ՏԱԳՆԱՊ ԵՒ ԱՆՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի ներքին տագնապը կը շարունակուի եւ անվստահութեան մթնոլորտը կը խորանայ։ Հասարակութիւնը պիտի վճռէ, թէ ի՛նչ ընթացքով պիտի քալէ երկիրը։ Բոլոր ենթադրութիւններու կիզակէտին է յաջորդ տարուան ընտրութիւնը։ Ու մինչեւ այդ փուլի «նուաճում»ը՝ Հայաստանի հասարակութիւնը եւ սփիւռքը պիտի հետեւին գործընթացներուն։ Այն ինչ՝ տեղի կ՚ունենայ եւ պիտի ունենայ մինչեւ այդ ընտրութիւնը, կը կատարուի պարզապէս ժամանակի պարապութիւնը լեցնելու համար։
Թէ՛ իշխանութիւնը եւ թէ ընդդիմութիւնը կ՚ուզեն զգալ հասարակութեան ջիղը, տեսնել, թէ ան ի՞նչ հունով կ՚ուզէ շարժիլ։ Անոնք կ՚ուզեն չափել, որ իրենց կողմէ ներկայացուած կամ հրապարակ նետուելիք ընտրանքները կամ ուղեգիծերը ինչքանո՞վ կը համապատասխանեն հասարակութեան այսօրուայ ընկալումներուն եւ աւելի ճիշդը՝ փափաք-պահանջներուն։
Բարդ է, անշուշտ, երկու ճամբարներուն ալ պարագան, որովհետեւ անոնք ունին թերի երեսակներ։ Ու ամենադժուարը այս առումով խաղաղութեան օրակարգն է, որովհետեւ այլընտրանք չունի։ Յամենայնդէպս, իշխանութեան կողմէ ներկայացուած այս օրակարգին համար ո՛չ նոյնինքն իշխանութիւնները, ո՛չ ընդդիմութիւնը եւ յատկապէս ո՛չ ալ հասարակութիւնը դրական արձագանգ մը նկատեցին Հայաստանի գլխաւոր հակառակորդէն՝ Ատրպէյճանէն։ Ու այս բոլորը ծածկելու համար իշխանական ճամբարէն մեծ թիւով գործիչներ յաճախ պատերազմի սպառնալիքներու մասին կը բարձրաձայնեն։ Ոչ-նախանձելի վիճակի մը մէջ է նաեւ ընդդիմութիւնը, որովհետեւ անոր տարբեր խաւերը կտրականապէս դէմ արտայայտուած են կամ կը շարունակեն արտայայտուիլ այդ խաղաղութեան օրակարգին դէմ։ Գետնի վրայ անոնց ալ բան չի մնար՝ քան ներկայացնել ճիշդ հակառակ ընտրանքը այդ խաղաղութեան, ինչ որ ինքնին պատերազմ կ՚ենթադրէ եւ կրնայ իսկապէս աղէտալի ըլլալ Հայաստանին համար։
Անշուշտ, այդ կողմերը դժկամութիւն պիտի արտայայտեն պատերազմի համար յստակ ձեւակերպումներ տալու կամ բաց տեսակէտ արտայայտելու ու ատոր փոխարէն պիտի որդեգրեն տարբեր խօսոյթներ, որոնք աւելի յարմարաւէտ են, հանրութեան ականջին աւելի հաճելի կրնան թուիլ եւ ի վերջոյ իր ծոյլ տեղէն շարժել ու շարժումի մղել հասարակութիւնը։ Ու այս կէտին վրայ է նաեւ, որ ի յայտ կու գայ եւ հասակ կ՚առնէ անկեղծութեան հիմնահարցը։ Վիրաւոր վիճակով, բաւական հիսաթափուած իւրաքանչիւր հասարակութեան համար ամենէն աւելի առանցքային է վստահութեան հիմնահարցը։ Առանց որուն անհնար է սպասել ու ակնկալել հասարակութիւն մը, որ պիտի փորձէ դուրս գալ ցաւերէն, սպիացնել իր մարմնի վէրքերը, դարձեալ ոտքի կանգնիլ, ուղղել մէջքը ու քալել դէպի առաջ։
