ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ…
Տարիներ առաջ, Միջին Արեւելքէն նոր տեղափոխուած ու այս հսկայ երկիրը հաստատուելով երբ հազիւ տուն տեղ եղած էինք, յանկարծ ակամայ, գործի պայմաններու բերումով, իբրեւ մէկ ընտանիքի հարազատներ՝ եղբայրներով իրարմէ կը բաժնուէինք: Ու ամէն մէկս տարբեր նահանգերէ ներս կը սկսէինք շարունակել մեր կեանքը: Յուզումնախառն բաժանումի այդ օրերուն երեքով որոշցած էինք, գոնէ տարին անգամ մը եւ յատկապէս երկար շաբաթավերջի մը զուգադիպող արձակուրդի մը ընթացքին, իրարու քով գալ, քանի մը օրերու համրանքով իրարու հետ ըլլալ ու այդ ձեւով իրարու կարօտ առնել:
Լաւ որոշում էր, որ առողջ սովորութեան մը վերածուելով դարձաւ աւանդական: Եւ շինիչ ալ էր ու կարօտով լեցուն: Ու անկէ ետք, այս անգիր համաձայնութենէն շատ չանցած, ամէն տարի, այդ ճշդուած արձակուրդին՝ մեր կիներով ու ձագերով համաձայնուած քաղաքի մը պանդոկի մը մէջ կը մէկտեղուէինք ու կարօտի մեր զգացումներուն քիչ մը յուշ, քիչ մըն ալ ապրում խառնելով՝ կը վատնէինք մեր ժամերը: Նախ կը ժամադրուէինք միեւնոյն պանդոկին մէջ ու սենեակներուն մէջ տեղաւորուելէ ետք, երեկոյեան, պանդոկին ճաշարանը իրար կը հանդիպէինք:
Առաջին կէս ժամը իրար համբուրելով ու գրկուելով կ՚անցնէր: Աչքերնիս ակամայ կը խոնաւնար ու կամաց կամաց, երբ մենք մեզ զսպած կÿըլլայինք, կը սկսէինք մեր իրերայաջորդող անհատնում հարցումներուն: Իրենց կարգին, մեզմէ քաջալերուած միեւնոյն սեղանին վրայ տեղ գրաւած մեր կիները, իրենք ալ կը սկսէին իրենց աղմկոտ խօսակցութիւններուն երբեմն նոյնիսկ խանգարելով մերը:
Հաճելի խանգարում: Կեանք ու կարօտ բնորոշող խօսակցութիւն, ու մանաւանդ բոլորիս հաշւոյն երանելի պահեր: Մէկուն տղան դպրոցէն ներս առաջնութիւն շահած էր: Իսկ միւսինը՝ նոր ակռայ հանած եւ կամ «հաքի» խաղացած ժամանակ՝ վիրաւորուած:
Իսկ մեր զաւակները, մեզմէ իւրաքանչիւրէն ստացած իրենց նոր խաղալիքներու աղմուկով կը լեցնէին ճաշարանը: Կարծես նոր տարի ըլլար: Ու ընդունինք կամ ոչ, այդպէս էր: Նոր տարին յիշեցնող բան մը: Հաճելի ժամերով խառն, յուզիչ, անցեալի տխրութիւնն ու ուրախութիւնը շալկած՝ ժամեր ու ժամեր: Մեր միջեւ, այդ վայրկեանին, անկասկած որ կարօտէն անդին ուրիշ բան մըն ալ կար: Անյայտ ներկայութեամբ բան մը: Մեր յուշերը, այդ մեր անջնջելի ու անմոռանալի անցեալի կեանքի պատկերները, որոնք իրարու ետեւէ մեր մտքերուն մէջ առատօրէն կը ծնէին, ակամայ, ու սեղանը շրջապատող մթնոլորտը կարօտէն անդին, տարբեր գոյնով ու ձեւով կը պատէին:
Եկեղեցին շապիկ հագնելնիս, կամ մեզմէ մէկուն, հօրս բարեկամ դերձակի մը խանութը ամառնային աշխատանքը կատարած ըլլալը, կամ մօրս եւ կամ նոյնիսկ մեծ մօրս մեր խօսած մեծ սուտը կամ սուտերը եւ առաւել՝ յատկապէս մեր անպատիժ մնալը, կը դառնային մեր անհատնում խօսակցութեան հիւսքը՝ առանց անդրադառնալու, որ յաջորդ տարի անգիտակցաբար նոյն յուշերը պիտի գային դարձեալ կրկնուելու մեր մտքերուն մէջ ու դարձեալ մեր մթնոլորտը ջերմացնելու՝ իրենց նոյն շարքով եւ ուժգնութեամբ:
Ու այդ յուշերն էին, որոնք մեր ձայներուն տարբեր խանդ ու մեր դէմքերուն տարբեր երանգ կու տային ու մեզ անօրինակ երջանկութեան մը գիրկը կը նետէին: Տարուէ տարի, մեզի հետ մեծցող, մեր զաւակներն ալ սկսած էին մօտէն հետեւիլ մեր խօսակցութեան: Կեանքը զիրենք ալ հասունցուցած էր միաժամանակ մեր ներքին հպարտանքին տալով տարբեր կշիռք եւ չափ:
Հապա ետքը, տարիներ վերջ… հապա հիմա… երբ այլեւս իրենց խաղալիքները «կըրլ կամ պօյ ֆըրենտ»ներով փոխարինուած էին, իրենց հետաքրքրութիւնն ալ ինքնաբերաբար շեղած ըլլալով, մեզ նետած էր նոր երանութեան մըգիրկը:
Մեր զաւակները մեծցած էին: Կը զգայինք այս մէկը ու անոր գիտակցութեամբ կÿապրէինք: Այսպէս կը դատէինմեր մտքերը: Այսպէս կը չափէին մեր տրամաբանութիւնները: Այսպէս էր նաեւ մարդոց կեանքին խաղը: Մարդիկ միշտփոքր պիտի չմնային: Երանի թէ փոքր մնային. գոնէ իրենց հոգերն ու ցաւերն ալ փոքր կը մնային: Քանի մեր փոքրերըկը մեծնային ու հասակ կը նետէին, իրենց հետ կը մեծնային ու կը բազմանային նաեւ մեր մտահոգութիւնները:
Անկասկած, որ տարիներու ընթացքին մեր եւ իրենց միջեւ հաղորդակցական լեզուն ինքնաբերաբար փոխուած էր: Հայերէնը, շատ յաճախ նահանջելով, իր տեղը տուած էր անգլերէնին: Որչափ, որ փորձէինք շտկել, մեր զաւակներունհարցումներուն մեր մայրենի լեզուով պատասխանել, բայց ակամայ կը հասնէինք անելի մը առջեւ, որուններկայութիւնը անգլերէն լեզուով միայն կը հարթուէր:
Այսպէս է Ամերիկայի կեանքը:
Չէինք գիտեր: Երբ նոր հաստատուած էինք այս երկիրը, մեր օրերը տեղացի հայերը այպանելով կÿանցնէին: Ուհիմա, երբ մենք ալ «նոյն բաժակէն եւ նոյն ջուրը խմելու» ակամայ առիթն ու պատեհութիւնը կÿունենայինք՝ այսանգամ լռելեայն՝ մենք զմեզ կÿայպանէինք:
Բայց ամէն բանէ առաջ կը փորձէինք ներքնապէս համոզել մեր անձը ու անմիջապէս մտովի բաղդատականըկÿընէինք, ասոր կամ անոր զաւկին կամ աղջկան հետ, որոնք միայն օտար լեզուով՝ անգլերէնով կը հաղորդակցէին իրենցծնողներուն հետ: Ու մտովի եւ թերեւս ալ ներքնապէս ինծի նման եղբայրներս ալ կÿապրէին նոյն մղձաւանջն ումտատանջութիւնը:
Տարիներ առաջ մենք ալ փոքր եղած էինք, մենք ալ քալած էինք մանկութեան, պատանութեան եւերիտասարդութեան ճամբայէն, սակայն ասոնցը՝ տարբեր էր: Զգալի եւ բնորոշ տարբերութիւն մը կար մեր եւ ներկայիմեր զաւակներուն միջեւ: Անգիտանալ չէինք կրնար, թէ լեռ ու ձոր կար մեր սերունդին եւ ներկայինին միջեւ:
Մեր ատեն հեռատեսիլ չունէինք, նոյնիսկ նոր տարուան ծառ կամ պարզ խաղալիք հազիւ տեսած կամ վայելածէինք: Ու չէինք պահանջած: Չէինք բողոքած: Այս էր մեր սահմանը: Համոզուած էինք, որ այսչափ պէտք էր, որակնկալէինք մեր ծնողքէն: Ո՛չ աւելի եւ ո՛չ ալ պակաս: Ու բաւարարուած էինք:
Խաղալիք… մաղալիք… ատանկ բան չկար մեր տան բառարանին մէջ: Ի՞նչ ըսել է խաղալիք…: Իսկ նորսերունդին մօտ՝ խաղալիքները ամէնօրեայ նորութիւններով կը ներկայանային: Ու այս բոլորին դիմաց, կամաց կամաց, երբ մեր աչքերը կը կեդրոնանային մեր զաւակներուն վրայ, որոնք պանդոկի հսկայ աւազանը իրենց աղմուկով կըլեցնէին, մեր մտածումները ինքնածին թռիչքով վերլուծումներու մէջ կÿիյնային:
Անցնող քանի մը տարիներուն՝ յստակ ու պարզ իրականութիւն մը մեր հանդիպումներուն տուած էին տարբերերանգ: Վտանգաւոր եւ չարչրկող: Անբացատրելի ու նոր մտմտուքի մը դրան մօտեցած էինք ընտանիքներով, նոյնիսկամբողջ մեր էութեամբ: Բայց տակաւին յամառօրէն կը բաղդատէինք, թէ ինչպէս ժամանակին մեր փոքր կամերիտասարդ տարիքին՝ երեք եղբայրներով, հօր, մօր եւ մեծ մօր հետ միասին, եօթը դրացիներով խճողուած բակի մը, մէկսենեակի մը մէջ մեծցած ու հասակ առած էինք:
Մեր զաւակներուն համար այս մէկը հեքիաթի նմանող բան մըն էր: Նոյնիսկ առասպելական: Կարելի չէր մերանցեալը իրենց ներկայի աչքերով դիտել եւ չափել: Մեր դարը ուրիշ էր: Հիմա պահանջնքները ուրիշ էին: Մտածելակերպը՝ տարբեր: Ակումբ ունէինք: Հոն կÿանցընէինք մեր ժամերը: Գայլիկ ու սկաուտ էինք: Եկեղեցին շապիկկը հագնէինք: Յաճախ փողոցը, նոյնիսկ մեր ծնողքին ընկերակցութեան, երբ մեր ուսուցիչին հանդիպէինք, շուարումիկը մատնուէինք: Դրացի ունէինք: Գիտէինք լաւ դրացնութեան բոլոր գաղնիքները: Ազգականի մը չափ կը սիրէինք ուկը յարգէինք ու մեր կեանքի բոլոր հոգերը կը կիսէինք այդ դրացի ըսուած անծանօթ ծանօթներուն հետ, հայ կամարաբ:
Հարազատութիւն կար: Կար նաեւ անկեղծութիւն, անմեղութիւն, կեանքի պարզութիւն եւ ուրիշ շատ բաներ: Տարին հազիւ մէկ-երկու անգամ կը հայհոյէինք եւ անոր երեսէն շատ ծանր կը պատժուէինք: Ու կը պատժուէինք ո՛չմիայն տնեցիներէն, այլեւ՝ նոյնիսկ դպրոցէն, մեր կնքահայրէն, մեր մօրեղբայրէն, մեր դրացիէն ու ազգականէն:
Հիմա դարը ուրիշ էր:
Ու միշտ ողորմած մայրս ըսած էր մեզի, որ դարը չէր որ փոխուած է, այլ՝ ինքը մարդը: Դարը նոյնը եղած է միշտ: Մարդն է, որ իր կենցաղն ու մտածելակերպը փոխած է ու դարձած տարբեր մէկը…: Մակերեսային՝ իր բոլորշարժումներուն ու յարաբերութիւններուն մէջ: Դարը ի՞նչ յանցանք ունի: Դարը ի՞նչ գիտէ: Մարդն է դարուն տէրը: Մարդն է դարուն գոյն եւ ձեւ ու պատմութիւն տուողը:
Ճիշդ էր:
Ու յաճախ կը մտածեմ, որ խեղճ հայրս իր այնքան հոգերուն մէջ, երբեք օր մը իսկ իր մտքէն չէր անցուցած, նոյնիսկ չէր կասկածած մեր ինքնութեան մեր հայու կերպարին վրայ: Իրեն համար մենք երեքով՝ իսկական հայեր էինքու այդպէս ալ հայ պիտի մնայինք ու մեծնայինք եւ մեզի հետ պիտի շարունակուէր մեր ընտանեկան սովորութիւններնու աւանդութիւնները:
Երջանիկ էր հայրս: Անկեղծօրէն ինծի համար ծնողքս այն երջանիկներէն էին, որոնց զաւակները իրենց նմանմեծցան ու… Հապա հիմա:
Մեր երեքին տան մէջ հայրերէն թերթերու ներկայութիւնը զգալի է: Բոլորս ալ կը փորձենք ազգային, հրապարակային ձեռնարկներուն մեզի հետ իրենց ներկայութիւնն ալ ապահովել: Բոլորիս զաւակներն ալ հայոցպատմութեան ծալքերուն քաջատեղեակ են: Համացանցի հայկական կայքերով հետաքրքրուած:
Բայց… հակառակ այս բոլորին, երբ մեր հարազատ զաւակներուն հետ ստիպուած ենք անգլերէնով խօսիլ, ալ ուրմնաց մեր հայութիւնը՝ կը մտածէին երբեմն:
Հապա հարսերը…, հապա մեր գալիք… թոռները…:
Ու կը հաւատայի, որ տոմինոյի քարերու նման իրարու ետեւէ շարուած էին այս մտածումները եւ այնվայրկեանին, երբ քար մը կքէր կամ իյնար. իրարու ետեւէ փուլ պիտի գային մեր բոլոր շարած քարերը, մեր յոյսերը, հայու մեր հպարտանքը: Տխուր իրականութիւն մըն էր խորքին մէջ այս պատկերը, որ երբեմն մտքիս ծայրէն կը սահէրու զիս նոր մտմտուքի մը մէջ կը նետէր:
Ու այս տարի, մեր աւանդական հանդիպման երբ մեր զաւակները իրենց կիներով եւ ամուսիններով զանազանպատճառներով ու պատրուակներով շուտով մը մեզմէ բաժնուած էին, երեք եղբայրներով լուռ կսկիծով մը, երկար ատենզիրար դիտած էինք, անխօս ու լուռ:
Չէի կրնար անտարբեր մնալ այս նոր երեւոյթին, հետզհետէ մէջս ամբարուող ու կուտակուող այս տխուրիրականութեան դիմաց:
Ի՞նչ պիտի ըլլար մեր տունը, տոհմական կամ ոչ մեր երեքին զաւակները, անոնց հայութիւնը, անոնցխօսակցական լեզուն, անոնց մտածումը:
Արդեօք պիտի մնային կամ գոյատեւէին իբրեւ հայե՞ր, իբրեւ մեր ընտանիքի հարազատ զաւակներ, թէ ոչ պիտիխառնուէին այս մեծ ամբոխին ու կորսուէին:
Հարց տուի եղբայրներուս, որոնք ապշահար ու անխօս այդ վայրկեանին երկարօրէն միայն զիս դիտեցին: Յանկարծակի ապտակի մը ազդեցութիւն ունէր հարցումս:
Ո՛չ ոք ունէր պատասխան մը: Ո՛չ ոք կրցաւ պատասխանել:
Վայրկեանին միայն երեքով ներքնապէս կը գիտակցէինք, որ իսկապէս մեր ծնողները այս գետնի վրայերջանիկներէն էին: Անոնք հաստատ գիտէին, որ իրենց ցանած սերմը հայկական արմատներ ունէր…:
Ակումբը, եկեղեցին, մեր յաճախած վարժարանները մէկական ամրոցներ շինած էին իրենց զաւակներուհոգիներուն ու մտքերուն մէջ: Հայկականութեան ամրոցներ:
*
Անոր համար, սկսած եմ գաղտնօրէն, ծնողքիս նախանձիլ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