Միասնականութիւնը անհրաժեշտ՝ աւելի քան երբեք…

Ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը հեր­թա­կան ան­գամ գե­րե­վա­րած է մեր երկ­րին օ­րա­կար­գը։ Վեր­ջին ա­միս­նե­րուն Թուր­քիոյ մէջ ապ­րուած ող­բեր­գա­կան դէպ­քե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին ի­րենց շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցան մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ։ Ան­հա­ւա­տա­լի վայ­րա­գու­թիւն... Ան­գա­րա­յի մէջ ո­րո­տա­ցած պայ­թիւ­նը խոր սու­գի մատ­նած է բո­վան­դակ եր­կի­րը։

Իր պատ­մու­թեան տե­ւո­ղու­թեան Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը դի­մագ­րա­ւած ու յաղ­թա­հա­րած է նման բա­զում փոր­ձու­թիւն­ներ։ Պատ­մու­թեան փոր­ձա­ռու­թիւ­նը որ­քան որ հա­րուստ է, այն­քան եւ յստակ նաեւ ա­նոր ու­սու­ցա­նած դա­սե­րը։ Իւ­րա­քան­չիւր վե­րի­վայ­րում, իւ­րա­քան­չիւր սայ­թա­քում իս­կա­պէս թանկ, շա՜տ թանկ ար­ժած է մեր երկ­րին հա­մար։

Վեր­ջին շուրջ տաս­նհինգ տա­րուան ըն­թաց­քին Թուր­քիա ան­նա­խըն­թաց ոս­տու­մի մը ճա­նա­պար­հը բռնեց։ Այդ վե­րել­քով դար­ձաւ ամ­բողջ աշ­խար­հին տե­սա­կէ­տէ ա­ռաջ­նա­հերթ գոր­ծըն­կեր մը։ Ա­ւե­լի ա­ռաջ եւս եր­կի­րը ու­նե­ցած էր այս­պի­սի յատ­կան­շա­կան շրջան­ներ, բայց այս ան­գամ տար­բեր ե­ղաւ ա­մէն ինչ։ Ար­դա­րեւ, այս թռիչ­քը շատ ա­ւե­լի ա­մուր հիմ­քե­րու, ե­րաշ­խա­ւո­րեալ գոր­ծօն­նե­րու հի­ման վրայ ապ­րուե­ցաւ։ Պատ­ճառ­նե­րուն ներ­թա­փան­ցե­լու հա­մար պէտք չկայ գաղտ­նիք­նե­րու տի­րա­պե­տել։

Վեր­ջին շուրջ տաս­նհինգ տա­րի­նե­րու այս թռիչ­քը ապ­րուե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ հա­սա­րա­կու­թեան գրե­թէ բո­լոր շեր­տե­րը ներգ­րա­ւուե­ցան այդ գոր­ծըն­թա­ցին։ Ժո­ղո­վուր­դին ա­մե­նա­լայն խա­ւե­րը ե­ռան­դով մղուե­ցան ի­րենց վի­ճա­կած գոր­ծին։ Հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ թոյզն իսկ տա­րա­կու­սանք չապ­րուե­ցաւ հա­մա­պա­տաս­խան քա­ղա­քա­կան կամ­քին շուրջ։ Ա­մուր ժո­ղովր­դա­կան յե­նա­րան­նե­րով ձե­ւա­ւո­րուած ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը բո­լոր նա­խադ­րեալ­նե­րը ու­նե­ցաւ վճռա­կան քայ­լե­րով յա­ռաջ ըն­թա­նա­լու հա­մար։ Այս բո­լո­րին հան­րա­գու­մա­րը ե­ղաւ այն, որ ա­պա­հո­վուե­ցաւ կա­տա­րեալ, ամ­բող­ջա­կան յա­ռա­ջըն­թաց մը։ Թէ՛ տնտե­սա­կան եւ թէ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նաց­ման բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ, հա­ւա­սա­րա­պէ՛ս, ակն­յայտ զար­գա­ցում­ներ ար­ձա­նագ­րուե­ցան։ Վե­րել­քէն եւ ա­նոր դրա­կան պտուղ­նե­րէն հնա­րա­ւո­րինս բա­ժին վի­ճա­կե­ցաւ բո­լո­րին։ Կա­տա­րուած բա­րե­փո­խում­նե­րը ող­ջու­նուե­ցան բո­լո­րին կող­մէ՝ երկ­րի ա­պա­գա­յին նկատ­մամբ վառ յոյ­սե­րով, հա­ւա­քա­կան ճի­գե­րը բազ­մա­պատ­կե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ։ Բո­լո­րը կը գի­տակ­ցէին նաեւ, որ Թուր­քիան այս բո­լո­րը կը յա­ջո­ղէր շատ բարդ եւ ա­պա­կա­յուն տա­րած­քաշր­ջա­նի մը մէջ, ինչ որ այդ ձեռք­բե­րում­նե­րու խոր­քա­յին ար­ժէ­քը կը կրկնա­պատ­կէր բնա­կա­նա­բար։ Երկ­րի մի­ջազ­գա­յին կշի­ռը այն­պէս մը բարձ­րա­ցաւ, որ Թուր­քիան սկսաւ կա­յու­նու­թեան ե­զա­կի գոր­ծօն մը ըն­կա­լուիլ աշ­խար­հին կող­մէ՝ իր գտնուած այդ բարդ ու լա­րուած տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ։

