ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՖՐԱՆՍԻՍ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆԻ ՕԾԱՆԵԼԻՔԻ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Ֆրանսիս Քիւրքճեան հանդէս կու գայ անհատական ցուցահանդէսով մը։ Այսպէս, Փարիզի «Palais de Tokyo»ի մէջ, 29 հոկտեմբեր-23 նոյեմբեր թուականներու միջեւ տեղի կ՚ունենայ ականաւոր օծանելիքագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեանի ցուցահանդէսը՝ «Parfum, Sculpture de l՚invisible» («Օծանելիք, անտեսանելիի քանդակ») խորագրով։ Սոյն նախագիծը յարգանքի տուրք մըն է վարպետի համարձակ եւ ոչ-աւանդական մօտեցման օծանելիքի արուեստին։

Իր արագ վերելքէն ի վեր՝ Ֆրանսիս Քիւրքճեան 1995 թուականին դարձաւ օծանելիքի աստղ՝ ընդամէնը քսանվեց տարեկան հասակին Ժան-Փոլ Կոթիէի համար ստեղծելով «Le Male» յայտնի օծանելիքը. ան անընդհատ հատած է սովորականի սահմանները։ Իր ստորագրութեամբ «Maison Francis Kurkdjian» ապրանքանիշը եւ «Dior»ի մէջ օծանելիքի ստեղծման տնօրէնի պաշտօնը ամրապնդած են անոր հեղինակութիւնը որպէս մեր ժամանակներու ամենաստեղծագործ օծանելիքագործներէն մէկը։

«Saut du Loup»ի մէջ՝ «Palais de Tokyo»ի տարածքէն ներս, ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ անոր ստեղծագործական ճանապարհորդութեան երեսուն տարիները, ներառեալ օծանելիքի անսպասելի ձեւերը՝ բուրաւէտ օճառի փուչիկներէն մինչեւ շատրուաններու բոյր եւ նոյնիսկ լուացող միջոցներ։ «Ես կը գնահատեմ ժառանգութիւնը, բայց կ՚ատեմ աւանդութիւնը», ըսած է աշխարհահռչակ Ֆրանսիս Քիւրքճեան հարցազրոյցի մը ընթացքին՝ ընդգծելով իր փիլիսոփայութիւնը։

Ի՞նչ կը սպասէ ցուցահանդէսի այցելուներուն։ Անոնք պիտի դիտեն մուլթիմետիա զետեղումներ, տեսանիւթեր եւ ի հարկէ, օծանելիքներ, հոտառական փորձեր, որոնք կը հրաւիրեն վերանայիլ արուեստի ընկալումը հոտի միջոցով, համագործակցային նախագիծեր արուեստագէտներու եւ մշակութային գործիչներու հետ. անոնց շարքին են՝ Սոֆի Քալէ, Սարգիս, դաշնակահարուհիներ Քաթիա եւ Մարիել Լապեկ, վարիչ Քլաուս Մաքելա, խոհարար Անն-Սոֆի Փիք եւ թատերական բեմադրիչ Սիրիլ Թեսթէ։

Կազմակերպիչներու խօսքով՝ «օծանելիքը, իր բոլոր դրսեւորումներով, նոյնիսկ ամենաանսպասելիներով, կ՚ըլլայ ցուցահանդէսի կարմիր գիծը, որ կը հրաւիրէ դիտողը զգալ, տեսնել եւ ընկալել աշխարհը այլ ձեւով»։

«Parfum, Sculpture de l՚invisible»ը կը խոստանայ Փարիզի աշնան ամենաանսովոր արուեստի միջոցառումներէն մէկը՝ միաւորելով բարձր արուեստը, թեքնոլոժին եւ օծանելիքը զգայական փորձառութեան եզակի տարածքին։

Շաբաթ, Օգոստոս 23, 2025