ՄՈՌ­ՑՈ­ՒՈՂ ՀԱՅ Ա­ՆՈՒՆ­ՆԵՐ՝ ԶՄԻՒՌ­ՆԻԱ ԾՆԱԾ

Կան քաղաքներ, որոնք ժամանակի ընթացքին կը դառնան աւելին, քան պարզ ճարտարապետութիւնն ուաշխարհագրութիւնն է։ Զմիւռնիան այդպիսի քաղաք մըն էր։ Ան եղած է համակեցութեան, առեւտուրի եւ արուեստիկեդրոն մը, ուր ժողովուրդներ կողք կողքի ապրած ու ստեղծագործած են։

Արեւելքի ամենազարգացած քաղաքներէն մէկը կեդրոն մըն էր հայ մշակոյթի, կրթութեան, տպագրութեան եւհայերու տնօրինած այս ասպարէզները իւրայատուկ գոյն տուած են քաղաքին։

Ու այդ շունչն ու հոգին կերտած են մարդիկ՝ անուններ, որոնց վաստակը թրծուած էր նուիրումով, տաղանդով եւգաղափարական հաւատքով։ Սակայն ժամանակը եւ յետագայ աղէտները մոռացութեան մէջ նետեցին այդ անուններէշատերը։

Զմիւռնիա ծնած բազմաթիւ նշանաւոր հայերէն ընտրած ենք միայն քանի մը անուն։ Բազմաթիւ անուններու կողքինանոնք ալ բռնած են մոռացումի ճամբան։

Անոնց այս փոքրիկ պատմութիւնները մեզ կը յիշեցնեն, թէ որքան հարուստ եղած է Զմիւռնիայի հայկականներկայութիւնը եւ որքան կարեւոր է վերապրիլ ու յիշել այդ վկայութիւնները՝ մոռացութեան դէմ։

ԱՐՏԱ ՄԱՆՏԻԿԵԱՆ

Յունահայ երգչուհի եւ օփերայի համբաւաւոր արուեստագիտուհի։ «Մարիա Քալլաս» կրթաթոշակներուհաստատութեան նախագահը եղած է։

Մանտիկեան ծնած է Զմիւռնիա, 1924 թուականին։ Հայրը, որ Զմիւռնիոյ մէջ հանրային արդիւնաշատգործունէութիւն ունեցած է, զոհ գացած է Փոքր Ասիոյ աղէտի ընթացքին․ Մանտիկեան տակաւին մանուկ, Զմիւռնիոյաղէտէն յետոյ, իր մօրը՝ տիկին Պէաթրիսին հետ փոխադրուած է Յունաստան։

Փոքր տարիքէն հետեւած է Օտէոն Աթինոնի դասընթացքներուն, իբր ուսուցիչ ունենալով Էլվիրա տէ Հիտալկոն, որեղած է նաեւ ուսուցիչը Մարիա Քալլասի։ Օտէոնը աւարտելէն ետք տուած է շատ մը ելոյթներ։ Այցելած է Լոնտոն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, ուր ունեցած է բազմաթիւ ելոյթներ։

1960-ականներուն, երբ ան Յունաստան կը վերադառայ՝ հիւանդ մայրը խնամելու համար, այնտեղ Յունաստանիզինուորական կառավարութիւնը՝ Ճունտան, գրաւած էր իշխանութիւնը, իսկ Մանտիկեան անոնց դէմ հանրային խօսք մըունեցած էր: Աքսորի ենթարկուելու վախի պատճառով, ան երկար տարիներ չէ կրցած երգել։

Յունական Ճունտայէն ետք 1974-1980 թուականներուն ան եղած է Աթէնքի համերգասրահի վարչութեան անդամ եւանոր նախագահ Խրիսթոս Լամպրաքիսի հետ ունեցած է յաջող գործունէութիւն՝ Աթէնքի համերգասրահը միջազգայինճանաչողութեան հասցնելու աշխատանքին մէջ։

Հայազգի արտուեստագիտուհին հելլէնական երգին հարազատ թարգմանը եղած է արտասահմանի մէջ եւ այդպատճառով իսկ մեծապէս սիրուած ու գնահատուած է հելլէն արտուեստագէտներու շրջանակներէն։

Արտա Մանտիկեան մահացած է 2009 թուականին, Աթէնք։

ՄԱՐԿՈՍ ԱՂԱԲԷԿԵԱՆ

Նշանաւոր հայ հրապարակախօս-խմբագիր էր, որ Զմիւռնիա ծնած էր 1830 թուականին։ Սկզբնական կրթութիւնըստացած է տեղւոյն Ս․ Մեսրոպեան վարժարանը, իսկ 1843 թուականին ուղարկուած է Փարիզ՝ Մուրատեան վարժարան, զոր աւարտած է 1849 թուականին ու վերադարձած է Զմիւռնիա եւ ընկերանալով Մատթէոս Մամուրեանին հետ, սեփականուսումնարանը բացած է։ Այդ հաստատութիւնը ժամանակին կը մրցէր Ս․ Մեսրոպեան վարժարանին հետ։ Այս մրցումէնձերբազատելու համար՝ վարժարանի վարչութիւնը Աղաբէկեանին տեսուչի պաշտօն կու տայ։

Ան Զմիւռնիայէն անցած է Պոլիս եւ հասարակական գործունէութեան ասպարէզ մտնելով եւ 1859 թուականին, նորընտիր Մատթէոս Կաթողիկոսին հետ, քարտուղարի պաշտօնով Էջմիածին գացած է։ Ներսէսեան դպրոցին վարչութեանկողմէ ուսուցչական պաշտօն վարելու հրաւէր ստանալով նաեւ Թիֆլիզ անցած է, շփուած է ժամանակակից հայերիտասարդութեան հետ եւ 1860 թուականին սկսած է խմբագրել «Կռունկ հայոց աշխարհին» ամսագիրը, որունհրատարակիչն էր Համբարձում Էնֆիյէճեան։ «Կռունկ»ը մեծ դեր խաղացած է հայ պարբերական մամուլին մէջ՝ներգրաւելով հայ մտաւորականութիւնը։

Չորս տարի հրատարակելէ ետք, 1861 թուականն դադրեցաւ հրատարակելէ եւ 1865-ին Մարկոս Աղաբէկեան Պոլիսանցած է։ Այնտեղ եւս, գրեթէ «Կռունկ»ի ծրագիրով սկսած է 1866-ին հրատարակել «Ծիլն Աւարայրի» անունովամսագիրը, սակայն նիւթական անյաջողութեան պատճառով 1867-ին դադրեցուցած է զայն։ Այդ ընթացքին, ինչպէսյայտնի է, տաճկահայերը զբաղած էին 1862 թուականին տեղի ունեցած Զէյթունի իրադարձութիւններով, որոնց համարկազմուած է «Քննիչ յանձնաժողով» եւ Աղաբէկեան ալ ընտրուելով անդամ, 1867 թուականին իբրեւ քննիչ Զէյթունգնացած է, այնուհետեւ շրջած է Վանով եւ այլ քաղաքներով՝ յատուկ պաշտօններով։ Հայոց Միացեալ ընկերութիւնը անորյանձնարարած է գրել Հայոց պատմութիւնը աշխարհաբար եւ ընդարձակ, զոր կատարած է՝ 14 տարի աշխատելով։ Անաշխատակցած է «Լումայ»ին, «Բիւզանդիոն»ին եւ այլ թերթերու։ Հեղինակած եւ հրատարակած է «ԳարեգինՍրուանձտեանց» ազգային ողբերգութիւնը՝ չորս մասով (Պոլիս, 1911), ուրիշ գիրքեր նոյնպէս գրած է, ինչպէս նաեւթարգմանութիւններ կատարած է։ Մահացած է 1908 թուականին՝ Պոլիս։

ՄԱՔՍ ՄԱԳՍՈՒՏԵԱՆ

Իբրեւ ֆրանսահայ դերասան ծանօթ Մաքս Մագսուտեան ծնած 1881 թուականին՝ Իզմիր: Տասներկու տարեկանինծնողներուն հետ արտագաղթած է Ֆրանսա։ 1904 թուականին աւարտած է Փարիզի երաժշտանոցի թատերական բաժինը, աշակերտած է «Քոմետի ֆրանսէզ»ի նշանաւոր դերասան Սիլվենին։ Թրիփոլէի (Վիքթոր Հիւկոյի «Արքայն զբօսնու») մենախօսութեան համար արժանացած է առաջին մրցանակին։ Դերասանի արուեստին բնորոշ եղած է ողբերգական խաղիոճը, ներքին մեծ թափը, յստակ առոգանութիւնը, շարժուձեւի ներդաշնակութիւնը, անկեղծ կատարումը, որոնց շնորհիւընդունուած է Փարիզի «Օտէոն» ազգային թատրոն, հանդէս եկած է Մոլիերի «Ագահ», «Թարթիւֆ» եւ այլներկայացումներով։ Խաղացած է Սարա Պեռնարի խումբին հետ՝ կատարելով գլխաւոր դերեր, շրջագայած է Եւրոպա, Ամերիկա (1911)։ Մահացած է 1976 թուականին։

1912-1949 թուականներուն նկարահանուած է քանի մը տասնեակ շարժապատկերներու մէջ: 

ՍՏԵՓԱՆ ԳԷՈՐԳ ԷԼՄԱՍ

Հայ դաշնակահար, երգահան Ստեփան Գէորգ Էլմաս 1864 թուականին ծնած է Զմիւռնիա։ Տակաւին 1879 թուականին Վայմարի մէջ, Գերմանիա, աշակերտած է նշանաւոր երաժիշտ Ֆրանց Լիստ, ապա Վիեննայի մէջ՝ ուրիշերաժիշտներու։ Առաջին անգամ ելոյթ ունեցած է 1885 թուականին՝ Վիեննայի մէջ իր ստեղծագործութիւններէն կազմուածյայտագրով (այդ կարգին՝ Լիստին ձօնած 6 մանրանուագ, 1882): 1912 թուականէն սկսեալ ապրած է Ժընեւ։ Մինչեւ 1929 թուականին համերգներով հանդէս եկած է Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Աւստրիոյ, Իտալիոյ մէջ։ Գրած էերաժշտական ժանրի բազմաթիւ մեծ եւ փոքր ստեղծագործութիւններ։ Երկերը հրատարակած են նշանաւորհրատարակչութիւններ։ 1925 թուականին Երեւան ուղարկած է իր ստեղծագործութիւններէն երկուքական օրինակ: Ստեփան Էլմաս իր յիշողութիւնները թելադրած է երիտասարդ լրագրող Յակոբ-Գրիգորին։ Անոր դաշնամուրը, ձեռագրերու եւ այլ յիշատակներու հետ միասին կը պահուի Հայաստանի «Եղիշէ Չարենց» գրականության եւ արուեստիթանգարանը։ Մահացած է Ժընեւ, 1937 թուականին։

ՍԱՐ­ԳԻՍ ԳՐԻ­ԳՈ­ՐԻ
(ՏԷՐ ՄԱՐ­ԳԱ­ՐԻ) ՎԱ­ՆԱՆ­ԴԵ­ՑԻ

Հայ թատերագիր, լեզուաբան, դերասան, խմբագիր եւ թատերական-հասարակական գործիչ մըն էր Սարգիս ՄիրզաՎանանդեցին՝ ծնունդով Զմիւռնիայէն (1830-ականներ): Ան եղած է հայ մշակոյթի առաջնորդ դէմքերէն մէկը 19-րդ դարուկէսերուն, մանաւանդ թատերական շարժման վերածննդեան շրջանին։

Իբրեւ համայնքային գործիչ, Վանանդեցի անդամակցած է Զմիւռնիոյ «Հաշտենից» եւ «Վասպուրական» ընկերութիւններուն, եղած է «Աղքատասիրաց ընկերութեան» ատենադպիրը։ Իր խմբագրական գործունէութիւնըընդգրկած է «Հաշտենից Միութիւն» ամսաթերթը եւ 1868 թուականին հրատարակուած «Իրաւունք» թերթը։ Վանանդեցիեղած է նաեւ «Վասպուրական թատրոն»ի հիմնադիրներէն, տնօրէններէն ու առաջատար դերասաններէն։

Իր գրած առաջին ողբերգութիւնը՝ «Մեծն Ներսէս կամ Հայաստանի բարերարը», կը թուագրուի 1857-ին(հրատարակուած՝ 1858-ին՝ Փարիզ, առաջին բեմադրութիւն՝ 1859-ին, Մոսկուա, «Արիստակէս» անուան տակ, ապա՝ 1861-ին Զմիւռնիա, 1871-ին՝ Պաքու)։ Յետագային գրած է «Միհրդատ» (1858, բեմադրուած՝ Թիֆլիզ, Պոլիս եւ 1870-ին՝Երեւան) եւ «Վիրգինիա» (1858, բեմադրուած՝ 1862-ին, Զմիւռնիա) ողբերգութիւնները։

1861-1862 թուականներուն, «Վասպուրական թատրոն»ին մէջ Վանանդեցի մարմնաւորած է բազմաթիւ կերպարներ։

1866 թուականին Զմիւռնիոյ մէջ լոյս ընծայած է անգլերէն ու հայերէն երկլեզու աշխատութիւն մը՝ «ՎիկտօրիաԱնգղիոյ թագուհւոյն Արշակունի հայ թագաւորներէ սերիլը», ուր կը փորձէ զուգադրել պատմական վկայութիւններ եւազգագրական նիւթեր։

Սարգիս Վանանդեցին թոռն էր գրական ու ազգային մշակութային գործիչ՝ Յովհաննէս Վանանդեցիին (1772-1841թթ.)։ Ան մահացած է 1871 թուականի ապրիլի 27-ին, Իզմիր։

ՅՍԿՈԲՈՍ ԻՍԱՎԵՐՏԵՆՑ

Հայ բանասէր, թարգմանիչ, խմբագիր։ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, քահանայ ՅակոբոսԻսավերտենց 1835 թուականին ծնած է Զմիւռնիա։ 1871-1872 թուականներուն եղած է «Բազմավէպ» հանդէսի խմբագիրը։

Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ դարձած է 1854 թուականէն։ Գրած է հայերէն, անգլերէն եւֆրանսերէն աշխատութիւններ՝ նուիրուած Հայոց եկեղեցիի ծիսակարգին, արարողութիւններուն, հայոց պատմութեան։Կատարած է թարգմանություններ։ Մասնաւորապէս, Էտուարտ Սիրունեանի հետ ֆրանսերէնի թարգմանած է ՂեւոնդԱլիշանի «Սիսուան» աշխատութիւնը։

Յակոբոս Իսավերտենց մահացած է 1902 թուականին՝ Իտալիա։

ՊՕՂՈՍ ԵՈՒՍՈՒՖԵԱՆ

Պօղոս պէյ Եուսուֆեան (1775-1844թթ.), Եգիպտոսի տնտեսութեան, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար, Մուհամմէտ Ալի փաշայի քարտուղարը:

Եուսուֆեանի ծնողքը, Մարթա եւ Յովսէփ, հայ առեւտրականներ էին Կեսարիոյ մէջ, ուրկէ ետք Զմիւռնիահաստատուելով ունեցան իրենց առաջին զաւակը՝ Պօղոսը: Ան յետագային օգնած է իր մօրեղբօր Առաքել Ապրոյեանին, որօրուան թարգմանիչն էր բրիտանական հիւպատոսարանին մէջ, Զմիւռնիա: Ապրոյեան կը մահանայ եւ այդ դերը կըյանձնուի Պօղոսին:

Եուսուֆեան իր առեւտրական հմտութիւնը կը սորվի վարելով առեւտրական կեդրոն մը Թրիէսթէ քաղաքին մէջ: 1790-ական թուականներուն ան կը դառնայ Մուհամմէտ Մուրատ պէյի՝ Ռոզէթ քաղաքի մաքսատուրքերուպատասխանատուն: Եուսուֆեանի առեւտրական հմտութիւնը զինք կը հասցնէ քաղաքապետ Մուհամմէտ Ալիի գործակիցեւ քարտուղար:

Եուսուֆեան կը դառնայ վալիին գլխաւոր թարգմանիչը, գլխաւոր խորհրդատուն, պաշտօնական ներկայացուցիչ-խօսնակը։ Վալին շատ մեծ վստահութիւն ունէր անոր հանդէպ, յաճախ ստորագրելով ինչ որ Եուսուֆեան կըպատրաստէր՝ առանց ստուգելու։

Պօղոս Եուսուֆեան առաջին քրիստոնեայ անձն էր Եգիպտոսի մէջ, որ «պէյ» տիտղոսը ստացած է:

ՄԱՏԹԷՈՍ ՄԱՄՈՒՐԵԱՆ - 195

Այս տարի կը լրանայ արեւմտահայ հրապարակագիր, մանկավարժ, վիպասան եւ լրագրող Մատթէոս Մամուրեանի195-ամեակը։ Ան Զմիւռնիա ծնած նշանաւորներէն մին է։

Ծնած է 1830 թուականի հոկտեմբերի 17-ին։ Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն Մեսրոպեան դպրոցը, իսկմիջնակարգ ուսումը՝ Փարիզի Մուրատեան վարժարանը՝ բոլորելով քառամեայ շրջան մը (1846-1850)։ Իր պատանեկանկեանքին գեղեցիկ յիշատակներէն է ստացումը դափնեպսակի, որ կը տրուէր գրական նիւթերու մէջ ամենէն քաջատեղեակաշակերտին, Ալֆոնս տը Լամարթինի ձեռքէն, որ կը նախագահէր մրցանակաբաշխութեան հանդէսին՝ Մամուրեանիշրջանաւարտ եղած տարին։ Ան կը վերադառնայ Իզմիր, ուր իսկոյն կը նուիրուի կրթական ու հրապարակագրականասպարէզներուն։ Այդ շրջանին հակառակորդներուն պատճառով դպրոց մը հիմնելու իր ճիգերը կը ձախողին։ Կ՚անցնիՊոլիս, ուր կ՚ըլլայ Խասգիւղի Ներսէսեան վարժարանին տնօրէնը եւ կ՚աշխատակցի նաեւ «Մասիս»ին։ 1857 թուականին կըմեկնի Լոնտոն, ուր կը գրէ «Անգլիական նամականի»ն։

Ունեցած է ազգային եւ հանրային ծաւալուն գործունէութիւն։

1861-1868 թուականներու միջեւ կը վարէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետի պաշտօնը։ Ապա կ՚անցնի իրծննդավայրը, որպէս Մեսրոպեան դպրոցի տեսուչ։  Դասաւանդած է անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւհամաշխարհային պատմութիւն։ 1871 թուականին կը հիմնէ «Արեւելեան Մամուլ»ը, որ մեծ դեր կ՚ունենայ արեւմտահայոցմտաւորական կեանքին մէջ եւ զոր կը խմբագրէ մինչեւ իր մահը։

Իր «Արեւելեան Մամուլ»ը լի է բազմաթիւ օգտակար նիւթերով՝ կրթական ու գրական մարզերու համար։ Մամուրեանիբրեւ վիպագիր թողած է երեք կարեւոր գործ. «Սեւ լեռին մարդը» (1871), «Հայկական նամականի» (1872) եւ«Անգլիական նամականի» (1881)։

1899 թուականին մեծ շուքով կը տօնուի իր գրական գործունէութեան յիսնամեայ յոբելեանը։ Մամուրեան կըմահանայ 1901 թուականի յունուարի 2-ին, Իզմիր։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 4, 2025