ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՄԷՋ
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ առաւօտ 2015-2016 շրջանի սկիզբին բաժնեց այս տարուան կրթաթոշակները, որոնք կը յատկացուին «Փալաքաշեան» հիմնարկի միջոցներով։ Այս տարի մեր համայնքէն 75 երիտասարդներ ստացան կրթաթոշակ։ Անոնցմէ 28-ը համալսարանական է։ Մնացեալ 47-ը՝ նախակրթարանէն մինչեւ լիսէ։
Կրթաթոշակառու երիտասարդները երէկ առաւօտ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ իրենց ծնողներուն հետ մասնակցեցան Ս. Պատարագի, զոր մատոյց Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։
Յաւարտ արարողութեան եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ նախաճաշի սեղան մը, Տէր Հօր գլխաւորութեամբ։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին կրթաթոշակառու աշակերտներն ու իրենց ծնողները։
Ատենապետ Յարութիւն Շանլը այս առթիւ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որու ընթացքին ընդգծեց, որ այս տարուան 75-ին փոխարէն պիտի փորձեն յաջորդ տարի կրթաթոշակ տան 100 աշակերտի։ Յարութիւն Շանլը միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղեց, որպէսզի երիտասարդները մասնակցութիւն բերեն համայնքային կեանքին։
Աւելի վերջ 75 աշակերտները ստացան իրենց կրթաթոշակները։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024