ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ՈՒՂՂԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ժողովուրդին ուղղեալ ելոյթով մը։ Սպիտակ տան մէջ Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած համատեղ հռչակագրին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրութեան լոյսին տակ վարչապետը ըսաւ. «Օգոստոսի 8-էն յետոյ մենք կ՚ապրինք բացարձակապէս ուրիշ Հարաւային Կովկասի մը, բացարձակապէս ուրիշ Հայաստանի մը մէջ։ Մենք գործնականին մէջ զերոյէն պէտք է սորվինք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ խաղաղ ապրիլ»։

Փաշինեանի խօսքով՝ Ուաշինկթընի համաձայնութիւններէն յետոյ, աւելի քան 30-ամեայ շրջափակումէ վերջ Հայաստան կ՚ապաշրջափակուի։ 

Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի կարգ մը տարածքներ կը գտնուին Ատրպէյճանի բռնագրաւման ներքեւ եւ Ատրպէյճանի կարգ մը տարածքներ ալ Հայաստանի վերահսկողութեան ներքեւ։ Խաղաղութեան նոր տրամաբանութիւնը կ՚ենթադրէ, որ այս բոլորը փոխադարձութեան մէջ քննարկուին։ Վարչապետը համոզուած է, թէ սոյն խնդիրները սահմանազատման գործընթացէն ներս պիտի լուծուին։

«Առանց Ղարաբաղի հարցը փակելու խաղաղութիւն հնարաւոր չէ եւ Ղարաբաղէն տեղահանեալներու վերադարձի մասին անոնց պատկերացումները իրատես չեն», ըսաւ Փաշինեան երէկուան ելոյթին մէջ եւ աւելցուց, որ բոլոր անոնք, որոնք համաձայն չեն այս ռազմավարութեան հետ, ապա կամայ թէ ակամայ կը յայտնուին հակամարտութեան վերակենդանացման տրամաբանութեան մէջ։ «Ղարաբաղէն տեղահանուած մեր հայրենակիցները պէտք է տնաւորուին Հայաստանի մէջ, այստեղ ապրին, ստեղծագործեն, հաստատուին՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան լիարժէք քաղաքացիներ», դիտել տուաւ վարչապետը եւ աւելցուց, որ այս խաղաղութիւնը իրական Հայաստանի գաղափարախօսութեան յաղթանակն է։ «Խաղաղութիւնը հաստատուած է եւ մեր խնդիրն է հոգ ու խնամք տանիլ անոր նկատմամբ եւ ժամանակի ընթացքին զայն դարձնել աւելի ու աւելի հաստատութենական», իր ուղերձին մէջ ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան։

Ժողովուրդին ուղղեալ պատգամին մէջ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Մեր կեանքը, կենցաղը, խօսոյթը, իրականութիւնը այնքան հակամարտութեամբ ու պատերազմով ներծծուած են, որ պէտք է կառավարել նոյնիսկ մեր իրականութեան ու խաղաղութեան բախման ռիսքը։ Սա նուրբ, չափազանց նուրբ ընկերա-հոգեբանական, հանրային-քաղաքական, կառավարչական-տնտեսական աշխատանք մըն է, որ միասին պէտք է ընենք՝ իւրաքանչիւրս մեր տեղին մէջ, մեր չափով, բայց, միասին, բոլորով, ժողովուրդով, ամէնքով»։

Փաշինեան դիտել տուաւ նաեւ, որ նահատակներուն խնակարկելու եւ զանոնք սրբացնելու, անոնց յիշատակի հետ յարաբերուելու ձեւն ալ կաթիլ-կաթիլ, միլիմեթր առ միլիմեթր պիտի փոխուի, որովհետեւ խաղաղութիւնը պէտք է մխիթարէ որդեկորոյս ծնողները, այրիացած կանանց, կանանց կորսնցուցած ամուսինները, ծնող կորսնցուցած զաւակները։ «Խաղաղութիւնը պէտք է լուսաւորէ մեր նահատակները», եզրափակեց ան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025