Այս վար­դա­գոյն, փայ­լուն հա­մայ­նա­պատ­կե­րին վրայ վեր­ջին ա­միս­նե­րուն ստուեր կ­­՚ա­ծէ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը։ Երբ վեր­ջին խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին կա­րե­լի չե­ղաւ միա­կու­սակ­ցա­կան, ա­մուր իշ­խա­նու­թիւն մը ձե­ւա­ւո­րել երկ­րին մէջ, դժբախ­տա­բար, ան­ցու­մա­յին շրջա­նը ան­մի­ջա­պէս տխուր եւ ա­նի­ծե­լի ե­րե­ւոյթ­ներ ծնաւ մեր երկ­րին մէջ. ա­հա­բեկ­չու­թիւն, լա­րուա­ծու­թիւն, տմար­դի բռնու­թիւն­ներ, ան­հե­ռա­տես հա­շուարկ­ներ, եւ այլն։ Քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ վե­րի­վայ­րում­ներ առ­կայ են ներ­կա­յիս։ Մի­ջկու­սակ­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կ­­՚ըն­թա­նան այն­պի­սի հու­նի մը մէջ, ուր երկ­րի գե­րա­գոյն շա­հե­րու հե­տապնդ­ման նպա­տա­կին վրայ կեդ­րո­նա­նա­լու ա­ռու­մով յա­ռա­ջա­ցած են դժուա­րու­թիւն­ներ։ Յոյ­սով կը սպա­սուին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, որ­պէս­զի ու­ժե­րու վե­րա­դա­սա­ւոր­ման, ժո­ղո­վուր­դի կամ­քի դրսե­ւոր­ման հի­ման վրայ Թուր­քիան շա­րու­նա­կէ իր կա­յուն ճա­նա­պար­հը։

Եւ ա­հա այս սպաս­ման մթնո­լոր­տին մէջ է, որ ապ­րուե­ցաւ շա­բա­թա­վեր­ջի պայ­թու­մը, որ խլեց մեր երկ­րի բազ­մա­տաս­նեակ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կեան­քը։ Նա­հա­տա­կուած անվ­տան­գու­թեան պաշ­տօ­նեա­նե­րուն ցա­ւին վրայ ե­կած է բար­դուիլ այս անն­կա­րագ­րե­լի յու­զու­մը։ Հա­կա­մարդ­կա­յին այս դէպ­քե­րուն շա­րա­նը հա­մա­տա­րած մտա­հո­գու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած է մեր երկ­րին մէջ՝ ա­ռանց խտրա­կա­նու­թեան։ Բո­լո­րին սպա­սումն է, որ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը փու­թով հա­շիւ տան օ­րէն­քի ամ­բողջ խստու­թեամբ։ Ի­րա­ւա­սու մար­մին­նե­րը շարժ­ման ան­ցած են այս ուղ­ղու­թեամբ՝ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիի խստա­պա­հանջ հրա­հանգ­նե­րով։

