ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՄՏՆԷ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուն, որուն կ՚ընկերանար նոյն խորհուրդէն Պուրհան Իւլիւթաշ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան։

Զրոյցի ընթացքին թաղականները տեղեկացուցին, որ Գումգաբուի Դրսի գողտրիկ եկեղեցւոյ պարագային անհրաժեշտ դարձած են վերանորոգութեան ու բարեզարդման աշխատանքներ։ Այս կապակցութեամբ անոնք մանրամասնութիւններ հաղորդեցին Նորին Ամենապատուութեան եւ անհրաժեշտ աշխատանքներու մեկնարկէն առաջ խնդրեցին անոր օրհնութիւնն ու հաւանութիւնը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց՝ ծրագրի մանրամասնութիւններու լոյսին տակ։ Ան յայտնեց, որ Պատրիարքական Աթոռը անհրաժեշտ տնօրինութիւնը կը կատարէ, որպէսզի բարեկարգման աշխատանքներու տեւողութեան առժամեայ ձեւով պաշտամունքի փակ մնայ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցին։ Ան գնահատեց այս սրբավայրը պայծառ ու կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ թաղային խորհուրդի ջանքերը։ Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց, որ աշխատանքները պսակուին յաջողութեամբ եւ ժամ առաջ պաշտամունքի վերաբացուի մեր այս գողտրիկ եկեղեցին, որ հաւատացեալներու սրտին մէջ ունի առանձնայատուկ տեղ մը եւ որ միեւնոյն ժամանակ կը խորհրդանշէ պատմական արժէքներ։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թաղականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու կարողութեան մաղթանքը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2025