«ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂ ՄԱՐԴԸ ՉԵՄ, ՈՉ ԱԼ ԱՄԵՆԱՏԿԱՐՆ ԵՄ…» ՅՈՒՇԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐ ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԷՆ

Լոյս տեսած է քուէյթաբնակ գործիչ, հրապարակախօս Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեանի չորրորդ գիրքը, որ կու գայ ամբողջացնելու հարուստ կենսագրութեամբ եւ նշանակալի ճանապարհ անցած գործչին կեանքը՝ իր ծննդավայր Հալէպէն մինչեւ Քուէյթ, ուր աշխատանքի բերումով ապրած եւ աշխատած է Կիրակոս Գույումճեան։ Բայց եւ այնպէս, գիրքի բովանդակութիւնը չի սահմանափակուիր միայն ծննդավայրով եւ բնակած երկրով․ Գույումճեան գրած է բոլոր այն երկիրներուն, քաղաքներուն, մարդոց, դէպքերուն, իրադարձութիւններուն մասին, որոնք այս կամ այն կերպով մաս կազմած են իր կեանքին։

«Յուշագրական պատառիկներ» խորագրեալ գիրքին շնորհանդէսը շուտով տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, մինչ այդ, ԺԱՄԱՆԱԿ հարցազրոյց մը ունեցաւ Կիրակոս Գույումճեանին հետ, որ պատմեց գիրքը գրելու դրդապատճառներուն եւ այն բոլոր ապրումներուն մասին, որոնք կազմած են այս գիրքին առանցքը։ 

*

-Պարոն Գույումճեան, ի՞նչ բան մղեց ձեզ յուշագրութիւն գրելու եւ զայն հրատարակելու գիրքի մը ձեւով, որ այսօր արդէն ընթերցողին սեղանին է։

-Այս գիրքը գրելու նպատակը եւ մղիչ ազդակը այն եղաւ, որ կեանքիս վերջին հանգրուանին հասայ (բնական հանգրուան մըն է), տարիքս առած եմ, սիրտս պարպելու տրամադրութիւն մը կար եւ կային բաներ, որոնք տարիներու ընթացքին ուզած եմ ըսել, չեմ ըսած, ատոնք ալ ըսած եմ իմ ամէն ըսելիքիս մէջ եւ կարծես սիրտս պարպած եմ այս մէկ գիրքով՝ իմ ազգային եւ մարդկային մտածումներս ամփոփելով։ 

-Յուշագրութիւնը ընդհանրապէս տարածուած ժանր մըն է գրականութեան մէջ։ Կա՞ն յուշագրութիւններ, որոնք ձեզ տպաւորած են եւ առհասարակ որքանո՞վ հարազատ է ձեզի այդ ժանրը։

-Կեանքիս մէջ ես շատ գիրքեր կարդացած եմ, շատ գիրքեր ազդեցութիւն ձգած են իմ վրաս՝ կամայ թէ ակամայ։ Գիրք մը երբեմն ազդեցութիւն կը ձգէ, սակայն, անոր ազդեցութիւնը մէկ անգամէն կրնայ չզգացուիլ, բայց, ան կը մնայ քու մէջդ։ Սկսած համաշխարհային դասական գրողներէն՝ եւրոպական, ռուսական, արաբական, հայկական, բոլորն ալ այս կամ այն չափով սիրելի են ինծի։ Գրողներու յուշագրութիւններն ալ իրենց տեղը ունին, անոնք կը պատմեն մարդու անձնական ապրումներուն, զգացումներուն, մտորումներուն մասին, ցոյց կու տան կեանքի լաւ եւ վատ կողմերը։ Ես ալ փորձած եմ այդպէս ներկայացնել իմ կեանքս, անշուշտ, միշտ կարեւորելով դրականը, որ կրնայ ազդեցութիւն ձգել մէկ ուրիշին վրայ։ Եւ վերջապէս, այս գիրքը գրելու հիմնական նպատակը եղաւ պարզապէս տեղեկացնել ընթերցողը, որ կրնայ ինք եւս՝ անձնական մակարդակով, կեանքին մէջ նուաճումներ արձանագրել՝ եթէ ծրագրէ, մինչեւ ուշ գիշեր աշխատի, գրէ ու պատմէ, թէ ինչ բաներու հանդիպեցաւ իր ծրագիրներու իրականացման տարբեր փուլերուն ընթացքին։ Եւ ընդհանրապէս, կը կարծեմ, որ մարդը յուշագրութեան կը դիմէ նաեւ այն պատճառով, որ կը փափաքի յաւերժացնել իր աշխատանքն ու գործունէութիւնը, գրի առնել զանոնք, կամ պարզապէս բարի օրինակ ծառայեցնել իր յետնորդներուն ու շրջապատին։

