«Ա՛ՅՍ Է ԻՄ ԸՆՏՐԵԱԼ ՈՐԴԻՍ»

«Աշակերտները վախցան, երբ ամպը ծածկեց զիրենք։ Ամպին մէջէն լսուեցաւ ձայն մը, որ կ՚ըսէր.- Ա՛յս է իմ ընտրեալ Որդիս, անոր մտիկ ըրէք». (ՂՈՒԿ. Թ 34-35)։

Ամպը եւ Լոյսը՝ այս երկու խորհրդանիշները անբաժան են Սուրբ Հոգիին յայտնութիւններէն։

Հին կտակարանին աստուածայայտնութիւններէն սկեալ՝ Ամպը, երբեմն մութ, երբեմն լուսաւոր, կը յայտնէ կենդանի եւ փրկչագործ Աստուածը, քօղարկելով Անոր փառքին, վերանցականութիւնը. մերթ Մովսէսի հետ՝ Սինա լերան վրայ (ԵԼՔ. ԻԴ 15-18), մերթ անապատին երթին (ԵԼՔ. Խ 36-38), (Ա ԿՈՐՆԹ. Ժ 1-2), մերթ ալ Սողոմոնին հետ՝ Տաճարին նաւակատիքին (Ա ԹԱԳ. Ը 10-12)։

Քրիստոս Սուրբ Հոգիին միջոցով այս նախապատկերները կը հասցնէ իրենց լրումին։

Սուրբ Հոգին է, որ Կոյս Մարիամի վրայ կ՚իջնէ եւ զինք «Իր հովանիին տակ» կ՚առնէ, որպէսզի ան յղանայ եւ ծնի Յիսուսը (ՂՈՒԿ. Ա 35)։ Պայծառակերպութեան լերան վրայ, Ի՛նքն է որ «կու գայ ամպին մէջ եւ Իր հովանիին տակ կ՚առնէ» Յիսուսը, Մովսէսը եւ Եղիան, Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը, եւ «ամպին մէջէն կը լսուի ձայն մը որ կ՚ըսէ.- Ասիկա Իմ Որդիս է, Իմ ընտրեալս, ունկնդրեցէ՛ք զԻնք» (ՂՈՒԿ. Թ 35)։

Վերջապէս նոյն Ամպն է, որ Համբարձումին օրը աշակերտներուն «աչքերէն կը թաքցնէ Յիսուսը» (ԳՈՐԾՔ. Ա 9), իսկ Անոր Գալստեան օրը պիտի յայտնէ զԻնք՝ Իր փառքին մէջ իբր Մարդու Որդի (ՂՈՒԿ. ԻԱ 27)։

Արդարեւ, աստուածային զօրութիւնը ցոյց կու տայ այլակերպութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէ շարանակագիրը։ Պայծառակերպութիւնը, այս իմաստով՝ ճշմարտութիւնը հոգեւոր աչքով դիտելու եւ տեսնելու առիթ կ՚ընծայէ։ Եւ ամպին մէջէն եկած Ձայնը Աբրահամի զոհաբերութեան իրականութեան վերյիշումն է. որդին զոհելու վեհանձնութեան յայտնութի՛ւնը։

Մարդիկ, ընդհանրապէս կ՚ուզեն այլակերպիլ, բայց ոչ մէկը այնքան զօրաւոր է այդ մասին քան Աստուած՝ որուն նախապատկերն է Աբրահամ։ Մարդուն նպատակն է մօտենալ, նմանիլ Յիսուսի, քանի որ ան գիտէ, որ ուրիշ ճամբայ չկայ փրկութեան համար։ Եւ քանի որ հայրական ձայնը կ՚ըսէ. «Ատիկա է Իմ սիրելի Որդիս, ատոր մտիկ ըրէք»։

Արդարեւ երկու Կտակարանի ներդաշնակութիւնը կը քօղազերծէ Քրիստոսի խորհուրդը՝ որ թաքնուած կը մնար Հին կտակարանին տառին տակ։ Այս կրօնուսուցումը կոչուած է «տիպարագրական», քանի որ Քրիստոսի նորութիւնը կը յայտնէ՝ մեկնելով տիպարներէն կամ «պատկերներէն», որոնք առաջին Ուխտին դէպքերուն, խօսքերուն եւ խորհրդանիշներուն մէջէն Քրիստոսը կ՚աւետէին։

Ճշմարտութեան Հոգիով եւ Քրիստոսի առընչութեամբ կատարուած վերնթերցումով՝ այս պատկերները (Բ ԿՈՐՆԹ. Գ 14-15) կը բացայայտուին։ Այսպէս, ջրհեղեղը եւ Նոյի տապանը նախապատկերներ են Մկրտութեամբ կատարուած փրկութեան (Ա ՊԵՏՐ. Գ 21), իսկ Ամպը եւ ինչպէս նաեւ Կարմիր ծովէն անցքը եւ ժայռին ջուրը՝ պատկերներն են Քրիստոսի հոգեւոր պարգեւներուն։ Իսկ մանանան անապատին մէջ նախապատկերն է Ս. Հաղորդութեան՝ որ «Ճշմարիտ Հացն է երկինքէն իջած». (ՅՈՎՀ. Զ 32)։

Ուստի, պա՛հ մը միայն՝ Յիսուս Իր աստուածային փառքը կը յայտնէ, հաստատելով այսպէս՝ Պետրոսի դաւանութիւնը։ Ցոյց կու տայ նաեւ, թէ Ինք մտնելու համար «Իր փառքին մէջ» (ՂՈՒԿ. ԻԴ 26), պարտի անցնիլ Խաչի ճամբէն՝ Երուսաղէմի մէջ։

Մովսէս եւ Եղիա տեսած էին Աստուծոյ փառքը Լերան վրայ։

Օրէնքը եւ մարգարէները աւետած էին Մեսիային չարչարանքները։ Յիսուսի մահուան չարչարանքը իրապէ՛ս Հօր կամքն է. Որդին կը գործէ իբրեւ «Ծառան Աստուծոյ» (ԵՍ. ԽԲ 1)։

«Ամպ»ը ցոյց կու տայ Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը. ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի. «Ամբողջ Երրորդութիւնը երեւցաւ. Հայրը՝ ձայնով, Որդին՝ մարդուն մէջ, Սուրբ Հոգին՝ լուսաւոր ամպին մէջ»։

Աշակերտները իրենց կարողութեան չափով հիացած դիտեցին Քրիստոսի փառքը՝ Քրիստո՛ս Աստուած, որպէսզի երբ զԱյն խաչուած տեսնեն օր մը, հասկնան, որ Իր չարչարանքը կամովին էր եւ աւետեն աշխարհի, որ Քրիստոս ճշմարտապէս Ճառագա՛յթն է Հօր…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 30, 2025, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 1, 2025