Հիմա հարց կրնայ ծագիլ, թէ Հայաստանի հասարակութիւնը չըրա՞ւ այդ փորձը, չկատարե՞ց այդ կիսաքայլը եւ չփորձե՞ց քալել դէպի առաջ… Այո՛, անպայման կատարեց, փորձեց իր ձայնը լսելի դարձնել ու փորձեց քալել, բայց, ցաւալիօրէն դէմ յանդիման մնաց հիասթափութեան։ Հայաստանի հասարկութեան համար այդ հիասթափութիւնը դարձաւ անվստահութիւն ունենալու, անվստահութեամբ ապրելու պատճառ։ Ահա այդ անվստահութեան հետեւանքն է, անշուշտ, որ այսօր պառակտուած կը մնայ Հայաստանի ընդդիմութիւնը։ Ու նոյն անվստահութեան առկայութիւնն է, որ ընդդիմութեան ճանապարհ մը չի տար, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկէ իր համընդհանուր օրակարգը կամ պարզ ու անկեղծ ձեւով խօսի ապագայի իր ծրագիրներուն ու ձեւաչափերուն մասին։
Ի վերջոյ, այսօրուայ ընդդիմութեան կամ իշխանութեան ո՞ր տարրը չի գիտեր, թէ այսօր որքան բարդ պայմաններու մէջ կը շարունակէ շնչել Հայաստանը։ Երկրին համար, որքան բարդ է կրել, իր շունչին եւ շնչառութեան խառնել Արցախի խնդիրը, որուն պարագային միջազգային հանրութեան կարեւոր մասը կ՚ըսէ, թէ այն կը պատկանի անցեալին։
Հոս վերադարձի մը կարիքը կայ. վերադարձ դէպի այն հիմունքը, որուն մէջ, որու հոգիին ու խանձարուրին մէջ պահուած է Հայաստանի ոգին՝ պետականութիւնը, առանց որուն անկարելի պիտի ըլլան բոլոր տեսակի իղձերը եւ դարաւոր ազգի մը ոգին կրող հայ մարդոց տենչանքները։ Ամէն պարագայի, ոգեղէնէն անդին՝ ու աւելի յստակութեամբ պէտք է ուրուագծել այսօր առկայ իրավիճակը։
Վերլուծաբաններն ալ միշտ կը խորհրդածեն այս մասին։ Այլընտրանքային նախագծերու խումբէն Վահէ Յովհաննիսեան վերջերս ըրաւ՝ «Չպատրաստուիլ նախորդ ընտրութիւններուն» խորագրեալ հրապարակում մը։ Ան իր դիտարկումներու սկիզբին կը յիշեցնէ, որ այժմու իշխանութիւնը եկած էր «Նոր Հայաստան» գաղափարով, ստացաւ պատմական ողբերգութիւն, իսկ յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի երթայ «Իրական Հայաստան»ի գաղափարով, որուն ամբողջ քարոզարշաւը կը տարուի ներկայիս։ Ըստ վերլուծաբանին՝ իրականութեան մէջ, իշխանութիւնը ոչինչ ունի առաջարկելու հասարակութեան։ «Իրական Հայաստան»ը շատ յստակ գաղափար մըն է, Երեւանի կուտակումն է՝ դատարկուած մարզերով, շուրջ կէս միլիոն ներքին գաղթականներով մայրաքաղաքի մերձակայքներուն։ Յաղթելու եւ իրավիճակ փոխելու պայմանն է՝ երկրին եւ հասարակութեան առաջարկելիք ուրիշ բան մը ունենալը, յստակ ըսելիք՝ առանց սեթեւեթանքներու։ «Նախկին նախագահները կամ այլ յարգարժան դէմքեր կը խօսին նախապէս իրենց կառավարման ժամանակահատուածներու առաւելութիւններուն