Հայերէնի Վերականգնումը «Հայաստան-Սփիւռքներ»ու Ազգային Իրաւ Ինքնութեան Նուաճման Խնդիրն Է
Բարեմիտ չըլլանք: Մեր հայրենիքը եւ ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ենթակայ եղած են, եւ են, անդադրում նախայարձակումներու, որոնք միայն զինուորական չեն:
Ճիշդ է, սահմանին վրայ ատրպէճանական նախայարձակումներ կան: Այդ մասին կը խօսինք, պէտք է խօսիլ, ուժերը պէտք է լարել: Բայց մեր ինքնութեան դէմ նախայարձակումներ եղած են եւ կան, տիրող ուժերու կողմէ, նաեւ մեր անպատասխանատուութեամբ, ազգային հեռանկարի պակասով, նոյնքան աւերող, մեր ինքնութեան հիմերը խախտող:
Երբեմն նիզակ պէտք է ճօճենք մենք մեզի դէմ:
ԱԶԳԻ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Նախ թող ներուի ըսել, որ հայրեիքի տիրութիւնը եւ սահմանի պաշտպանութիւնը միայն արցախցիին եւ հայաստանցիին պատասխանատուութիւնը չէ: Ազգային միասնութիւն կը ստեղծենք այն օրը, երբ սփիւռքները ներկայութիւն կ՚ըլլան սահմաններուն վրայ, երբ հայը չ՚արտագաղթեր զինուորական ծառայութենէ խուսափելու համար, հայը կը դադրի սոսկ զբօսաշրջիկ կամ բարեսէր հայրենասէր ըլլալէ: Իրաւ հայրենասիրութիւնը հազուադէպ պարագաներու երեւան եկած է, օրինակ՝ Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին, երբ կամաւորական խումբեր ստեղծուեցան, նաեւ հայկական Լէգէոնը՝ դաշնակիցներու կողքին: Հայեր Ամերիկայէն վերադարձան ժողովուրդ եւ հայրենիք պաշտպանելու համար: Արցախեան ազատամարտին մասնակցեցան սփիւռքէն հաւատաւոր երիտասարդներ, բայց այդ շարժումը խիստ մասնակի էր, զանգուածային բնոյթ չունեցաւ:
Հայրենիքը զբօսաշրջութիւն, խրախճանք, երգ, պար, ճառ եւ յուզող-յուզիչ ժապաւէն չէ: Ան կը բնորոշուի հիմնական ստորոգելիներով, որոնց մասին չենք խօսիր, մարդորսական (prosélytisme) եւ շահախնդրական-դիրքապաշտական ցածորակ պատճառներով: Այս հիմնական ստորոգելիներու գծով լռութիւնը դաւ է ազգի տոկալու, տեւելու եւ ինքնիրականացման ճամբուն վրայ:
Մասնաւորաբար «սփիւռքներ»ը աւերը վարագուրելու համար կը խօսին զոհողութեան, զգացումով հայ ըլլալու եւ հայը ճանչնալ-ճանչցնելու մասին, յաճախ մոռնալով, որ ազգային լեզուն գոյատեւման եւ ինքնութեան հիմնական եւ հիմնարար ազդակ է, առանց որուն հայրենիք եւ ազգ կ՚ըլլան տարբեր, այսինքն կ՚այլասերին: Երբ ազգային լեզուն կը փոխարինուի տարբեր լեզուներով, ըմբռնումներ եւ արժէքներ չեն ժառանգուիր, «կ՚ըլլայ նոր սկիզբ, բայց ոչ նախկինի շարունակութիւն»: Ժամանակ մըն ալ կը խօսուի «ծագումով հայ» ըլլալու մասին… Նորոյթ է այսպէս խօսիլ եւ կարծել քաղաքականութիւն խաղալ:
Երբեմն պէտք է յիշել կաթողիկէ ծիրանաւորին (կարտինալ) խօսքը, երբ դիտած է վանդակի մէջ եղած է կապիկը եւ ըսած. «Խօսի՛ր եւ քեզ մկրտեմ» (in Georges Gusdorf, Mémoire et Personne»: Այս էական խնդրի մասին խօսուած է զանազան ձեւերով, առանց միաժամանակ շեշտելու լեզուի ինքնութեան եւ որակի հարցը:
