Երեքշաբթի 24, Դեկտեմբեր 2024
ԿԱՅԱՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՍԱՄԱՐԱԹՈՆԸ
Երեւանի միջազգային կիսամարաթոնը կայացաւ։ Հայաստանի Աթլեթիզմի դաշնակցութեան նախագահ, հեռացատկի Եւրոպայի չգերազանցուած մրցանիշի տէր Ռոպէրթ Էմմիեանի նախաձեռնած միջազգային առաջին կիսամարաթոնը սկսաւ Հանրապետութեան հրապարակէն։ Վազքին մասնակցեցան նաեւ յայտնի մարզիկ Եուրի Ճորքաեւ, իր երկու եղբայրներուն հետ։
Կիսամարաթոնը կազմակերպուած էր կառավարութեան պետական ծրագրով՝ Մարմնամարզի նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետութեան, Հայաստանի Ողիմպիական ազգային կոմիտէի եւ Աթլեթիզմի դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ։ Երեւանի կիսամարաթոնին մասնակցեցան շուրջ հինգ հազար վազողներ։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2015