ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…
«Սորվեցուր անոր բոլորին լսել». այս խնդրանքով Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը սորվի յարգել ու լսել, որովհետեւ լսելով աշակերտը ո՛չ միայն կը սորվի, այլ այլոց տեսակէտները եւս կը գիտնայ եւ զանոնք իր տեսակէտներուն հետ համեմատելով կա՛մ իր տեսակէտին մէջի սխալները կը նկատէ եւ կամ աւելիով անոնց ճշդրութիւնը կը հաստատէ: Տակաւին մանուկ տարիքէն լսել սորվիլը կարեւոր բան է աշակերտին համար, որովհետեւ լսելը կը նպաստէ, որ աւելի առողջ ընկերային փոխյարաբերութիւններ ունենայ: Զաւակը պէտք է լսել սորվի, որովհետեւ կարծիքները կրնան բազմազան ըլլալ եւ պէտք է լսել բոլորը, սակայն ինչպէս նախորդ տողի մէջ ըսուած էր, լսելով հանդերձ ունենայ իր սեփական համոզումներն ու արժէքները:
Լսելը կարեւոր է աշակերտին համար, որովհետեւ այդպիսով կը զարգանայ աշակերտին ուշադրութիւնը. շատ մտաւորականներ կը հաւատան, որ լսելը կրթութեան հիմքն է եւ մարդ առաւելաբար լսելով է, որ կրթութիւն կը ստանայ: Փիլիսոփայութեան մեծերէն Պղատոն իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Խելացի մարդը կը սորվի լսելով», իսկ Արիստոտել կ՚ըսէ. «Լսել կը նշանակէ սորվիլ առանց խօսելու»:
Լինքըն վստահաբար կը հաւատայ, որ լսել պարզապէս խօսուածը «լսել» չի նշանակեր. լսելը ընթացք մըն է հասկնալու, մեկնաբանելու եւ արձագանգելու եւ մանուկը պէտք է սորվի լսել, լսածը վերլուծել տրամաբանական սիւներու վրայ դնել եւ ապա այդ ըսուածը ընդունիլ կամ դատել: Լսելու ուսուցումը կարեւոր է հիմնական մի քանի պատճառներով. լսելը կ՚ամրապնդէ մարդկային յարաբերութիւնները։ Մարդոց համար կարեւոր է լսուած ըլլալու երեւոյթը. մարդիկ գոհունակութիւն կը ստանան, երբ տեսնեն անձ մը առանց դատելու, ընդհատելու կը լսէ զիրենք. այդ մէկը կու տայ հետեւեալ զգացողութիւնը «քու միտքերդ, ներկայութիւնդ ու կարծիքդ կարեւոր են ինծի համար» եւ այդպիսով կը զարգանայ մարդկային յարաբերութիւնը: Պատկերացուցէք անձ մը, որ կ՚անտեսէ եւ ընդհանրապէս մտիկ անգամ չ՚ըներ ձեր կարծիքները. վստահաբար մի քանի փորձէ ետք ընդհանրապէս շփում չէք ունենար իրեն հետ. հետեւաբար լսելը ընկերային յարաբերութեան մէջ:
Մարդ արարած օրուան ընթացքին կը լսէ բազմաթի՜ւ բաներ. անոնցմէ շատերը կրնան ճշմարտութեան հակասել, իսկ շատեր ոչ. սակայն լսելով, մարդ միշտ նոր բան մը կը սորվի. հետեւաբար լսելը աճելու եւ յառաջդիմութեան հիմքն է. հոգեբանութիւնը կը պարզէ, որ լաւ լսող դառնալը կը զարգացնէ յիշողութիւնը եւ կը զարգացնէ քննադատական մտածողութիւն եւ գուցէ այդ է պատճառը, որ հին ժամանակներէն ի վեր կրթութիւնը կը փոխանցուի մեծաւ մասամբ բերանացի՝ ուսուցիչի կողմէ տրուած թելադրութիւններով:
Մանկավարժութիւնն ու հոգեբանութիւնը կը հաւատան, որ լսելը կը նուազեցնէ կռիւն ու անհասկացողութիւնը. աշխարհի մէջ տեղ գտած հակառակութիւններուն մեծամասնութիւնը որպէս պատճառ ունի թիւրիմացութիւնը եւ այդ մէկը վերացնելու եւ փարատելու միակ միջոցը լսելն է։ Այսօր մարդկութիւնը լսելու պակասէն կը տառապի, որովհետեւ իր կարծիքը ճիշդ նկատելով կը մերժէ այլոց ականջալուր ըլլալ։ Էփիկտետոս կ՚ըսէ. «Մենք ունինք երկու ականջ եւ մէկ բերան, որպէսզի աւելի լսենք՝ քան խօսինք»։ Խօսիլը նոր բան չի կրնար սորվեցնել մարդուն, որովհետեւ մարդ կը խօսի այն բանի մասին՝ որ արդէն գիտէ, սակայն լսելը այդպէս չէ. լսելով մարդ նոր բան մը եւս կրնայ սորվիլ: Անշուշտ, լսելը եւս պարտի ունենալ իր պատճառները. ամերիկացի մտաւորական մը կ՚ըսէ. «Շատերը կը լսեն, որպէսզի պատասխան տան եւ ո՛չ թէ հասկնան»:
Լսելը շատ անգամ մարդուն մօտ հարցադրումներ կը ստեղծեն եւ մարդ այդ հարցադրումներուն պատասխանը փնտռելով է, որ կը զարգանայ։ Սոկրատես կը հաւատար, որ իմաստութիւնը կու գայ նախ լսելէն եւ ապա հարցադրելէն: Լսելը կարեւոր է, սակայն նոյնքան կարեւոր է լսելէ ետք զանազանել սխալը ճիշդէն։ Ճշմարտութիւնը բացայայտելու համար պէտք է նախ լսել, ապա վերլուծել եւ հարցադրումներուն պատասխան գտնել. ուրիշին կարծիքը պէտք չէ պատճառ ըլլայ, որ մարդ կորսնցնէ իր սեփական համոզումները. պէտք է լսել, սակայն չտարուիլ. միայն ճիշդը սխալին հետ համեմատելով, վերլուծելով է, որ պէտք է հաւատալ լսածներուն:
Օրինակ առնենք մերօրեայ դատարանները. նոյնիսկ ամենէն մեծ մեղաւորին նախքան դատելը դատարանը առիթ կու տայ, որպէսզի մեղաւորը արտայայտուի, իր ըսելիքները ըսէ եւ միայն լսելէ ետք է, որ վճիռ կը տրուի: Կեանքի մէջ ալ մարդ պէտք է լսէ, լաւապէս քննէ եւ ապա որոշում կայացնէ:
Այսօր մենք մեր աշակերտներուն պարտաւոր ենք սորվեցնել, որ պէտք է լսել, սակայն ունենալ այնքան ինքնավստահ համոզումներ, որպէսզի չմոլորին. անոնց ականջները աշխարհին աղմուկին դէմ փակելով զանոնք չենք կրնար փրկել։ Անոնք կը փրկուին ինքնավստահութեամբ, լսելու եւ առողջ դատելու կարողութեամբ եւ այս բոլորին մէջ ուսուցիչը մեծագոյն օրինակն է, որովհետեւ ուսուցիչը առաջին հերթին ի՛նք աշակերտը պիտի լսէ, որպէսզի անոր լսել սորվեցնէ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչն է մեծագոյն ուսուցումը, որ ուսուցիչ մը կրնայ փոխանցել աշակերտին:
Պատասխան. Մեծագոյն ուսուցումը, որ ուսուցիչ մը կրնայ փոխանցել աշակերտին՝ ինքնուրոյն մտածելակերպի, քննադատական մտածողութեան եւ բարոյական ինքնագիտակցութեան ձեւաւորումն է: Այդ մէկը ուսուցանելը կը նպաստէ, որպէսզի աշակերտը աճի ու զարգանայ եւ յաջողի ո՛չ միայն իր սորվածը կրկնել, այլ հասկնալ: Այդ մէկը սորվեցնելու ուսուցիչը կ՚առաջնորդէ աշակերտը՝ դառնալու մտածող, պատասխանատու եւ գիտակից մարդ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան