ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊԱՎԱՅՐ
Հոկտեմբեր 10-11 թուականներուն Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսախօս երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովը։ Համաժողովի շրջագծով նախատեսուած են բազմաթիւ միջոցառումներ, որոնցմէ մէկն է նաեւ Շարլ Ազնաւուրի համերգը։ Այս առթիւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեան։ Պատասխանելով Հայաստանի եւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան միջեւ մերձեցման հիմքերուն, Եդուարդ Նալպանտեան յայտնեց, թէ նախ առկայ է ֆրանսական մշակոյթի եւ լեզուի հետ կապուածութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ առկայ է պատմականօրէն միահիւսուած ամուր կապ եւ բարեկամութեան խորունկ զգացում մը։
Խօսելով Երեւանի մէջ կայանալիք նախարարական համաժողովէն ունենալիք իր ակնկալիքներուն մասին, Նալպանտեան յայտնեց, թէ հաւաքը հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ միտքեր փոխանակել արդի խնդիրներու շուրջ։ «Այդ խնդիրներու կարգին կեդրոնական տեղ կը զբաղեցնեն քաղաքական ճգնաժամերը… Օրակարգային են նաեւ փախստականներու եւ գաղթականներու տեղաշարժին եւ անոնց խոցելի կարգավիճակի հետ կապուած խնդիրները, որոնք լուրջ անհանգստութիւն կը յառաջացնեն», յայտնեց նախարարը։ Քննարկելի հարցերու կարգին նախարարը առանձնացուց նաեւ հասարակութիւններէ ներս ատելութեան եւ այլատեացութեան մթնոլորտի դրսեւորումներուն դէմ պայքարը, կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ պայքարը։
Միւս կողմէ, Եդուարդ Նալպանտեան երէկ ընդունեց Ֆրանսայի Եւրոպական հարցերով պետական նախարար Հարլէն Տեզիրին, որ Երեւան ժամանած է մասնակցելու համար Ֆրանսախօս երկիրներու նախարարաց խորհուրդին։ Հանդիպման աւարտին կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ Նալպանտեան նշեց, որ օգտուելով առիթէն քննարկած են երկու երկիրներու առանձնաշնորհ յարաբերութիւնները, օրակարգային հարցերը։ Ան ըսաւ, թէ հանդիպման ժամանակ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին։ Ֆրանսացի նախարարն ալ իր հերթին ըսաւ, որ իր երկիրը պատրաստ է անհրաժեշտ բոլոր ջանքերը գործադրելու ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար։ Ան շեշտեց, թէ կարեւոր է հաշուի առնել քաղաքացիներուն շահերը, ինչպէս նաեւ պահպանել կայունութիւնը։ Նախարարները քննարկած են Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան առընչուող հարցեր։