Արդարօրէն, բնականօրէն, սկզբունքային կեցուածքով, Սահմանադրութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուն հայերէնն է: Ինչպիսի օրէնքով կրնա՞նք յայտարարել, որ հայկական սփիւռքի լեզուն հայերէնն է: Սփիւռքը պետութիւն չէ, ոչ մէկ գերիշխանութիւն ունի, որ կարենայ յայտարարել, թէ հայկական սփիւռքներու ազգային լեզուն հայերէնն է:
Այս անբնական կացութիւնը կը շեշտուի նաեւ պատմութենէն ժառանգուած անհեթեթ դրոշմ ունեցող զոյգ աշխարհաբարներու գոյութեամբ, որուն վրայ բարդեցինք զոյգ ուղղագրութիւն ունենալու մերօրեայ անհեթեթութիւնը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԻԱՑՄԱՆ ԱԶԴԱԿ
Մեր ազգային միութիւնը պիտի կերտուի երբ ազգային լեզուի տարբերութեամբ յառաջած հեռաւորութիւնները վերանան: Յաջողինք վերացնել:
Այս ազգային հեռանկարը իրականցնելու համար,- եթէ դեռ անոր հաւատացողներ եւ զայն հետապնդողներ կան,- ռազմավարական իր իսկական իմաստը պէտք է տալ լեզուին, որ ազգի շէնքը կրող ամուր պատը պէտք է ըլլայ, ըլլար: Իսկ պարզ է որ ճեղքուած եւ ասդիէն-անդիէն փլած-փլփլած պատերը շէնքը չեն կրնար կրել: Այդպէս է այսօր հայերէնը, տեղ մը շատ, տեղ մը նուազ:
Այլ խօսքով, աղաղաղուած եւ ձեւազեղծուած լեզուով ազգ չի պահուիր, ազգը կ՚այլասերի: Այս այլսերման նշումը ո՛չ բարոյախօսութիւն է ո՛չ ալ ճառ: Պէտք է մտածել հարիւր կամ երկու հարիւր տարի ետք գալիքի մասին:
Ի՞նչ է պատկերը այսօր, Հայաստան եւ սփիւռքներ: Հարցումին պէտք է պատասխանել առանց հաճոյախօսութեան եւ առանց մարդորսական ճապկումներու, կամ հետեւելու ոչինչ նշանակող «եղածը փրկել»ու միտող սրճարանային (չ)իմաստութեան, որ անհեռանկար դիրքապաշտութեան կը ծառայէ: Աւաղել ոչ մէկ բանի օգտակար է:
Ի՞նչ պէտք է ընել:
Այս հարցումին տրուած պատասխանով պէտք է չափել ամէն տեսակի ղեկավարութիւնները, անոնք ըլլան քաղաքական, մշակութային, կրթական հաստատութիւններու, բարեսիրական, մարզական, թատերական, մամուլի, լրատուամիջոցներու:
Կարգ մը խօսակիցներ Հայաստան ըսին, թէ լեզուն «սոցիալական երեւոյթ» է եւ «կը յառաջդիմէ»: Այս երկու յղացքներով կը բացատրուի լեզուի անմխիթար վիճակը, Հայաստան եւ սփիւռքներ: Ինչպէ՞ս հասկնալ «սոցիալական»ը՝ ազգին բաղդատած, ինչպէ՞ս սահմանել «կը յառաջդիմէ»ն, ո՛ւրկէ մեկնելով ո՛ւր հասնելու համար:
Արեւելահայերէնը, ցաւով պէտք է ըսել, սովետահայերէն դարձած է, զինք գրաւման ենթարկած օտար բառերով անհատնում կուտակումով, օտարաբանութիւններով, ներածուած շարահիւսութիւններով, երէկ ռուսերէն եւ թրքերէն (բարբառներէն փոխադրուած գրական լեզուին մէջ), այսօր ամերիկերէն եւ ֆրանսերէն: Սփիւռքներու պարագային լեզուն առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով, իր գտնուած ամանին ձեւը կ՚առնէ, անխուսափելի ամերիկերէն, արաբերէն, ժառանգուած եւ աճող թրքերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, ընդհանրապէս կեանքի լեզու չըլլալով, կը խեղճանայ:
Լեզուական այս տեսակաւոր խորթացումները ազգի միութեան շաղախը կը խաթարեն: Լիբանանի հայկական վարժարանի տղան ի՞նչ պիտի հասկնայ երբ կարդայ դեմոգրաֆիկ, ռեսուրսները, ռեալ, միջազգային իրավասուբյեկտություն, դեմագոգիային, սպեկուլյացիաներին, լյուստրացիա, ֆակուլտետների, կոռեկտ, կոմերիտական, կոմսոմոլացման-բոլշեւիկացման, էվոլյուցիայի, քաղաքական անարխիայի… Նմոյշ: Բոլորը՝ նոյն էջին վրայ: Ոչ միայն տղան, այլ նաեւ չափահասը պիտի չհասկնան այս հայերէնը:
ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ Է
Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս:
Առանց ընկերատնտեսական նահանջական վերլուծումներու մէջ խեղդելու եւ խեղդուելու, մենք մեզ լքելու հոսանքի եւ յորձանքի թափին, հայկական ընկերութեան բարձրագոյն մակարդակին ՈՐՈՇՈՒՄ պէտք է կայացնել, ԼԵԶՈՒՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԻՐ ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԵԱՄԲ, քաղաքական որոշում, եւ կատարել անհրաժեշտ նիւթական եւ մարդկային ներդրումները, Հայաստան եւ սփիւռքներ, միասնաբար, ներառնելով կրթութիւնը, մամուլը, հրատարակութիւնները:
Նախ ԶՏՄԱՆ քաղաքականութիւն: Ապա ժամանակակից նոր հնարուած բառերու հայացում: Իր ակունքներուն պատշաճ ըլլալու ուղղագրական բարեփոխում: Ուսուցում:
Այս նպատակի իրականացման համար, քաղաքական որոշման եւ նիւթական ներդրումներու զուգահեռ, ներազգային համաձայնութեամբ, ինքնութեան պահպանման եւ կերտումի գաղափարախօսութիւն հարկ է ներշնչել հայերուն, անոնք գտնուին Հայաստան, Եագութիա, Պոլիս, Միջին Արեւելք, Ամերիկաներ, Նոր Զելանտա կամ Ալասքա, հասնելով իւրաքանչիւրին: Կը յաջողինք, եթէ ներդրումները նպատակասլաց ըլլան, պատգամները՝ ոչ-կողմնապաշտական, ոչ-դիրքապաշտական, ոչ-շահախնդրական:
Կ՚ունենանք անմիջականէն եւ եսականէն անդին նայող ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ-CHARISME, մարդիկ՝ որոնք իրենց անձին օրինակով, ո՛չ ապարանքով եւ ո՛չ դրամատան հաշիւով, ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՆ: Պատմութիւնը միայն զանոնք պիտի յիշէ: Անոնք առաջնորդած պիտի ըլլան ոգեկան յեղափոխութիւնը:
Ժողովուրդը իր կարգին պահանջել պէտք է գիտնայ, քանի որ ինք պէտք է ըլլայ իր ճակատագրին տէրը՝ իր տուած վստահութեամբ, զոր կը կոչենք քուէ:
Լեզուն ազգապահպան հզօրութիւն է, որ կը կրէ շարունակութիւն ըլլալու կոչուած բերդը, որ չի կառուցուիր ընդունելութիւններով, ճառերով, աթոռ-աթոռակներով, հեռատեսիլի պատուհանի կրկներեւոյթի նմանող պատկերով կամ բարձրախօսի թատերական աղմուկով:
Այսօ՛ր:
Վաղուան կը մնայ եղած ըլլալու դատարկ մխիթարութիւնը, որուն համար շռնդալից ամեակներ պիտի տօնուին, պիտի չտօնուին:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024