մասին, կը բերեն բանակցային տարբեր թղթածրարներու եւ նախագիծերու օրինակներ եւ այլն։ Այդ ամէնուն մէջ, ի հարկէ, ճշմարտութեան մեծ տոկոս կայ, բայց, այսօր անոնցմով հայ հասարակութեան ոչինչ կ՚առաջարկուի», համոզուած է վերլուծաբանը։ Ժողովուրդը ելքեր կ՚ուզէ այսօրուան վիճակէն։ Ուստի, շեշտը դնել մինչեւ 2018-ի ձեռքբերումներուն վրայ՝ կը նշանակէ պատրաստուիլ նախորդ ընտրութիւններուն։
Խորհրդածութեան մէջ շեշտուած է, որ հասարակութեան 70 տոկոսը փոփոխութիւն կ՚ուզէ, կը պահանջէ լսել նոր առաջարկ մը՝ իր վաղուան կեանքին, իր ընտանիքին մասին՝ ներառեալ անվտանգութեան հարցերը, տնտեսութեան, ընկերային երաշխիքներու, այլ ոլորտներու բարեփոխումները։ Քուէարկելու իրաւունք ունեցող սերունդ մը կայ եւ ընդհանրապէս տեղեակ չէ եւ չ՚ուզեր տեղեակ ըլլալ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բանակցութիւններէն ո՛ր մէկը ինչ էր եւ ինչ եղաւ։ Յաջորդ տարի պիտի յաղթէ այն ուժը, որ հանդէս պիտի գայ Հայաստանը յառաջ տանելու համար եւ այդպէսով համախմբում պիտի ապահովէ։ «Ընտրողը դարձած է շատ գործնապաշտ, տեղ-տեղ՝ շահամոլ։ Սա լաւ կեանքէն չէ, բայց, փաստ է», կ՚արձանագրէ վերլուծաբանը։
Դիտարկումներուն մէջ հասարակութեան տրամադրութիւններուն տեսակէտէ մատնանշուած են հետեւեալները.
1- Տասնեակ հազարներ կը փախցնեն զօրակոչի տարիքի իրենց տղաները,
2- Հարիւր հազարաւորներ կը դիմէ «կրին քարտ»ի,
3- Այնուամենայնիւ հասարակութիւնը կը սիրէ իր հայրենիքը։
Զուգահեռաբար Հայաստանի մէջ կայ հասարակութիւն մը, ուր չեն կրնար անտեսուիլ հետեւեալ հանգամանքները.
1- Կան տասնեակ հազարաւոր պատերազմի մասնակից տղաներ, որոնք լաւ չհասկցան, թէ ի՞նչ կատարուեցաւ եւ որոնք պարտուած չեն զգար, որովհետեւ չեն վարանած քայլ մը առնելու երկիր պաշտպանելու համար,
2- Կայ մեծ շերտ մը, որու արժանապատուութիւնը խիստ վիրաւորուած է եւ որ կեանքը չի պատկերացներ միայն ուտելով ու պտտելով,
3- Առաջնորդներու շքախումբերէն դուրս կայ՝ առաւելապէս կրթուած հանրային շերտ մը, որ շատ լաւ կը հասկնայ, թէ ի՛նչ եղաւ 2018-էն յետոյ, բայց, նաեւ կոշտ հարցումներ ունի մինչ այդ պաշտօնավարած իշխանութիւններուն։
«Այս իրողութիւնները հաշուի առնելով պէտք է երթալ ընտրութիւններուն եւ եթէ կայ յաղթելու վճռականութիւն, ապա այս իրողութիւնները շրջանցել չ՚ըլլար։ Ա՛յս հասարակութիւնն է, որ պիտի քուէարկէ։ Պէտք է գտնուի բովանդակութիւն, որ այս հակասութիւններով հանդերձ համախմբէ անհրաժեշտ քանակ՝ յաղթելու եւ այս մղձաւանջէն դուրս ելլելու համար», կ՚եզրափակուի վերլուծութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան