ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի։ 

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան քարոզին մէջ անդրադարձաւ չարին դէմ վարուելու ձեւերուն։ Ան շեշտեց ներելու կարեւորութիւնը եւ դժուարութիւնը։ Իր խօսքով՝ ներելը թէ՛ կարեւոր է եւ թէ դժուար եւ այս պատճառով պէտք է մեծահոգի ըլլալ։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ միայն այս ձեւով մարդ կրնայ իր փոքր հոգին մեծացնել եւ զայն միացնել այն մեծ հոգիին հետ, որ Աստուծոյ հոգին է։ Ան դիտել տուաւ, որ այդպէս վարուած են նաեւ սուրբերը։ Արդարեւ, չարութեան դէմ գլուխ ծռելը ճիշդ չէ, այլ զայն պէտք է բարութեամբ յաղթել։ «Անհրաժեշտ է մեր հոգին զօրացնել», ըսաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։ 

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Արարողութեան աւարտին հաւատացեալները արձակուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր աղօթքով եւ օրհնութեամբ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 25, 2025