ՆՈՐ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերթական անգամ լաւատեսութիւն արտայայտեց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի ապագային համար։ Ան չի կասկածիր, թէ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատուին եւ ցամաքային սահմանը կը բացուի։
Վարչապետ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ վերջին հանդիպման, Իսթանպուլ այցին ժամանակ։ Ան նշեց, որ այդ հանդիպումէն ունի դրական տպաւորութիւններ։ «Բոլոր հարցերը քննարկուեցան՝ հաղորդակցութիւններու բացումէն մինչեւ Անիի պատմական կամուրջի վերականգնումը», ըսաւ ան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ըստ Փաշինեանի՝ հանդիպումը թէեւ յստակ արդիւնք չէ տուած, օրինակ՝ սահմանը չէ բացուած, բայց, գործընթացը պէտք է դիտարկել երկարաժամկէտ կտրուածքով։ «Այդպիսի բարդ ու խոր խնդիրները մէկ գործողութեամբ չեն լուծուիր։ Պէտք է վստահութիւն ստեղծել, նաեւ հնարաւորութիւններուն նախապատրաստուիլ։ Բայց ես չեմ կասկածիր, թէ այդ կէտին պիտի հասնինք՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի հաստատուին, սահմանը պիտի բացուի», նշեց վարչապետը։
Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Փաշինեան շեշտեց, որ Թուրքիոյ հետ բնականոն յարաբերութիւններու ձեւաւորումը կը բխի Հայաստանի անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ պետականութեան յարատեւութեան ռազմավարութենէն։
Տեղական մամուլին մէջ ալ արձագանգ գտած է Փաշինեանի խօսքերը, որոնց շարքին խոշորացոյցի տակ կ՚առնուի հետեւեալ բանաձեւումը. «Ի՞նչ ընենք, Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան չերթանք ու պատերազմի՞նք»։
Նիկոլ Փաշինեան ասուլիսի ընթացքին շեշտեց, որ Երեւան Պաքուի հետ խաղաղութեան ճանապարհին որեւէ տարբերակ բաց պիտի չթողու՝ ներառեալ նախագծի բովանդակութիւնը համաձայնեցուած ենթադրեալ պայմանագրի նախաստորագրումը։ Փաշինեան նշեց, որ Ապու Տապիի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ վարած վերջին բանակցութիւնները կրնան դրական արդիւնքներ ունենալ։
Այս ամբողջին մէջ ան խօսեցաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին շուրջ, ինչ որ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան օրակարգի առանցքային նիւթերէն մին է։ Վարչապետը նշեց, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին շուրջ այժմ հիմնականին մէջ կը քննարկուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ ներկայացուած առաջարկը։ Ծանօթ է, որ այստեղ խօսքը կը վերաբերի արտապատուիրակման։ Թէ ի՛նչ հիմքի վրայ Հայաստան պիտի քննարկէ այդ պարագան, վարչապետը երէկ հանդէս եկաւ մանրամասն խորհրդածութիւններով, որոնց մէջ կային նոր ազդանշաններ։ Վերլուծաբանները կը շեշտեն, որ Փաշինեանի խորհրդածութիւններուն մէջ մնացած են կարգ մը անպատասխան կէտեր՝ մանաւանդ փոխադարձութեան սկզբունքի պարագային հետեւողականութեան առումով։ Ան ընդգծեց, որ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շուրջ քննարկումներուն մէջ Հայաստան հարցը կը դնէ փոխադարձութեան տրամաբանութեամբ։
«Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային հեղինակութիւնը անշեղօրէն կ՚աճի», յայտնեց Փաշինեան՝ մինչ հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն մասնագէտներու դիտարկումներ, ըստ որոնց՝ Հարաւային Կովկասի ներկայ վիճակը առ այժմ ձեռնտու է Թուրքիոյ համար։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, Ուաշինկթընի արտապատուիրակման առաջարկի համար Երեւան թէեւ պաշտօնապէս կը հակազդէ, սակայն, կան նաեւ որոշ տեղեկութիւններ, թէ հայկական կողմը սկզբունքօրէն դէմ չէ ամերիկեան առաջարկին։ Վարչապետը համոզուած է, թէ Հայաստանի ժողովուրդը կ՚աջակցի իր կառավարութեան՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան հաստատման ռազմավարութեան։
Միւս կողմէ, Փաշինեան երէկ հերթական անգամ խօսեցաւ Հայաստանի եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) յարաբերութիւններու մասին։ Ծանօթ է, որ հայկական կողմը ներկայիս սառեցուցած է իր մասնակցութիւնը՝ Ռուսաստանի առաջնորդած այդ դաշինքին։ Ասուլիսի ընթացքին հարցումի մը պատասխանելով՝ վարչապետը դիտել տուաւ, որ շատ աւելի հաւանական է այդ դաշինքէն Հայաստանի դուրս գալը՝ քան մասնակցութեան ապասառեցումը։
Վարչապետը յիշեցուց, որ 2022 թուականի սեպտեմբերին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի բախումներու ժամանակ, նաեւ անոնց նախորդած շրջանին հայկական կողմը իր մտահոգութիւնը յայտնած է ՀԱՊԿ-ի գործընկերներուն, սակայն, իր դիմումէն վերջ շատ անսպասելի արձագանգ ստացած է։ «Հայաստանի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները փոխակերպման փուլի մէջ են», ըսաւ վարչապետը։