ԱԿՆԱՐԿ - 130 - «ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԵՒ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԻՒՆ»

Նկատի ունենալով, որ վերջին մի քանի տարիները մեր հանրային կեանքը վերածուած է անպարկեշտութեան եւ անբարոյականութեան դաշտի մը եւ մեր ղեկավարները՝ իշխանաւոր թէ ոչ-իշխանաւոր կորսնցուցած են չափի եւ սահմանի զգացումը, այսօր յարմար նկատեցինք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնելու Գահիրէի մէջ հրատարակուած «Ազատ Միտք» (Քաղաքական, գրական, տնտեսական) շաբաթաթերթի, Ա. տարի, թիւ 10-ի, շաբաթ, 17 հոկտեմբեր 1936-ի խմբագրականը, որ կը գրէ վերոնշեալ վերնագիրը: Կարդա՛նք:

* Մեր համոզումը եղած է շատոնց ի վեր, թէ մեր ազգային-հանրային գործերը եթէ յաճախ չունին պէտք եղած բարւոք վիճակը՝ պատճառը այն է, որ յաճախ, եթէ ոչ միշտ, այդ գործերուն գլուխը անցնող մարդիկը անհատապէս պէտք եղածին չափ պարկեշտ անձեր չեն եղած:

Մեր «յեղափոխական» պիտակով ներկայացուած անցեալին գլխաւոր դերակատարներուն անհատական կեանքը եթէ պրպտելու ըլլաք, հոն պիտի տեսնէ՛ք, թէ անոնցմէ մեծագոյն մասը պարկեշտ մարդիկ որակուելու ո՛չ մէկ յատկանիշ ունեցած են եւ անասելի բարոյական մը ունին:

Այս բարոյականէ զուրկ մարդիկը, չէին կրնար հանրային մարզի մէջ չտեղափոխել նաեւ իրենց անհատական բարոյական տգեղութիւնները եւ պարկեշտօրէն ծառայել ազգին: Ասոր համար է, որ մեր «յեղափոխութեան» պատմութեան մէջ անհամեմատ է թիւը մատնիչներու, նշանաւոր խաչագողներու, դրամաշորթներու, յեղափոխութեան անունը շահագործողներու, կեղծարարներու, խաբեբաներու եւ այլն:

Ազգային ներքին վարչութեան մէջ ալ միեւնոյնն է պարագան: Մենք յաճախ մեր ընտրութիւներուն ատեն, պաշտօնի կ՚անցընենք ամենէն աւելի պոռպռան աքլորները, ամենէն շառլաթան դէմքերը, կամ կուսակցութեան մը որդեգրած անհատական բարոյականով կասկածելի դէմքերը, որոնք զանազան հաշիւներով, թեկնածուներ են այդ պաշտօններուն: Եւ այսպէս յաճախ Ազգային իշխանութեան բարձրագոյն աթոռներուն վրայ կու գան կը բազմին անհատական բարոյականով ապականած անհատներ, խաբեբաներ, ստախօսներ, ասոր անոր դրամը եւ պատիւը յափշտակողներ, դրամ դիզելու համար ամէն անպարկեշտ միջոցի յանձնառու մարդիկ, եւ կը սպասենք, որ այս մարդիկը՝ որոնք անհատական բարոյականէ զուրկ են հանրային գործերու մէջ, պարկեշտութեամբ եւ պատուաւորութեամբ գործեն եւ ազգին ընտանեկան ու ընկերային բարոյականին պաշտպան ու պահապան հանդիսանան:

Խաբկանք ու նենգութիւն է ոմանց այն տեսութիւնը, թէ անհատական եւ հանրային բարոյականը իրարմէ տարբեր բաներ են: Ո՛չ, անոնք իրարմէ անբաժան են եւ անհատապէս անպարկեշտ մէկը չի կրնար հանրային պարկեշտ գործունէութիւն մը ունենալ, վասնզի մարդը մէկ է եւ անբաժանելի եւ կարելի չէ անոր անհատական ու հանրային դիմակներ անցընելով ըսել, թէ մարդ մը կրնայ երկու տեսակ գործունէութիւն ունենալ իրարու հակասող:

Գողնալու ունակութիւն ունեցողը ամէն անգամ, որ առիթը ներկայանայ, կը գողնայ եւ երբեք տարբերութիւն չի դներ անհատական ու հանրային ստացուածքին միջեւ:

Հետեւարար ամէն բանէ առաջ մեր հանրային գործերու գլուխը անցնողները պէտք է, որ իբր առաջին պայման ու առաջին յատկութիւն՝ անհատական պարկեշտութեան մը եւ մաքուր բարոյականի մը վկայականովը ներկայանան կամ ներկայացուին հանրութեան:

Հերիք է որչափ մեր գործերը վստահեցանք մարդոց՝ որոնք ընտանեկան շատ պարզ պարկեշտութենէ մը իսկ զուրկ էին, որոնք արատաւոր անցեալ մը ունէին, որոնք հեռու էին օրինակելի կեանք մը ունենալէ: Հերիք է որչափ, որ մեր Ազգային իշխանութեան բարձրագոյն աթոռներուն վրայ մեր քուէներով բազմեցուցինք մարդիկ, որոնք դագաղի մը վրայէն ցատկելով իրենց հարազատին ամուսնական անկողինն իսկ պղծելու չէին վարանած եպերելի շնակունութեամբ մը եւ բարոյական անորակելի ինկածութեամբ մը, մարդիկ՝ որոնք ոճիրներու կասկածին ատակ էին, մարդիկ՝ որոնք խէնէշական արարքներու մասնագիտութիւնը ունէին, մարդիկ՝ որոնք չէին ամչցած հանրութեան աչքին առջեւ բազմակին կեանքով մը ապրիլ, մարդիկ՝ որոնք խաղասեղաններու առջեւ կը լուսցնէին կամ նշանաւոր խմողներ էին, մարդիկ՝ որոնք խարդախ ու զզուելի միջոցներով դրամ շահած էին եւ պարկեշտութեան տարրական ըմբռնումն իսկ չունէին:

Այս ազգը ամէն բանէ առաջ պարկեշտ ու բարոյականի տէր մարդոց պէտք ունի, հոգ չէ, թէ անոնք դրամ քիչ ունենան: Բաւական է, որքան որ պաշտուեցաւ ոսկի հորթը:

Անհատապէս պարկեշտ մարդիկ միայն կրնան հանրային պատուաւոր ու ուղիղ գործունէութիւն մը ունենալ:

Ասկէ դուրս տարբեր ըմբռնում մը կեղծիք է ու խաբէութիւն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 14, 2025