ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…
Նախանձէն հեռու մնալէ ետք Լինքըն ուսուցիչէն կը խնդրէ, որ իր զաւկին սորվեցնէ ծածուկ խնդուքի գաղտնիքը: Բոլորս ալ գիտենք, որ մարդիկ կեանքի մէջ իրենց ձախողութիւնները կը փորձեն քօղարկել ու պահել, սակայն, Լինքըն կը խնդրէ, որպէսզի ուսուցիչը սորվեցնէ, որ իր զաւակը յաղթանակները եւս ինքն իր մէջ ապրի եւ այս մէկը վստահաբար շատ կարեւոր պատգամ մը ունի իր մէջ:
Այնպէս ինչպէս ըսինք, պէտք է մեր զաւակներուն ձախողութիւնը սորվեցնենք, նոյնպէս պէտք է սորվին նաեւ յաջողութեան ընդունումը, որովհետեւ յաջողիլը ուրիշ բան է, յաջողութիւնը ընդունիլը ամբողջութեամբ ուրիշ բան: Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը այդ երկուքին մէջ ըլլայ հաւասարակշռուած. ձախողութեանց դիմաց չյուսահատի, սակայն յաջողութեանց դիմաց ալ հպարտանալով ու գոռոզանալով դուրս չգայ իր նկարագիրէն: Ներքին ուրախութիւնը հաւասարակշռութիւն է, հոգիի եւ միտքի հասունութիւն, որովհետեւ հասուն մարդը լաւապէս կը գիտակցի, որ իւրաքանչիւր յաղթանակ իր հետ կը բերէ նոր մարտահրաւէրներ եւ հետեւաբար պայքարը վերջ չի գտներ:
Մարդ արարածը իր ուրախութեան եւ տխրութեան ժամանակ իր շուրջ մարդիկ կը փնտռէ, որովհետեւ ան ներքնապէս անկախ չէ. կ՚ուզէ իր ցաւը եւ իր ուրախութիւնը կիսել ուրիշներու հետ, մինչեւ ներքին տխրութիւնը եւ ներքին ուրախութիւնը Լինքըն կը դիտէ որպէս հասունութիւն, որովհետեւ այդ ներքին արժեւորումը կատարող մարդը ուրիշէն վաւերացում չի փնտռեր. իր ուրախութիւնը չի՛ ցուցադրեր ուրիշները նախանձի մղելու, ինչպէս նաեւ իր տխրութիւնը չի՛ բարձրաձայներ մարդոց կարեկցանքը վայելելու համար:
Որպէսզի բացատրութիւնը աւելի յստակ ըլլայ տանք, օրինակը կու տանք աշակերտական կեանքէն. լաւապէս գիտենք, որ նոյն դասարանին մէջ հաւաքուած աշակերտները նոյն մտային ու իմացական կարողութիւնը չունին. նոյն դասարանին մէջ մէկը կրնայ լաւ նիշ ապահովել, իսկ ուրիշը՝ վատ. աշակերտական հոգեբանութեան մէջ այդ մէկը մրցակցութիւն է. բոլորս ալ կը տեսնենք, թէ ինչպէս լաւ նիշ ու գնահատական ապահովող աշակերտները կը գոռոզանան եւ բարձրութեամբ կը սկսին նայիլ ոչ-լաւ գնահատական ստացող աշակերտներուն. նիշն ու գնահատականը անոնք կը տեսնեն որպէս չափուելու միջոց: Լաւ գնահատական ստացողը կը ծիծաղի, իսկ վատ ստացողը՝ կը տխրի. շատ անգամ վատ գնահատական ստացող աշակերտին համար փուշ կը թուի ըլլալ լաւ նիշ ստացողը: Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը լաւապէս հասկնայ, որ գնահատականը ուրիշին հետ չափուելու համար չէ. գնահատականը աշակերտին կը տրուի, որպէսզի ինքզինք ճանչնայ. Հասկնայ, թէ ինչքանով կրցած է սորվիլ ու հասկնալ դասերը: Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը չունենայ այդ ԵՍ-ը: Իրականութեան մէջ ինչ քաջ ոգի կը պահանջէ զսպել նաեւ զաւկին ուրախութիւնը՝ ո՛չ թէ անոր համար, որ ան արժանի չէ ուրախութեան։ Երբե՛ք. պարզապէս այն նպատակով, որ զաւակը ինքզինք ազատ զգայ հպարտութենէն. իսկ ձախողութեան պարագային ազատ զգայ դժգոհութենէն:
Այսօր մարդիկ կ՚ուզեն ցուցադրել իրենց յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները. Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը հեռու ըլլայ այդ ցուցադրութիւններէն ու դերասանութիւններէն: Երբ աշակերտը սկսի կարեւորութիւն չտալ նիշին, կը դադրի ինքզինք ուրիշներու մրցակից տեսնելէ:
Այս բոլորի ուսուցումը մի քանի անհրաժեշտ կէտեր ունի.- աշակերտը պէտք է առաջին հերթին հասկնայ, որ իւրաքանչիւր յաղթանակ իր ետին ունի հիմնադիրներ։ Աշակերտի մը յաջողութեան գաղտնիքը ծնողքն ու ուսուցիչն է, որովհետեւ կը հաւատանք, որ լաւ արդիւնք բերելը տեղ մը լաւ սորվելէ անդին լաւ տրամադրութեան մէջ գտնուելու, սիրոյ մթնոլորտով մեծցած ըլլալու հետ կապ ունի: Վստահաբար նկատած էք, որ դասերու մէջ միշտ տկար է այն աշակերտը, որ հեռու է սիրոյ մթնոլորտէն. այն աշակերտը, որ կը մեծնայ ծեծով, սիրոյ մթնոլորտէն հեռու՝ դասերուն մէջ տկար կ՚ըլլայ եւ ծնողքը միշտ կը մեղադրէ զաւակը՝ կարծելով, որ ան «ծոյլ» եւ կամ «անկարող» է, առանց նկատելու, որ այդ ձախողութեան պատճառը նոյնինքն իրենք են՝ իրենց ծնողական ձախողութեամբ: Այդ իսկ պատճառով պէտք է յստակ ըլլայ, որ միշտ վատ գնահատականը իմացական պատկերը ցոյց չի տար:
Այս մէկը հիմնաւորելու համար տամ իրական կեանքէ առնուած օրինակ մը. Լիբանանի մէջ պատանի աղջնակ մը, որ միշտ լաւ նիշեր կ՚ապահովէ իր դասերուն մէջ, կը սկսի վատ գնահատականներ ստանալ. մի քանի օրերու ընթացքին դասարանի ամենէն աշխատասէր աղջիկը ամենէն ծոյլ աշակերտէն ալ վատ նիշեր կը սկսի ստանալ: Ուսուցիչները կը նկատեն այս մէկը եւ կը փորձեն դպրոցի հոգեբանին ճամբով պատճառները հասկնալ: Վերջաւորութեան ի յայտ կու գայ, որ աղջնակը պատահմամբ ականատես եղած էր, թէ ինչպէս իր հայրը իր մօրը կը դաւաճանէ: Այս մէկը հոգեբանական խնդիր կը յառաջացնէ անոր ներաշխարհէն ներս եւ չի կրնար մարսել այն երեւոյթը, որ իր մտապատկերին մէջ սիրով իր մօրը կապուած հայրը կրնայ դաւաճանել մօրը: Եւ այդ աշակերտը երբեք չի կրնար լաւ նիշեր ապահովել:
Առ այդ, զաւակներուն լաւ արդիւնքը եթէ կ՚ուզենք, առաջին հերթին պէտք է անոնց տանք առողջ հոգեբանական վիճակ. հոգեպէս առողջ զաւակն է, որ կրնայ կեանքին մէջ յաջողիլ: Լաւութիւնը միշտ սիրոյ արդիւնք է. սիրոյ մթնոլորտէն հեռու զաւակ մը չի՛ կրնար լաւ արդիւնքներ տալ, որովհետեւ յաջողութիւնը առողջ հոգի, առողջ մարմին կը պահանջէ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Սէրը եւ կամ ծեծը աշակերտին դասերուն վրայ ազդեցութիւն կ՚ունենա՞յ:
Պատասխան. Այո, սէրն ու ծեծը աշակերտին դասերուն վրայ խոր ազդեցութիւն կ՚ունենան: Սէրը, յարգանքն ու խրախուսանքը նպաստելի միջավայր մը կը ստեղծեն, ուր աշակերտը ինքզինք զօրաւոր, ընդունուած եւ սիրով լեցուն կը զգայ: Միւս կողմէ, ծեծը կը ստեղծէ վախի, ամօթի եւ անապահով մթնոլորտ, որ արգելք կ՚ըլլայ ինքնավստահութեան զարգացման: Սէրը շատ աւելի արդիւնաւէտ մօտեցում է ուսման պարագային, քան ծեծը, որ կրնայ ապագային աւելի խոր վնասներ պատճառել:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան