ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԱՆՈՒԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Մանկապատանեկան երգչախումբերու «Երգող Հայաստան» մրցոյթի դափնեկիրներու ելոյթներով եզրափակուեցաւ «Կոմիտաս» փառատօնը։ Այսպէս, երէկ Վարդապետի անունը կրող թանգարան-հիմնարկին մէջ կայացաւ մանկական խմբերգային արուեստի երեկոյթ։
«Փառատօնի ձեռքբերումը լաւ համերգներն էին, Հայաստանի լաւագոյն երաժիշտներէն շատերուն ելոյթները։ Ձեռքբերում մըն էր Կոմիտասի եւ հայ յօրինողներու երաժշտութիւնը անգամ մը եւս բարձր մակարդակով հնչեցնելը։ Փառատօնի նպատակն է ապագային ունենալ «Կոմիտաս» միջազգային փառատօն մը, որ պէտք է ունենայ նաեւ իր գիտական բաղադրիչը։ Կոմիտասի եւ հայ յօրինողական դպրոցի հանրահռչակման հարթակ մը եւս ստեղծելու նպատակ ունինք», «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ նշեց Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, «Կոմիտաս» փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Մհեր Նաւոյեան։
Ան յիշեցուց, որ այս տարի ընդլայնած է փառատօնի ձեւաչափը եւ բացի Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն, համերգային երեկոյթներու ժամանակ հնչած են նաեւ այլ հայ յօրինողներու գործերը։
Իսկ Հայաստանի երաժշտական ընկերութեան նախագահ Դաւիթ Ղազարեան նկատեց, որ փառատօնի մէջ կայ մեծ խորհուրդ մը։
«Կարեւոր է, որ մենք այս փառատօնը կը նուիրեք հայ դասական երաժշտարուեստի գլուխ գործոց Կոմիտասին ու զուգահեռաբար այն մարդոց, որոնք կը կերտեն հայ յօրինողական դպրոցը։ Մենք գիտենք, որ Կոմիտաս փայլուն բանահաւաք մըն էր, յօրինող, հիանալի խմբավար, առանձնայատուկ երգիչ մը։ Եւ ան կրցաւ մեր ժողովուրդէն հաւաքագրել եւ մեր ժողովուրդին վերադարձնել մեր հողի եւ ջուրի նման մաքուր ազգային երգը», ընդգծեց ան։
Դաւիթ Ղազարեան տեղեկացուց նաեւ, որ մանկապատանեկան երգչախումբերը նախքան համերգը ծաղիկներ զետեղած են Կոմիտասի շիրմին մօտ եւ շրջած՝ Վարդապետի անունը կրող թանգարան-հիմնարկի տարածքը։
Կոմիտաս Վարդապետի խմբերգային, մանկական, վոքալ եւ դաշնամուրային ստեղծագործութիւնները քանի մը օր շարունակ ներկայացուեցան երաժշտասէրներու դատին։ Սեպտեմբերի 26-ին՝ Կոմիտասի՝ ծննդեան օրը, «Ալեքսանտր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ կայացած համերգով սկսած էր «Կոմիտաս» փառատօնը։ Երկրորդ անգամն է, որ կը կայանայ այս փառատօնը, որու բացման ելոյթով հանդէս եկաւ Հայաստանի Պետական ազգային ակադեմական երգչախումբը՝ խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի ղեկավարութեամբ, ներկայացուելով Կոմիտասի պատարագը։
Փառատօնի նախաձեռնողներն էին Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը։ Միջոցառման մասնակցեցան Հայաստանի Պետական ազգային ակադեմական (գեղարուեստական ղեկավար՝ Յովհաննէս Չեքիճեան), «Հովեր» (գեղարուեստական ղեկավար՝ Սօնա Յովհաննէսեան), Երեւանի Պետական սենեկային (գեղարուեստական ղեկավար՝ Յարութիւն Թոփիկեան) երգչախումբերը, «Գեղարդ» երգեցիկ խումբը (գեղարուեստական ղեկավար՝ Մհեր Նաւոյեան), ինչպէս նաեւ մեներգիչներ՝ սոփրանօ Իրինա Զաքեան, պարիթոն Սարգիս Բաժպէյուք-Մելիքեան, դաշնակահարներ՝ Սվետլանա Նաւասարդեան, Հայկ Մելիքեան, Արմէն Աղաճանեան։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024