախնդրութեամբ, օգտակար ու գեղեցիկ շինարարութիւնը՝ սիրով կ՚ըլլայ:

***

Զրպարտութիւնները կերպով մը անգիր ամբաստանութիւններ են: Եւ անոնց հեղինակը առ հասարակ անծանօթ մը կը մնայ: Եւ յաճախ անոնք կը տարածուին հեղեղի պէս: Կարելի չէ իրենց պատասխանել, արժանի հերքումը տալ. անանուն են եւ ականջէ ականջ ըսուած: Ասկէ ալ կու գայ, անշուշտ, անոնց բուն չարութիւնը, վատութիւնը, ինչպէս նաեւ ուժը, վնասը, վտանգը: Տկարներուն միջոցները. զէնքը ըլլալով հանդերձ այդ զրպարտութիւնները:

Զրպարտիչները չեն փորձեր անգամ հրապարակով խօսիլ եւ կը վստահին մարդոց դիւրահաւանութեան վրայ:

Եւ գիտեն մանաւանդ եւ գիտեն վստահաբար, թէ պիտի չպատժուին: Կարելի չէ զիրենք բռնել, անանուն են:

Ընկերութիւն մը, հաւաքականութիւն մը, ժողովուրդ մը ինչքան վատ աստիճանի վրայ գտնուի զարգացումի եւ գիտակցութեան իմաստով, զրպարտութիւններն ալ այնքան անմիջական կերպով կը տարածուին: Քննութիւն կատարելու խղճմտանքը, անհրաժեշտ պարկեշտութիւնը՝ նախամարդուն, կէս զարգացած մարդուն ալ մտահոգութիւնը երբեք չեն կազմած: 

Ոեւէ մէկուն կերպարը կարելի է իսկոյն հասկնալ զրպարտութեանց հաւատալու իր տրամադրութենէն, կեցուածքէն:

Զրպարտութեանց առարկան եղողներէն աւելի, անոնց հաւատացողները վնասած են մեր ընկերութեան. որոշ մեղսակցութիւն մը կը գոյանայ իրենց միջեւ: 

Կայ հարցում մը, որ միշտ նեղած է ու անպատասխանի ալ ձգած զրպարտութիւն մը կրկնողը, հաղորդողը: Արդարեւ, երբ մէկը ձեզի հաղորդէ զրպարտութիւն մը, անմիջապէս հարցուցէք իրեն.

-Իսկ դուք, ի՞նչ կը խորհիք անձնապէս այս մասին: 

Վստահաբար, պիտի լռէ ան եւ նոյնիսկ պիտի կարմրի ալ, եթէ քիչ թէ շատ գիտակից է իր դերին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յուլիս 17, 2025