-Դիւրի՞ն տրուեցաւ գիրքը։

-Երբեք դիւրին չէր, քանի որ իմ անցած ճանապարհը ակամայէն ուրիշ իրադարձութիւններու, դէպքերու, մարդոց հետ առընչուած է եւ ես պէտք է այդ ամէնը փնտռէի, դասաւորէի, ճշգրիտ ձեւով ներկայացնէի, որ նաեւ պատմական արժէք ունի։ Բաւական երկար ժամանակ առաւ, մօտաւորապէս երկու տարի տեւեց, սակայն, այդ փնտռտուքը որքան դժուար, նոյնքան հաճելի աշխատանք էր։ Եւ ընդհանրապէս, այս գիրքը գրելը իր դժուարութեամբ հանդերձ, ինծի հաճոյք պատճառեց արդէն իսկ շարադրելու ընթացքին, կը զգայի, որ սիրտս պարպելու այդ փափաքը մարմին կ՚առնէ։

-Գիրքին նախաբանին մէջ ալ գրած էք, որ 2023-ը ալեկոծ, բայց արդիւնաւէտ տարի մըն էր եւ այդ ժամանակ սկսաք գիրքը գրելու։ Կը ներկայացնէ՞ք ընթերցողներուն, թէ ինչպիսի՞ տարի էր 2023-ը։

-2023 տարին՝ ալեկոծ ըլլալով հանդերձ, ինծի համար բարեբեր նորութիւններով լի տարի մըն էր։ Տարուան ընթացքին ներդրումս բերի թէ՛ մամուլին եւ թէ գրական անդաստանին, հրատարակելով տնտեսութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցող մետաղին՝ երկաթին, անոր պատմութեան, զարգացման եւ այժմէական օգտագործման մասին վաւերագրական գիրք մը։

Տարին յագեցած էր նաեւ պարգեւատրումներով եւ պաշտօնական հանդիպումներով, որոնց ընթացքին ամէն ջանք թափեցի, ներդրումս բերելու թէ՛ ազգային կեանքին, թէ՛ Քուէյթի ու Հալէպի հայ աշակերտներու քաջալերանքին ու յառաջընթացին՝ իմ հիմնած «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակին նիւթական պարգեւներով։ Այդ ժամանակ ալ կարեւոր համարեցի գրի առնել յուշերս, ո՛չ միայն մէկտեղելու տարուան անցուդարձերը, այլեւ ընթերցողը ծանօթացնելու Հալէպէն Քուէյթ ծաւալող աշխատանքի դաշտիս եւ մշակած յարաբերութիւններուս։ Երբեմն որոշ մտահոգութիւններ լուսարձակի տակ առնելով եւ անոնց յաղթահարման համար գործնական լուծումներ առաջարկելով, որպէսզի գէթ դրական մօտեցումներով գօտեպնդեմ եւ երբեմն յորդորեմ նոր սերունդը՝ աշխատանքի ու ծառայութեան ոլորտներուն մէջ անվարան ընթանալու ու պայծառ ապագայ կերտելու։ Վերջապէս շատ գոհ եմ, որ այս գիրքը ըրի։ 

-Պարոն Գույումճեան, գո՞հ էք ձեր ապրած կեանքէն։ Ի՞նչ հասկցաք ձեր անցած տարիներէն, որոնք ձեր իսկական հարստութիւնն են։

-Անկասկած, մարդ պէտք է հաշտ ըլլայ իր ծնունդին, էութեան, ինքնութեան հետ։ Ես գոհ եմ, որ աշխարհի բոլոր կենդանի, շնչող էակներուն մէջ մարդ ծնած եմ եւ մարդկութեան մաս կը կազմեմ։ Ատիկա նախեւառաջ ընդունած եմ։ Գոհ եմ նաեւ, որ տղամարդ ծնած եմ եւ ոչ՝ կին։ Գոհ եմ, որ ապրած եմ այնպիսի տեղ մը, ուր սովորաբար կեանքին հետ հաշտ մարդիկ եղած են՝ իրենց կեանքով մօտիկ իմ ապրած կեանքիս, ոմանք՝ քիչ մը աւելի լաւ, ոմանք՝ քիչ մը աւելի վատ կեանք ունենալով։ Եւ վերջապէս գոհ եմ իմ ունեցած կարողութիւններէն․ անշուշտ, ամենակարող մարդ չեմ, ոչ ալ ամենատկարն եմ։

Առողջութիւնս ալ, փառք Աստուծոյ, լաւ եղած է տարիներու ընթացքին։ Հիմա է, որ տարիքի հետ որոշ բաներ յայտնուած են, բայց ատոնք քիչ են եւ բնականաբար կը համապատասխանեն իմ տարիքիս։

Ընտանիքս ալ հպարտանալու առիթ է ինծի։ Լաւ ընտանիք մը ունիմ՝ լաւ կին, երկու մանչ, երկու դուստր։ Զաւակներու նման հաւասար թիւը կը կարծեմ երազանք է ամէն ծնողի համար, նաեւ բախտաւորութիւն։

Իմ կեանքիս ընթացքին ունեցած կարողութիւններէս ու առաւելութիւններէս հպարտութիւն է նաեւ գրելու փափաքս եւ շնորհքս, ինչ որ ամէն մարդ չունի։ Գրելով արտայայտուիլս մարդիկ գնահատած են՝ հաւանաբար որովհետեւ իմ խօսքերս իրենց սիրտին ալ խօսած են։ Ատիկա իր հերթին ուրախութիւն պատճառած է ինծի։ Զիս դարձուցած է քիչ մը հպարտ, քիչ մը տարբեր զգացող մարդ, որ ամբողջացուցած է իմ կերպարս։

Գործս ալ յաջող եղած է. մէկ կողմէ հանգստութիւն տուած է ինծի, բայց, այդ յաջողութեան հասնելու համար մեծ ջանքեր թափած եմ։ Ատիկա ինքնին դժուարութիւն է, բայց, բնականաբար ընդունած եմ՝ հաւատալով, որ լաւ բանի համար շատ պիտի յոգնիս։

Եւ վերջապէս, պիտի նշեմ իմ հայ ըլլալս, որուն համար նոյնպէս գոհ եմ։ Ես հայ ծնած եմ եւ ատիկա մեծ դեր ունի իմ կեանքիս մէջ։ Ատիկա գիրքիս մէջ ալ ամէն տեղ կ՚երեւի։ Ազգիս համար կատարած զոհողութիւններս ինծի հաճոյք պատճառած են եւ սիրով կատարած եմ։

Այս ասպարէզին մէջ միշտ հաւատացած եմ, որ չի կրնար պատուաւոր մարդ մը, դիրքի հասած անձնաւորութիւն մը, որոշ կարողութիւններ ունեցող մէկը իր ազգին չծառայէ, թերանայ իր բաժին պարտականութեան մէջ։ Կրնաս հարուստ ըլլալ, կրնաս բարձունքներու հասնիլ, բայց, եթէ ազգային շահի մօտէն անտարբեր անցնիս՝ ունեցածդ ոչ մէկ իմաստ ունի։

