ԻՐԵՐՈՒ ԲԱՐԴ ԴՐՈՒԱԾՔ
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի Երեւան պաշտօնական այցելութիւնը սկսաւ՝ տարածաշրջանի շահագրգիռ դերակատարներու վառ ուշադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Սպիտակ տան մէջ Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած համատեղ հռչակագիրով կը նախատեսուի TRIPP տարանցիկ ուղիի գործարկումը, որ պիտի միացնէ Ատրպէյճանն ու Նախիջեւանը։ Այս իրադարձութիւնը Թեհրանի մօտ յառաջացուցած է հարցականներ։ Փեզեշքիանի այցելութեան նախօրէին կողմերու միջեւ շփումները խտացան՝ մանաւանդ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան մեկնեցաւ Թեհրան։ Յամենայնդէպս, Իրանի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերու արտայայտութիւնները հետզհետէ խստացան, թէ՛ ոճի իմաստով եւ թէ բովանդակութեան տեսակէտէ։ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Փեզեշքիանի Երեւան ժամանման ընդառաջ յայտարարեց, որ այցելութեան նպատակն է պահպանել տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքականութիւնը։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներն ալ նշեցին, որ կարեւոր է Հարաւային Կովկասի ապաշրջափակումը, նաեւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան պահպանմամբ եւ առանց միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու խախտումին։
Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած փոխըմբռնումը Հարաւային Կովկասէ ներս իրերու բարդ դրուածք մը կը ստեղծէ՝ մանաւանդ Երեւան-Թեհրան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Այս համայնապատկերին վրայ տեղի կ՚ունենայ Մեսուտ Փեզեշքիանի այցելութիւնը։ Թեհրան ակնյայտօրէն Երեւանի նկատառման կը յանձնէ իր անհանգստութիւնը՝ մասնաւորապէս ամերիկեան ընկերութիւններու տարածաշրջանէն ներս ներկայութեան ուղղութեամբ գոյացած համաձայնութեան բերումով։
Մեսուտ Փեզեշքիան Հայաստանի ղեկավարութեան հետ այս օրուան շփումներուն ընդառաջ տուաւ յստակ պատգամներ։ Իր խօսքով՝ հարեւան երկիրները առաջնահերթութիւն են յարաբերութիւններու կառուցման եւ զարգացման համար։ «Մենք ամուր ռազմավարական յարաբերութիւններ ունինք մեր հարեւան եւ բարեկամ Հայաստանի հետ ու միշտ ձգտած ենք իրարու հետ լաւ յարաբերութիւններ կառուցելու ընկերային, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային հարցերու մէջ։ Անհրաժեշտ յարմարութիւնները ապահովուած են եւ Իրանի ու Հայաստանի միջեւ հաղորդակցութիւնը հնարաւորինս դիւրացուած է։ Ուստի, այս այցելութեան ընթացքին մենք կը քննարկենք մեր համաձայնագրերն ու կապերը ամրապնդելու ուղիները՝ ներառեալ հաղորդակցութեան եւ մշակութային ուղիները ու մասնաւորապէս՝ Հիւսիս-հարաւ միջանցքը», ըսաւ ան։
Փեզեշքիանի խօսքով՝ ինչ կը վերաբերի Արեւելք-արեւմուտք ուղիին, ապա այս մէկը, բնականաբար, պիտի դառնայ յարմարաւէտ հարթակ մը՝ այս ուղղութեամբ առեւտրային ճանապարհի զարգացման համար եւ Թեհրան կը ձգտի ընդլայնել այդ մէկը։
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրերէն յետոյ Հայաստանէ ներս ամերիկեան ընկերութիւններու ներկայութեան վերաբերեալ մտահոգութիւններուն՝ Փեզեշքիան ըսաւ. «Բնական է մտահոգութիւններ ունենալ տարածաշրջանէն ներս ամերիկեան ընկերութիւններու ներկայութեան վերաբերեալ, որովհետեւ անոնք կու գան որեւէ ընկերութեան անունով, իսկ ապագային կրնան զբաղուիլ այլ գործունէութեամբ։ Մենք քննարկումներ կը կատարենք հայ պաշտօնեաներու հետ այս մտահոգութիւններուն շուրջ։ Այլ հարցերու առընչութեամբ՝ ներառեալ թեքնիք, ճարտարագիտական, շինարարական, հանքարդիւնաբերական, գեղարուեստական եւ ընկերային կամ զբօսաշրջութեան ոլորտներու վերաբերեալ, պատրաստուած են հիանալի փաստաթուղթեր։ Կը նախատեսուի անոնց ստորագրումը»։
Մեսուտ Փեզեշքիան, որ երէկ երեկոյեան ժամերուն Երեւան հասաւ, դիմաւորուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի կողմէ։ Նախագահի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան ժամանումէն վերջ Մհեր Գրիգորեան առանձնազրոյց մը ունեցաւ Իրանի փոխ-նախագահ Սէյիտ Համիտ Փուրմուհամմէտիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Գրիգորեան եւ Փուրմուհամմէտի համաձայն գտնուեցան, որպէսզի աշխատանքային խումբեր կազմուին՝ Երեւան-Թեհրան օրակարգին վրայ յայտնուած կարեւոր հարցերու քննարկման նպատակով։
Միւս կողմէ, Թուրքիան ալ առաջնահերթ ուշադրութեամբ կը հետեւի Փեզեշքիանի այցելութեան։ Անգարա, որ տարածաշրջանէ ներս յառաջատար դիրքի վրայ է, Երեւանի եւ Թեհրանի շփումները կը դիտարկէ՝ Ուաշինկթընի իրադարձութիւններու լոյսին տակ։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ Մեսուտ Փեզեշքիան Երեւան մեկնած է՝ TRIPP տարանցիկ միջանցքին դէմ ճնշում բանեցնելու նպատակով։ Թերթերու հաղորդումներուն մէջ TRIPP ուղին, որու մասին համաձայնութիւն գոյացած է Սպիտակ տան մէջ, թէեւ կը ներկայացուի, որպէս տարանցիկ մայրուղի, սակայն, ան կը մատուցուի նաեւ՝ որպէս «Զանգեզուրի միջանցք»։
Հարկ է նշել, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Մեսուտ Փեզեշքիանը պետական արարողակարգով դիմաւորեց՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքէն ներս։ Երկու ղեկավարներու առանձնազրոյցը ընթացքի մէջ է եւ տակաւին պաշտօնական աղբիւրները որեւէ հրապարակում չեն կատարած քննարկումներու բովանդակութեան կապակցութեամբ։