ՓԱՐԱՋԱՆՈՎԻ ՀԵՏՔԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՇԷՆՔԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԻՆ
Երեւանի կեդրոնէն այս շրջանին ուշագրաւ դրուագներ կը հասնին, մասնաւորապէս Հիւսիսային պողոտային վրայ բոլորի հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ շէնքերու նկարազարդումը։ Այսպէս, Հիւսիսային պողոտայի եւ Տէրեան փողոցի հատման կէտի ընդարձակ շէնքերէն մէկուն ճակատը կը նկարազարդուի՝ նկարիչներ՝ Գարեգին եւ Յարութ Աղապալեաններու կողմէ։ Այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կը կոչուի Կեդրոն վարչական շրջանի թաղապետարանի խրախուսանքով։ Աղապալեանները կը նշեն, որ սա թէեւ ժամանակաւոր արուեստ մըն է, սակայն տարուած աշխատանքը 5-10 տարի կեանք կրնայ ունենալ։ Իրենց խօսքով՝ անմահ վարպետ Սերկէյ Փարաջանովի գործերու ներշնչանքով կը կատարուի շէնքերու նկարազարդումը։ Փարաջանովի ստեղծագործութիւնները կը կրկնօրինակուին շէնքերու ճակատին։ Այսպէսով սովորական շէնքը կը վերածուի մշակութային առարկայի մը։ Այսպէսով նաեւ քաղաքին մէջ արուեստը նկատելի կը դառնայ փողոցին մէջ, առօրեայի մասի կը վերածուի՝ դուրս գալով միայն փակ տարածքներէ։
Թէեւ աշխատանքը տակաւին չէ աւարտած, սակայն, Աղապալեանները մայրաքաղաքի բնակիչներու համակրանքին առարկայ կը դառնան, հարեւաններով եւ զբօսաշրջիկներով հանդերձ։
«Մենք ընտրեցինք Սերկէյ Փարաջանովը, որովհետեւ ան մարդ մըն էր, որ արուեստը կը տեսնէր այլ ձեւով։ Իր ֆիլմերն ու քոլաժները մեր մշակոյթը իւրայատուկ ձեւով ցոյց տուին աշխարհին։ Փարաջանով ցոյց տուաւ, որ կարելի է ըլլալ ազատ՝ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ամէն ինչ կը սահմանափակուէր։ Սա պարզապէս պատի նկար չէ։ Սա հնարաւորութիւն է մեծ վարպետը յիշեցնելու եւ նոր սերունդը ոգեշնչելու, որպէսզի ճանչնայ Փարաջանովը եւ գնահատէ անոր ժառանգութիւնը», կ՚ըսեն անոնք։