Ես նաեւ ա՛յդ պատճառով ուզեցի այս գիրքը գրել, որպէսզի ուրիշներն ալ անդրադառնան, իրենց ըրածները եւ չըրածները տեսնեն, փորձեն լրացնել պակասները։ Գիրքին մէջ զանազան տեղեր կտրուկ շեշտեր դրած եմ, որպէսզի խօսքս տեղ հասնի, անդրադառնան ու փոխուին։

-Դուք կը հաւատաք ճակատագրի՞ն, թէ՞ կը հաւատաք մարդու կարողութիւններուն, զորս իր հետ ծնած են եւ տարիներու ընթացքին ինք ալ յղկած է զանոնք։

-Չեմ կրնար ըսել, թէ ճակատագիրը ընդհանրապէս դեր չէ ունեցած։ Իմ կեանքիս գլխաւոր անցուդարձը միշտ ճակատագրին հետ կապուած է։ Բայց մարդկային կարողութիւններն ալ չեմ թերագնահեր եւ այս պարագայիս իմ ճակատագիրս իմ կարողութիւններուս հետ միացուցած եմ եւ կրցած եմ առաջ ընթանալ, բայց երբեմն ալ՝ պարտուիլ։ Երկուքն ալ իրենց տեղը ունին։

-Ձեր կեանքին մէջ ի՞նչ մարդիկ ազդեցութիւն ունեցած են ձեր վրայ, լաւ իմաստով։ Եղա՞ծ են այդպիսի մարդիկ։

-Անկասկած եղած են։ Բոլոր մարդիկ, եթէ դրական եղած են, իմ վրաս անպայման ազդեցութիւն ունեցած են։ Եւ ընդհանրապէս բարի, լաւ, դրական երեւոյթներն ալ իրենց կարգին ազդած են։ Գիրքիս մէջ խօսած եմ այդպիսի մարդոց մասին. Օրինակ՝ յօդուած մը կայ՝ «Ուսուցիչս՝ պարոն Բատոյեան»։ Պարոն Եդուարդ Բատոյեանն է ան, որ ինծի ազգային ներշնչումի պատճառ եղած է, իր խօսքերը, իր ցուցմունքները, մեզ առաջնորդելը այն ատեն խթան եղած են, որպէսզի ես ազգային շատ մը զգացումներ ամբարեմ եւ ժամանակի ընթացքին գործածեմ։ Եւ անշուշտ, գրողներ ալ (ինչպէս՝ Պալզաք, Ալեքսանտր Տիւմա եւ այլն), մտաւորականներ ալ, յաջողած մարդիկ ալ իրենց ազդեցութիւնը ձգած են։ 

-Պարոն Գույումճեան, դուք բարութեան, համբերատարութեան, համակերպումի, նուիրումի եւ շատ մը դրական զգացումներու եւ զգացողութիւններու մասին կը խօսիք, բայց մենք կը տեսնենք, որ այսօրուայ աշխարհը կարծես այդ չէ՝ չարութիւնը, թշնամութիւնը եւ այլ բացասական երեւոյթներ շատցած են։ Տեսակ մը հակադրութիւն չէ՞ք տեսներ։ 

-Այդպէս կը թուի, թէ բացասականը շատցած է։ Պատմութեան ընթացքին ատոնք միշտ ալ եղած են եւ ամէն ժամանակաշրջանի մտաւորականներ իրենց ժամանակին միշտ ըսած են, թէ մարդկութիւնը կը փոխուի, դէպի վատը կ՚ընթանայ, պատերազմները կը շատնան եւ այլն։ Բայց եթէ նայիք մարդկութեան պատմութեան, ատոնք միշտ ալ եղած են, պատմութիւնը պատերազմներու պակաս չէ ունեցած։ Նոյնը պարզ օրինակով մը ըսեմ՝ մենք մեր զաւակներուն նայելով անոնք տարբեր կը տեսնենք մեր երիտասարդութենէն, բայց չմոռնանք, որ մեր ծնողքն ալ ժամանակին մե՛ր մասին կ՚ըսէին, թէ չար ենք, կ՚ընէինք բաներ, որոնք չէին ուզեր, որ մենք ընենք։ Ասիկա յաւերժական պայքար մըն է։

Հիմա թուային դարաշրջանի ծանր դարձուածք է։ Աշխարհը կը փոխուի եւ համակարգչային, թուային աշխարհ կը ստեղծուի։ Բայց ասիկա չենք կրնար գնահատել իբրեւ լաւ կամ վատ, ասիկա պիտի ըլլայ, բնականոն փոփոխութիւն մըն է, որուն դէմ բան մը չենք կրնար ընել, անիմաստ է ատիկա կասեցնելը, ատիկա պիտի ըլլայ, մեզի կը մնայ համակերպիլ եւ գէշ ազդեցութիւնները թեթեւցնելով ատկէ քաղել օգտակարը։ 

-Իսկ ի՞նչ կը կարծէք, կարո՞ղ է հայութիւնը դուրս գալ ներկայ ճգնաժամէն։

-Ներկայ ճգնաժամը առայժմ նոյն ձեւով կը շարունակուի, սակայն, միշտ յոյս ունիմ, որ սյա ալ հանգրուան մըն է եւ նոր հանգրուանէն պիտի սկսինք։ Այս վատը ետին պիտի ձգենք, պիտի շտկենք եւ սրբագրենք մեր սխալները։

Պատուաւոր մեր դիրքը կը վերականգնենք։ Պէտք չէ դադրինք լաւատես ըլլալէ եւ միշտ սպասենք լաւ բաներու, որոնք տակաւին պիտի գան։

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ

Գիրք ընթերցելը, գրականութիւնը ե՛ւ սիրելի, ե՛ւ հաճելի զբաղումներս են։ Անոնք կը գերազանցեն գործէս դուրս որեւէ այլ զբաղում։

Հալէպ, պատանեկութեանս օրերուն, երբ հազիւ 16 տարեկան էի, Թիլէլի Հոգետան «Տիգրիս» գրադարանէն գիրքեր վարձելով, յափշտակութեամբ կ՚ընթերցէի աշխարհի ամենափայլուն եւ ամենահռչակաւոր եւրոպացի կամ ռուս մտաւորականներու, վիպագիրներու, ինչպէս նաեւ հայ գրողներու գործերը։ Գիրքերը նոր աշխարհներ կը բանային դիմացս։

15-18 տարեկան էի հազիւ ու արդէն կարդացած էի Մալխասի «Զարթօնք»ին երկու հատորները, Րաֆֆիի «Խենթը», Աւետիս Ահարոնեանի գործերը եւ խորապէս տպաւորուած էի անոնց հերոսներուն հայրենասիրական ապրումներով ու պայքարելու ոգիով։ Այսպիսով, ըմբոշխնելով զանազան հայ գրողներու գործերը, կը թափառէի հայ գրականութեան անդաստանէն ներս՝ հարստացնելով հոգեւոր եւ մտաւոր ներաշխարհս։

Հետաքրքրութեամբ ընթերցած եմ նաեւ եւրոպացի գրողներու հայերէնի թարգմանուած վէպեր, ինչպէս՝ Պալզաքի, Ժան Ժագ Ռուսոյի, Ալեքսանտր Տումայի, Փաուլօ Քոէլոյի, Սերվանդէսի, Քաֆքայի, Մաքյավելլիի, Ալպերթ Կի Տը Մոփասանի եւ ռուս այլ գրողներու վէպեր։ Պեղած եմ նաեւ Լէօ Թոլսթոյի, Տոսթոյեւսկիի եւ այլ ոչ-հանրածանօթ, օտար գրողներու ներաշխարհները ու դարձեալ կլանուած անոնց արծարծած նիւթերով, պատմողական գրաւիչ ոճով եւ ընթերցողին վրայ թողած յատուկ դրոշմով։