Թուր­քիան թէեւ ցա­սու­մի, սու­գի մէջ է, սա­կայն չէ ընկ­ճուած։ Եր­կի­րը ծանր կը տա­նի այս դէպ­քե­րուն հե­տե­ւանք­նե­րը, սա­կայն չէ բա­րո­յալ­քուած։ Որ­քան որ ալ խոր ըլ­լայ ժո­ղո­վուր­դին յու­զու­մը, զօ­րակ­ցու­թեան զգա­ցու­մը, եղ­բայ­րու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը չէ թու­լա­ցած։ Հան­րա­յին կար­ծի­քը ա­նէծք կը տե­ղաց­նէ ա­հա­բեկ­չու­թեան վրայ եւ յա­մա­ռօ­րէն հա­ւա­տա­րիմ կը մնայ միաս­նա­կա­նու­թեան ո­գիին։ Միա­հա­մուռ մնա­լու, միու­թիւն պահ­պա­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը կը բիւ­րե­ղա­նան առ­կայ ծան­րակ­շիռ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ։ Ա­հա­բեկ­չու­թեան հեր­թա­կան դրսե­ւո­րու­մը կու գայ վե­րա­հաս­տա­տել, որ ան չ­­ու­նի կրօն, ազ­գու­թիւն եւ իր որ­դեգ­րած նպա­տակ­նե­րը դա­տա­պար­տուած են ձա­խող­ման՝ որ­քան որ ալ հա­րուած­նե­րուն պատ­ճա­ռած ցա­ւը ըլ­լայ մե՜ծ։ Պե­տու­թեան կը վի­ճա­կի ժո­ղո­վուր­դին պոռթ­կու­մը կա­ռա­վա­րել ճար­տար ձե­ւով, չա­փա­զան­ցու­թիւն­նե­րը կրնան վնաս հասց­նել երկ­րի գե­րա­գոյն շա­հե­րուն։ Հա­սա­րա­կու­թեան խա­ւե­րը, բա­ցար­ձա­կա­պէս, օ­տա­րու­թեան զգա­ցու­մէ պէտք չէ տա­րուին ի­րա­րու նկատ­մամբ, ո­րով­հե­տեւ պա­ռակ­տում­նե­րը եւ բե­ւե­ռա­ցում­նե­րը ձե­ռն­­տու կրնան ըլ­լալ միայն մութ ու­ժե­րու տեսն­կէ­տէ։

Թուր­քիա այ­սօր պէտք ու­նի ա­ւե­լի քան եր­բեք զգօն ըլ­լա­լու, բայց ո՛չ յու­սալ­քու­թեան։ Թուր­քիան այ­սօր ու­նի բա­ւա­րար նե­րուժ՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան փոր­ձան­քը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար։ Եր­կի­րը տէր է բո­լոր նա­խադ­րեալ­նե­րուն՝ իր դէմ բե­մադ­րուած այս ա­րիւ­նա­լի խա­ղը սնան­կաց­նե­լու հա­մար, հե­ղի­նակ­նե­րուն տխուր ու դա­տա­պար­տուած բո­լոր հա­շիւ­նե­րով հան­դերձ։ Խա­փա­նա­րա­րու­թիւն­նե­րը մի­թէ պի­տի կա­րե­նա՞ն կա­սեց­նել Թուր­քիոյ եր­թը։ Սա՞ է ճա­կա­տա­գի­րը մեր երկ­րին։

Լա­ւա­գոյն դի­մադ­րու­թիւ­նը միաս­նա­կա­նու­թիւն­ն է, որ պի­տի ցրէ մեր երկ­րի պայ­ծառ երկն­քին յայտ­նուած մռայլ ամ­պե­րը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2015