Երեքշաբթի 24, Դեկտեմբեր 2024
ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐԸ Կ՚ԵՐԹԱՅ ԵՐԵՒԱՆ
Եւրոպայէ ներս սովորական զինեալ ուժերու մասին պայմանագրի շրջագծով Թուրքիա տեսչական այցելութիւն մը կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ։ Թրքական դիտորդական խումբի կողմէ կատարելի այցին զինուոր մըն ալ կը մասնակցի Սլովաքիայէն։ Թուրք զինուորները Հայաստան պիտի այցելեն 11-14 Հոկտեմբեր թուականներուն։
Հարկ է նշել, թէ Հայաստան իր հերթին կ՚իրականացնէ տեսչական այցեր՝ մերթ այցելելով նաեւ Թուրքիա։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2015