ԱԿՆԱՐԿ - 131 - ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԻՏՔԻ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեան ներկայի մեր իրականութիւնը ցաւալի պատկեր մը ունի, որովհետեւ ներկայի մեր իրականութենէն բացակայ են շատ մը արժեհամակարգեր, ինչի հետեւանքով մեր ներկան ամուլ է եւ անորոշ վիճակ մը կը ներկայացնէ գրեթէ բոլոր առումներով: 

Այս բացականերուն մէջ ամենէն գլխաւր բացական թերեւս քաղաքական միտքն է: Ոմանք պիտի ըսեն, թէ ինչպէ՞ս բացակայ է, երբ այս վերջին տարիներուն այսքան յառաջընթաց ունեցած ենք, տնտեսական աճ արձանագրած ենք, ի վերջոյ խաղաղութեան նախնական համաձայնագիրը ստորագրած ենք, որով մեր երկրին դիմաց բազմաթիւ հնարաւորութիւններ կը բացուին: Այս խումբի մարդոց եթէ Արցախի մասին սկսիս խօսիլ՝ կը սկսին հազար եւ մէկ պատճառաբանութիւններ բերել, որպէսզի արդարացնեն իրենց թուարակած «յառաջընթացը»: Իրականութիւնը, սակայն, շատ աւելի տարբեր է քան այն, ինչ այս մարդիկ կը փորձեն ներկայացնել: Հակառակը պնդողներուն ըսածներուն պիտի չանդրադառնամ, որովհետեւ առաջին հերթին իմաստ չունի, երկրորդ՝ ինծի կը թուի, որ վերջին շուրջ տասը տարիներու Հայաստանի քաղաքական կեանքը թատրոնի մը վերածուած է, ուր «վարպետ» դերասանները իրենց վստահուած դերերը յաջողութեամբ կը խաղան:

Այս բոլորին պատճառը, դարձեալ կը կրկնենք, քաղաքական միտքի բացակայութիւնն է, Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ: Չհաշուած շարքային քաղաքացիներու մէկական «քաղաքական գործիչ» ըլլալու հանգամանքը, անդին, ներկայիս Հայաստանի մէջ կը գործեն տասնեակ մը կուսակցութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր սեփական հայեացքն ու քաղաքական ուղին, անշուշտ, եթէ կարելի է ատոնք «քաղաքական ուղի» կոչել: 

Ըսինք, Հայաստանէն ներս գործող կուսակցութիւնները տարբեր հայացքներ ունին. ինչպէս՝ ազատականներ, պահպանողականներ, սոցիալ-դեմոկրատներ, դաշնակցականներ, ազգայնականներ, արեւմտամէտներ, ռուսամէտներ, ՔՊ-ականներ (որոնք փողոցէն եկած են իշխանութեան, այս հանգամանքը միշտ պէտք է նկատի ունենալ), եւ այլն: Ցաւալին այն է, որ այս կուսակցութիւններէն ճնշող մեծամասնութեան համար ՀԱՅԱՍՏԱՆը տասներրորդական տեղ կը զբաղեցնէ, որովհետեւ անոնք ունին տարբեր նպատակներ, որոնք հեռու են ՀԱՅԱՍՏԱՆ նպատակէն: 

Աւելին, այդ կուսակցութիւնները կը յայտարարեն, թէ քաղաքական գաղափարախօսութիւն ունին եւ այդ գաղափարախօսութեան հիմքը Հայաստանի հզօրացումն ու ինքնիշխանութիւնն է, բայց, եկուր եւ տես, որ այդ բոլոր գաղափարախօսութիւնները մակերեսային են, որովհետեւ միայն իրենց շահին վնաս սպառնայ, կը մոռնան այդ գաղափարախօսութիւնը եւ իրենց շահը պաշտպանելու ետեւէն կը վազեն: Տակաւին, այդ կուսակցութիւնները իրենց քաղաքական գաղափարախօսութիւններէն մեկնելով ծրագիրներ կը մշակեն, բայց, եկէք տեսէք, որ այդ ծրագիրները եւս մակերեսային ու ձեւական են:

Այս բոլորին պատճառը եթէ ուզենք գտնել կամ հասկնալ, ապա բաւարար է, որ պահ մը նայինք այդ կուսակցութիւններուն որդեգրած ուղիին եւ ըմբռնումներուն: Այսօր, ո՛չ մէկուն համար գաղտնիք է, որ մեր բոլոր կուսակցութիւնները, հաստատութիւններն ու միութիւնները վերածուած են անձնակեդրոնութեան խլեակներու, ուր կ՚իշխեն կամ կը տիրապետեն մէկ կամ առաւելագոյնը երկու հոգի, որոնց քմահաճոյքէն կախում ունի տուեալ կուսակցութեան, միութեան կամ հաստատութեան բռնած ուղին կամ որդեգրած քաղաքականութիւնը: Այս գիծը պատճառ դարձած է, որ վերոնշեալ այդ կառոյցները մերկանան եւ վերածուին պարզապէս խամաճիկի…:

Երբ գաղափարախօսութիւնը, որ քաղաքական միտքի կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկն է, կը վերածուի անձնական պայքարի, այլ խօսքով աթոռի պայքարի, ապա դժուար է յուսալ կամ սպասել, որ այդ կուսակցութիւնները կարենան գործնական քայլեր կատարել, աւելին, կարենան ձեւաւորել քաղաքական միտք, որ հիմքն է առողջ եւ հզօր պետականութեան: 

Գոց սորված ճառեր կարդալով, փողոցային տրամաբանութեամբ խաղաղութիւն մուրալով, անսխալականի հովերով ելոյթներ ունենալով քաղաքական միտք չի՛ ձեւաւորուիր, ընդհակառակը, կը գերեզմանուի, իր հետ գերեզմանելով նաեւ պետականութիւնը: 

Երբ գաղափարները փոխարինուին անձնական շահերով, երբ արժէքները վերածուին աճուրդի հանուած ապրանքներու, ապա պետականութիւնը կը դադրի՛ պետականութիւն ըլլալէ եւ կը վերածուի վաճառատան մը, ուր շատ վճարողը կը դառնայ տէր ու տիրական…: 

Հայաստանի իրականութեան մէջ ցաւալի է նաեւ, որ ընդդիմութիւնը իր բարձրութեան վրայ չէ, այլ խօսքով, ընդդիմութիւնը եւս չէ՛ յաջողած անձերէն բարձրանալ հասնելու համար գաղափարին, հասնելու համար նպատակին: Այսպիսով ամլացած վիճակ մը կը պարզէ Հայաստանի ներկայ քաղաքական կեանքը, ուր ո՛չ մէկ քայլ կը կատարուի Հայաստանի բարօրութեան, զարգացման ու հզօրացման համար, ընդհակառակը, ամէն ինչ կը կատարուի, որպէսզի Հայաստանը մնայ կախում ունեցողի կարգավիճակին մէջ…:

Այսպէս երկար շարունակելը բայց հնարաւոր չէ՛ այլեւս…:

Անդին, հասարակութիւնը ամբողջութեամբ կտրուած ըլլալով իրականութենէն, աւելին՝ ընդունելով իրեն մատուցուածը՝ առանց քննելու եւ հասկնալու մատուցուածին ճշգրտութիւնը եւ օգտակարութիւնը, անընդունակ դարձած է իր դիմացինը լսելու, այլ խօսքով, հասարակութիւնը պառակտուած է եւ դադրած է ամբողջականութիւն մը ըլլալէ: Բաւարար է, որ Երեւանի մէկ կամ երկու կեդրոնական փողոցներու մէջ հարցում կատարէք եւ կը զգաք, թէ ի՜նչ խոր է պառակտումը, միաժամանակ ինչքա՜ն ատելութիւն կայ մարդոց մէջ՝ իրենց հայրենակիցներուն նկատմամբ:

Այս բոլորը դարձեալ կը խօսին քաղաքական միտքի բացակայութեան մասին: 

Որպէսզի կարենանք դուրս գալ այս լճացած, տկար, անառողջ եւ պարտուածի կարգավիճակէն, ապա ժամանակն է, որ սթափինք, ժամանակն է, որ մէկ կողմ դնենք մեր անձնական շահերն ու հակառակութիւնները եւ առաջնային համարենք ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ, Հայաստանի հզօրացումը, անկախացումը եւ ինքնիշխանութիւնը: 

Հզօրացում, կ՚ըսեմ, որովհետեւ ցաւօք անցնող տարիներուն ծրագրաւորուած կերպով մեր բանակը քայքայուեցաւ եւ կը շարունակուի քայքայուիլ՝ կեղծ գաղափարախօսութիւններու հետեւեանքով:

Անկախացում, կ՚ըսեմ, որովհետեւ Հայաստանը, աւելի ճիշդ Հայաստանի քաղաքացին այսօր անկախ չէ, այլ՝ ինքզինք կախումի մէջ դրած է այս կամ այն երկրին կամ քաղաքական ուղղութեան: Փոքր երկիր ենք եւ, բանական է, որ կախում ունենանք մեծ երկիրներէ, սակայն կախում ունենալն ու ստրկական կախուածութիւնը տարբեր բաներ են. մերը ցաւօք երկրորդն է՝ ստրկականը:

Ինքնիշխանութիւն, կ՚ըսեմ, որովհետեւ ինքնիշխան ըլլալու համար կարիք ունինք քաղաքական միտքի, իսկ մենք ներկայիս քաղաքական միտք չունինք եւ առաւել քան երբեք անհրաժեշտութիւնը ունինք քաղաքական միտքի վերակենդանացման եւ վերաշխուժացման ազգային եւ պետական հիմքերու վրայ, որու կէտ-նպատակը պէտք է ըլլայ մի միայն ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ:

Քաղաքական միտքի վերակենդանացման համար այս կամ այն հատուածը չէ՛ պատասխանատուն միայն, այլ՝ ազգովին պէտք է երթանք այդ քայլին՝ իշխանութիւն, ընդդիմութիւն, կուսակցութիւններ, միութիւններ, մտաւորականութիւն, մշակութային գործիչներ, երիտասարդներ, մէկ խօսքով՝ ԱԶԳՈՎԻ:

Անդին, որպէսզի հայ քաղաքական միտքը զարթօնք ապրի ու վերակենդանանայ, ապա այսօր իսկ պէտք է աթոռներու կռիւը մէկ կողմ դրուի եւ ատոնց փոխարէն մեր միտքերուն մէջ տեղ գրաւեն գաղափարները, որոնց առկայութեան շնորհիւ, պիտի կարենանք դուրս գալ այս վիճակէն: Դուրս գալ՝ հաւաքական ճիգով, յանուն Հայաստանի եւ միայն Հայաստանի:

Հայաստանը ո՛չ փողոցէն եկած ՔՊ-ականներունն է, ո՛չ հանրապետականներունը, ո՛չ դաշնակցականներունը, ո՛չ ասոր եւ ո՛չ ալ անոր, Հայաստանը բոլորիսն է եւ առ այդ, պէտք է հատուածական եւ նեղ անձնական շահերը մէկ կողմ դնել եւ նուիրուիլ ՀԱՅԱՍՏԱՆին:

Ի վերջոյ, քաղաքական միտքը պէտք է մուտք գործէ մեր կեանք, այսինքն՝ մեր խօսքին մէջ, գիրքերուն, դասարաններուն, համալսարաններուն, Ազգային ժողով, կառավարութիւն եւ մանաւանդ՝ հանրային կեանք: Հեռու պէտք է մնալ կեղծ օրակարգերէ, ձեւական ծրագիրներէ եւ կեղծ գաղափարախօսութիւններէ, որովհետեւ միայն այդպիսով է, որ պիտի կարենանք կառուցել ո՛չ թէ «վաճառատուն», այլ՝ պետութիւն, որ արժանի ըլլայ իր անունին՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

13 օգոստոս 2025, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 21, 2025