ՍՈՒԳ ԵՒ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­բեկ­չա­կան ա­հա­ւոր յար­ձա­կու­մը յե­ղաշր­ջած է Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գը։ Ան­գա­րա­յի կա­յա­րա­նի մեր­ձա­կայ հրա­պա­րա­կին վրայ ռում­բե­րը պայ­թե­ցան, երբ սկսե­լու վրայ էր այդ նոյն հրա­պա­րա­կին վրայ նա­խա­տե­սուած «Վաս­տա­կի, խա­ղա­ղու­թեան եւ ժո­ղովրդա­վա­րու­թեան» հան­րա­հա­ւա­քը։ 97 հո­գի զոհ գնաց այս ա­րիւ­նա­լի դէպ­քին, կայ նաեւ 246 վի­րա­ւոր։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան պա­խա­րա­կե­լով այս ա­րիւ­նա­լի ա­րար­քը՝ յայտ­նեց, որ ա­նոր թի­րախն է երկ­րին միու­թիւնն ու միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը։ Էր­տո­ղան այս ա­հա­ւոր դէպ­քէն վերջ բա­զում ցա­ւակ­ցա­կան­ներ եւ զօ­րակ­ցու­թեան պատ­գամ­ներ ստա­ցաւ աշ­խար­հի ղե­կա­վար­նե­րէն, նե­րա­ռեալ ԱՄՆ-ի Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­ման։

Ան­գա­րա­յի մէջ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին ամ­բող­ջու­թեամբ կեդ­րո­նա­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քի հե­տե­ւանք­նե­րը վե­րաց­նե­լու եւ զայն լու­սա­բա­նե­լու աշ­խա­տան­քին վրայ։ Մինչ ամ­բողջ երկ­րին մէջ ե­ռօ­րեայ սուգ հռչա­կուե­ցաւ, հինգ դա­տա­խազ եւ հա­րիւ­րա­ւոր քննիչ­ներ նշա­նա­կուե­ցան դէպ­քի հար­ցաքն­նու­թեան հա­մար։ Նա­խա­գահ Էր­տո­ղան եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու պատ­կան նա­խա­րար­նե­րուն եւ պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն հետ խտա­ցեալ աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կե­ցին։ Բաց աս­տի, Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ Տա­վու­տօղ­լու տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի հետ։ 100 վայր­կեան տե­ւեց զրոյ­ցը, ո­րու ըն­թաց­քին եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը պա­տաս­խա­նա­տու ու շի­նիչ զօ­րակ­ցու­թեան մը հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րա­րին վրայ գտնուե­ցան։

Թուր­քիա կ՚ապ­րի բա­ռին բուն ի­մաս­տով սու­գի, նաեւ դի­մադ­րու­թեան օ­րեր։ Եր­կի­րը կը ջա­նայ յա­մառ ջան­քե­րով յաղ­թա­հա­րել վեր­ջին շրջան­նե­րու ա­րիւ­նա­լի բռնու­թիւն­նե­րուն փակ շրջա­նը, ո­րու դէմ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կը հա­մախմ­բուի ան­նա­խըն­թաց ձե­ւով, մա­նա­ւանդ մօ­տա­լուտ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ։

 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2015