Զիս հետաքրքրած են նաեւ արաբական գրականութիւնն ու արաբ գրողները, որոնք շատ բարձրորակ գրական գործեր արտաբերած են. ինչպէս՝ Ապու Լալա Մահարին, որ ներշնչած է մեր մեծ վարպետ Աւետիք Իսահակեանը, ապա՝ Ճպրան Խալիլ Ճպրանը եւ Միխայէլ Նաաիման։ Որքան տպաւորուած եմ Օմար Խայամի արաբերէն քառեակներով, որոնք հայերէնի թարգմանուած են Արամ Չարըգի կողմէ։ Իսկ կարելի՞ էր արաբ գրականութեան անդաստան մտնել ու չընթերցել Նաճիպ Մահֆուզի (Նոպելեան մրցանակակիր) հրաշալի գործերը, բանաստեղծական տողերը արաբ տիտաններու, ինչպէս՝ մեծահամբաւ Նիզար Քապանիի, ալ-Մութանապիի եւ այլոց։

Չկայ գրական հրատարակութիւն մը, օրաթերթ մը, գիրք մը կամ հաստափոր հատոր մը, որ իր մէջ չպարփակէ ընթերցողին համար օգտակար նախադասութիւններ, գաղափարներ, որոնք կը մղեն նոր բան մը սորվելու, միտքը հարստացնելու, զուարճանալու կամ գէթ ժամանակը արժեւորելու։

Հաւանաբար գիրքերը առհասարակ, ուղղակի դաստիարակիչ բովանդակութիւն չունին իրենց մէջ, այլ հաճելի ժամանց պարգեւելով անուղղակի պատգամներ բովանդակող գանձեր են։ Ընթերցողը եթէ փափաքի օգտաշատ գիրքերու շարք մը ընթերցել, մտքի եւ հոգիի սնուցման ճամբան պիտի բռնէ, պիտի սկսի քաղել զարգացման բերքը ու անով իսկ հարստացնել սեփական ներաշխարհը։ Գիրքը ընթերցողի միտքին հորիզոնը կ՚ընդլայնէ, հոգին կը կոփէ եւ կը կրթէ զինք, մանաւանդ ընկերային կամ պատմական գիրքերը, որոնց հերոսներուն տիպարները կը դրոշմուին ընթերցողին յիշողութեան մէջ։ Ընթերցողը անպայման կ՚ազդուի անոնցմէ եւ իր նկարագրին մէջ բան մը կը փոխուի. ան հերոսը օրինակ վերցնելու ճիգ մը կը թափէ՝ ժամանակի ընթացքին հերոսի տիպարէն որոշ արժէքներ վերցնելով, նոյնիսկ անգիտակցաբար կրկնելով գիրքի մը հերոսին դրական վերաբերմունքը։

Ընթերցասէր մարդիկ կարծէք թէ բարձրագոյն ուսման եւ վկայականի տիրացած ըլլան, որովհետեւ իրենց մտքին մէջ գիտելիքներու հարուստ շտեմարան մը կ՚ունենան եւ զայն կ՚օգտագործեն առանց անդրադառնալու կամ գիտակցելու անգամ։ Այսպիսի զարգացում կ՚ապրին յատկապէս խորունկ, փիլիսոփայական գիրքեր կարդացող մարդիկ, ընթերցելով զոր օրինակ՝ Օնորէ տը Պալզաքի «Մարդկային կատակերգութիւն»ը, որ ծաւալուն իր ծալքերուն մէջ կը պարփակէ մարդկային զգացումներու ամենաբարձր յուզումները։ Ընթերցողը յափշտակութեամբ կը կարդայ գիրքը եւ կը փակէ զայն՝ մեծապէս ազդուած հեղինակին մտքերէն ու գիրքին աւարտը նշող խորհրդածութենէն։ Այլ օրինակով մը՝ Ալեքսանտր Տումայի «Կոմս Մոնթէ Քրիսթօ» վէպը կարդացողը այնքան հետաքրքրական անցուդարձերու կը հանդիպի հատորի իւրաքանչիւր էջին մէջ, որ ինքն ալ իր կարգին Մոնթէ Քրիսթօ մը ըլլալ կը փափաքի։ Գիրքին սկիզբը, զուլումի ենթարկուող հերոսին կերպարին մէջ մտնելով, կը հանդիպի անոր հակառակորդներուն, իսկ գիրքի վերջաւորութեան կը վերապրի վրէժխընդրութեան յաղթանակը։

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, սիրելի՛ մայրս։ Քեզ յիշեցի այս տողերը գրած պահուս։ Երբ 15-19 տարեկան հասակիս գիշերը մինչեւ ուշ ժամեր ննջասենեակիս լոյսը բաց պահելով գիրք կը կարդայի, զիս երկու-երեք անգամ զգուշացնելով կը թելադրէիր լոյսը մարել ու քնանալ, չէի հնազանդեր, որովհետեւ Մալխասի «Զարթօնք» վէպին մէջ խորապէս մխրճուած կ՚ըլլայի ու հերոսներուն՝ Լեւոնի եւ Սոնիայի կերպարներու յանդուգն արարքները, արկածախնդրութիւնները թոյլ չէին տար գիրքը մէկ կողմ դնել, մինչեւ որ գայիր ու առնելով զայն ձեռքէս մէկ կողմ դնէիր ու լոյսը մարելով հեռանայիր։ Չէի մեղադրեր քեզ, որովհետեւ գիտէի, որ լոյսը բաց ձգելով երկար ժամեր ընտանիքիս անդամները կը խանգարէի, գիտէի՝ մանաւանդ, որ դուն ալ ընթերցասէր ու իմաստալից գրութիւններ պահող մայր մըն էիր, սակայն միեւնոյն ատեն տան կարգ-կանոնը պահել կ՚ուզէիր։

Այս առընչութեամբ դէպք մը յաճախ կը յիշեմ ու այստեղ արձանագրել կ՚ուզեմ: Զինուորական պարտադիր ծառայութեանս օրերուն, մենք՝ զինուորներս, յետմիջօրէին ազատ ժամ կ՚ունենայինք մինչեւ ընթրիք: Մեծամասնութիւնը ազատ ժամերը կա՛մ պատկերասփիւռ դիտելով կ՚անցընէր, կա՛մ քնանալով, կա՛մ բանակատեղիին սրահը շատախօսելով, կամ ալ գնդակ խաղալով: 300 հոգիի մէջ միակ հայ ընկերս՝ Լեւոնը, որուն հետ այնքան յիշատակելի օրեր ապրեր ենք (ներկայիս հանգուցեալ, թող հոգին լոյսերու մէջ հանգչի), անհամբեր կը սպասէր, որ միասին բանով մը զբաղէինք: Սակայն իմ հետաքրքրութիւնը բոլորովին այլ էր: Մեծագոյն հաճոյքս գիրք ընթերցելն էր: Ընկերս յաճախ կը տրտնջար իրեն ժամանակ չտրամադրելուս եւ գիրքերու աշխարհին մէջ խորասուզուելուս համար: Ան զարմանալով հարց կու տար. «Ծօ՛, ի՞նչ կայ աս գիրքին մէջ, մայրն անիծածս, որ գլուխդ չես բարձրացներ ու սուզուեր ես անոր մէջ, նկար մ՚իսկ չունի որ դիտես»:

Այդ պահուն, կը յիշեմ, «Մարդկային կատակերգութիւն»ը կը կարդայի, որ հաստափոր գիրք մըն էր, անհրապոյր տեսքով, պարզապէս ներքին կողքին վրայ հեղինակին՝ Օնորէ տը Պալզաքի, սեւ-ճերմակ նկարը կար:

Այս բաժինը աւարտելով կ՚ուզեմ ըսել, որ գիրքը ընթերցողին դիմաց կը բանայ հետաքրքրական անձնաւորութիւններու ողջ ներաշխարհը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 17, 2025