«ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Թոփհանէի «Թիւթիւն տեփոսու» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Խորհրդաւոր» խորագրեալ պարի ներկայացում մը։ «Թոռներ. նոր աշխարհագրութիւններու պատկանելիութիւններ» ծրագրին շրջագծով տեղի ունեցաւ այս պարի ներկայացումը։ Յայտագրին ընթացքին հանդէս եկան՝ Թալին Տէմիրճի, Կիւլճէ Օրալ եւ Հիւսէյին Քորքմա։ Նախագծի քորէօկրաֆիին հեղինակն էր Թալին Տէմիրճի։ Ներկայ գեղարուեստասէրները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան ծրագրին եւ ողջունեցին ստեղծագործական աշխատանքին արդիւնքը։ Յայտագրի գործադրութեան աւարտին ասուլիսի ձեւաչափով տեղի ունեցաւ նաեւ զրոյց մը, որու ընթացքին արուեստագէտները բացատրութիւններ տուին ներկայացման նախապատրաստութիւններուն եւ ընդհանուր մօտեցումներուն շուրջ։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024