ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Այս տա­րուան ըն­թաց­քին, ի շարս բազ­մա­թիւ կա­րե­ւո­րա­գոյն ձեռ­նարկ­նե­րու, յատ­կան­շա­կան ձեռ­նարկ մըն ալ Ապ­րի­լին տե­ղի ու­նե­ցաւ Լի­բա­նա­նի Ժի­պէյ­լի «Թռչնոց բոյ­ն» հաս­տա­տու­թեան մէջ, ուր ար­ժա­նա­վա­յել կեր­պով բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ կա­տա­րուած Ե­ղեռ­նէն մա­զա­պուրծ փրկուած որ­բե­րուն նուի­րուած «Ա­րամ Պէ­զի­քեա­ն» թան­գա­րա­նին: Թան­գա­րա­նի հո­վա­նա­ւո­րը՝ բա­րե­րար Ա­լե­քօ Պէ­զի­քեանն է, որ որ­բա­նո­ցի մէջ մեծ­ցած իր հօ­րը յի­շա­տա­կին փա­փա­քած է թան­գա­րա­նը կո­չել ա­նոր ա­նու­նով:

Թան­գա­րա­նը բա­ցուե­ցաւ հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ ներ­կա­յու­թեամբ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին, ո­րուն կ՚ըն­կե­րակ­ցէին այդ օ­րե­րուն Լի­բա­նան այ­ցե­լած հայ եւ օ­տար պաշ­տօ­նեա­ներ, օ­տար ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր պե­տեր ու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ­ներ ու միա­բան հայ­րեր:

Թան­գա­րա­նին բա­ցու­մը տուրք եւ ե­րախ­տի­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն էր նաեւ այն մեծ կնո­ջը, Մա­րիա Ճէյ­քըպ­սը­նին, զոր կը կո­չէին Մա­մա եւ ո­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ալ բա­ցուած է «Թռչնոց բոյ­ն» հաս­տա­տու­թիւ­նը, ուր ան ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է իր որ­բա­հա­ւաք եւ որ­բախ­նամ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը:

Թան­գա­րա­նը, ո­րուն մէջ ա­ռան­ձին բա­ժին ալ յատ­կա­ցու­ցած է Մա­րիա Ճէյ­քըպ­սը­նին, կը նկա­տուի աշ­խար­հի միակ որ­բե­րու թան­գա­րա­նը:

Այդ մա­սին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ հա­ղոր­դե­ցին Որ­բե­րու թան­գա­րա­նի ճար­տա­րա­պետ­ներ, լի­բա­նա­նա­հայ տա­ղան­դա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ­ներ Վի­գէն եւ Րաֆ­ֆի Թար­խա­նեան­նե­րը, ո­րոնք այս օ­րե­րուն կը գտնուին Ե­րե­ւան: Ա­նոնք հրա­ւի­րուած էին մաս­նակ­ցե­լու Ճար­տա­րա­պետ­նե­րու եւ ճար­տա­րա­գէտ­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան հա­մա­ժո­ղո­վին, որ նա­խոր­դող օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան:

Ճար­տա­րա­պետ եղ­բայր­նե­րը, ինչ­պէս նշե­ցին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, ստա­ցած են ճար­տա­րա­պե­տի եւ ձե­ւա­ւո­րո­ղի ար­հես­տա­վարժ կրթու­թիւն, եւ Լի­բա­նա­նի մէջ հիմ­նած են անձ­նա­կան ըն­կե­րու­թիւն՝ Doonbeyt ա­նու­նով, որ ճար­տա­րա­պե­տու­թեան աս­պա­րէ­զէ ներս ծա­նօթ հաս­տա­տու­թիւն մըն է ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին մէջ, ա­ռած է կարգ մը մրցա­նակ­ներ՝ ներ­քին ու ար­տա­քին ճար­տա­րա­պե­տա­կան կա­րե­ւոր մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին:

Վի­գէն եւ Րաֆ­ֆի Թար­խա­նեան­ներ նա­խա­պէս գոր­ծակ­ցած են Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հետ, ե­կե­ղե­ցիէն ներս կարգ մը ճար­տա­րա­պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու հե­ղի­նակ են, ինչ­պէս Մայր Տա­ճա­րի հա­րե­ւա­նու­թեամբ Նա­հա­տա­կա­ց ռա­տու­ռի, որ կրկին նո­րո­գուած է Թար­խա­նեան­նե­րու ճար­տա­րա­պե­տա­կան նա­խագծին հա­մա­պա­տաս­խան:

Երբ միտք յղա­ցած է նո­րո­գել Թռչնոց բոյ­նը եւ կա­ռու­ցել որ­բե­րու թան­գա­րան, Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը եւ «Թռչնոց բոյ­ն­»ի խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը դի­մած են Վի­գէ­նին եւ Րաֆ­ֆիին, ո­րոնք ալ ման­րակր­կիտ ու ար­հես­տա­վարժ աշ­խա­տան­քի մի­ջո­ցաւ ամ­բող­ջա­ցու­ցած են ծրա­գի­րը՝ ար­ժա­նա­նա­լով հիաց­մուն­քի: Ա­նոնք նաեւ «Թռչնոց բոյ­ն»ին ընդ­հա­նուր նո­րո­գու­թեան ճար­տա­րա­պե­տա­կան մա­սին պա­տաս­խա­նա­տուն ե­ղած են:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին Վի­գէն Թար­խա­նեան տե­ղե­կա­ցուց, որ ի սկզբա­նէ, գա­ղա­փա­րին ծա­նօ­թա­նա­լէ ետք, նպա­տակ ե­ղած է իր տե­սա­կի մէջ ե­զա­կի թան­գա­րա­նի կա­ռուց­ման հա­մար տալ ե­զա­կի լու­ծում­ներ: Թան­գա­րա­նը ար­դէն ութ ա­մի­սէ ի վեր՝ Լի­բա­նա­նի մէջ իր դռնե­րը բա­ցած է հա­զա­րա­ւոր այ­ցե­լու­նե­րու առ­ջեւ:

Հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին կա­ռոյ­ցի ճար­տա­րա­պետ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին այն զգա­ցում­նե­րը, ապ­րում­նե­րը եւ աշ­խա­տան­քա­յին ըն­թաց­քը, զորս ու­նե­ցած են թան­գա­րա­նի նա­խագծ­ման ժա­մա­նակ:

-Դուք ստանձ­նած էք իր տե­սա­կին մէջ ե­զա­կի աշ­խա­տան­քի մը ճար­տա­րա­պե­տա­կան մա­սի նա­խագ­ծու­մը: Իբ­րեւ ճար­տա­րա­պետ­ներ, ի՞նչ մօ­տե­ցում­ներ ցու­ցա­բե­րած էք եւ իբ­րեւ հա­յեր, ի՞նչ զգա­ցում­ներ ու­նիք՝ ըլ­լա­լով աշ­խար­հի միակ հայ որ­բե­րու թան­գա­րա­նի եւ Սփիւռ­քի տա­րած­քին միակ Ե­ղեռ­նի թան­գա­րա­նի նա­խագ­ծող­նե­րը:

-Երբ ա­ռա­ջարկ ներ­կա­յա­ցաւ ստանձ­նե­լու «Թռչնոց բոյ­ն­»ի վե­րա­նո­րո­գու­թիւ­նը, յա­տա­կա­գի­ծին մշա­կու­մը եւ ա­նոր թան­գա­րա­նին շի­նա­րա­րու­թիւ­նը, այս բո­լո­րին վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը, հա­մո­զուե­ցանք, թէ մե­զի ներ­կա­յա­ցած էր աշ­խար­հի բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն կոչ յղե­լու հրա­շա­լի պա­տե­հու­թիւն մը:

Ան­տե­սե­լով ժա­մա­նա­կի սղու­թիւ­նը եւ յաղ­թա­հա­րե­լով վար­չա­գի­տա­կան զա­նա­զան դժուա­րու­թիւն­ներ, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Պիպ­լո­սը (Ժի­պէյ­լը) ըլ­լա­լով պատ­մա­կան քա­ղաք եւ գտնուե­լով ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի ան­մի­ջա­կան հսկո­ղու­թեան տակ, բա­ւա­կան դժուար ե­ղաւ հա­մո­զել վե­րա­դաս մար­մին­նե­րը եւ ձեռք բե­րել աշ­խա­տան­քի ար­տօ­նու­թիւն: Առ­կայ էին նաեւ այլ դժուա­րու­թիւն­ներ:

Հար­ցը բա­ւա­կան լուրջ էր, եւ ո­րո­շե­ցինք ճար­տա­րա­գի­տա­կան լու­ծում­նե­րու ընդ­մէ­ջէն, հա­մայն մարդ­կու­թեան յի­շեց­նել հա­յոց ցա­ւին մա­սին:

«Թռչնոց բոյ­ն­»ի մա­սին շատ գրուած եւ խօ­սուած է։ Մեծ ե­ղեռ­նէն ճո­ղոպ­րած եւ Լի­բա­նան հա­սած հա­զա­րա­ւոր որ­բե­րու ա­ռօ­րեան եւ կեն­ցա­ղը պատ­մող հա­ւա­քա­վայր մըն էր «Թռչնոց բոյ­ն­»ը: Շա­տեր յաղ­թա­հա­րե­ցին այդ ծանր պայ­ման­նե­րը եւ նե­տուե­ցան կեան­քի աս­պա­րէզ: Ու­րիշ­ներ մա­հա­ցան, չտո­կա­ցին այդ դժուա­րու­թիւն­նե­րուն:

Որբ մա­նուկ­նե­րուն ո­դի­սա­կա­նը, ա­նոնց տխուր ա­ռօ­րեան մե­զ ներշն­չե­ցին ստեղ­ծե­լու այդ ո­գին ար­տա­ցո­լաց­նող թան­գա­րա­նի մը հիմ­քե­րը: «Թռչնոց բոյ­ն­»ի թան­գա­րա­նը ա­նոնց յի­շա­տա­կը ան­թա­ռամ պա­հե­լու լա­ւա­գոյն ուխ­տա­վայրն ու վկա­յա­րանն է:

-Թան­գա­րա­նը իր ներ­սի եւ դուր­սի ճար­տա­րա­պե­տու­թեամբ կը տար­բե­րի ա­ւան­դա­կան կա­ռոյց­նե­րէն: Ի՞նչ ճար­տա­րա­պե­տա­կան լու­ծում­ներ ներդ­րած էք թան­գա­րա­նին մէջ, ի՞նչ խորհր­դանշա­նա­կան մա­սեր ու­նի կա­ռոյ­ցը:

-2750 քա­ռա­կու­սի մեթ­րի վրայ եր­կա­րող այս հա­մա­լի­րը հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ճար­տա­րա­րուես­տի եւ ար­դի ճար­տա­րա­րուես­տի հա­մադ­րու­թիւն մըն է: Նշենք, որ թան­գա­րա­նի շի­նա­րա­րու­թեան ճար­տա­րա­գի­տա­կան լու­ծում­նե­րու ձե­ւա­ւո­րու­մը, ար­տա­քին դա­սա­ւո­րում­նե­րը (Landscape) կա­տա­րած է Վի­գէն Թար­խա­նեա­ն, իսկ յա­տա­կա­գի­ծի պատ­րաս­տու­թիւ­նը, ո­ճա­յին նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րը (Scenography) կա­տա­րած է Րաֆ­ֆի Թար­խա­նեան, որ ներ­քին ճար­տա­րա­պետն է:

Թան­գա­րա­նը կազ­մուած է եր­կու մա­սե­րէ. ար­տա­քին՝ մուտ­քի խա­ղա­վայ­րը եւ Մա­մի­կին պար­տէ­զը: Ներ­քին կա­ռոյ­ցը, ե­րեք մա­սե­րու բաժ­նուած է. Ե­ղեռ­նի գօ­տին, Որ­բե­րու ա­ռօ­րեան ներ­կա­յաց­նող գօ­տին եւ Վե­րած­նուն­դի գօ­տին:

Խօ­սե­լով որ­բե­րու խա­ղա­վայ­րին (Orphans’ Arena) մա­սին՝ յա­տուկ կ՚ու­զեմ շեշ­տել խա­ղա­վայր բա­ռը, ո­րով­հե­տեւ որ­բե­րը, կե­ցու­թեան վայր չու­նե­նա­լու պատ­ճա­ռով, կը մնա­յին այս բա­ցօ­թեայ տա­րա­ծու­թեան մէջ, ա­մառ թէ ձմեռ, անձ­րե­ւի եւ կի­զիչ ա­րե­ւուն տակ:

Մա­նուկ­նե­րուն ոտ­նա­հետ­քե­րը, որ ստեղ­ծած ենք խա­ղա­վայ­րին մէջ, կը նկա­րագ­րեն այդ պա­հը, երբ մա­նուկ­նե­րը մնա­յուն ներ­կայ են խա­ղա­վայ­րի տա­րա­ծու­թեան մէջ:

Թան­գա­րա­նի այ­ցե­լու­նե­րը չեն տես­ներ որ­բե­րուն դէմ­քե­րը, կը լսեն ա­նոնց ձայ­նը եւ կը զգան ա­նոնց լուռ ցա­ւը:

Երկ­րորդ ճար­տա­րա­պե­տա­կան լու­ծու­մը եր­կա­թեայ վրանն է (Canopy), որ դէ­պի թան­գա­րան այ­ցե­լու­նե­րուն ու­ղե­ցոյցն է: Հնա­կար­կա­տի տես­քով, որ­բե­րուն ցնցո­տի­նե­րը խորհր­դան­շող, պղնձա­ծածկ , եր­կու յե­նա­կէ­տե­րու վրայ կա­ռու­ցուած, 16 մեթր եր­կա­րու­թեամբ, 22 թոն կշռող եր­կա­թեայ վրա­նը դէ­պի ի­րա­կա­նու­թիւն կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ այ­ցե­լու­նե­րը:

Վրա­նը նաեւ որ­բե­րը պահ­պա­նող Մա­րիա Ճէյ­քըպ­սը­նին ձեռքն է, խորհր­դան­շա­կան կար­գով: Վրա­նը, որ­բե­րը պաշտ­պա­նե­լով, կ­­՚եր­կա­րի մին­չեւ մեծ հա­յա­սէ­րին գե­րեզ­մա­նը: Թան­գա­րա­նի մուտ­քին այ­ցե­լուն կը տես­նէ սո­վա­հար որ­բե­րու կեր­պա­րանք­ներ, ո­րոնք ձե­ւով մը դի­մա­ւո­րող­ներն են թան­գա­րա­նի այ­ցե­լու­նե­րը: Մենք այս գա­ղա­փա­րը յղա­ցած ենք որ­բե­րու ա­ռօ­րեան ներ­կա­յաց­նող նկա­րի մը խորհր­դա­պատ­կե­րի տես­քով: Կող­քին, թան­գա­րա­նի այ­ցե­լուն կը տես­նէ այն լու­սան­կա­րին բնօ­րի­նա­կը, որ­մէ յղա­ցած ենք մեր այս գա­ղա­փա­րը: Հին լու­սան­կար մըն է, ո­րուն մէջ մա­նուկ­նե­րը բո­պիկ եւ ա­ւա­զի վրայ նստած են՝ պնակ­նե­րը գետ­ինը…

­Թան­գա­րա­նի մուտ­քին այ­ցե­լու­նե­րը կ՚ունկնդ­րեն որ­բե­րուն կեն­դա­նի հա­ռա­չան­քին, բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րուն:

Կա­ռոյ­ցի ներ­քին բա­ժի­նը կը սկսի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գօ­տիէն, ուր այ­ցե­լուն մուտք կը գոր­ծէ խորհր­դա­ւոր ե­րաժշ­տու­թեամբ:

Կա­մա­րա­ձեւ պա­տին աջ կող­մին վրայ կտրուած­քի տես­քով կ՚ե­րե­ւին կո­տո­րած­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը՝ շար­ժա­կան նկար­նե­րով, չորս տար­բեր լե­զու­նե­րու մեկ­նա­բա­նու­թեամբ: Իսկ ա­տոր դի­մա­ցը՝ Ապ­րիլ 24-ի օ­րուան նա­հա­տակ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան նկար­նե­րը:

Ձա­խ կող­մի վրայ կ՚ե­րե­ւին տե­ղա­հա­նու­թեան քար­տէ­սը եւ կո­տո­րած­նե­րու մա­սին վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­ներ:

-Թան­գա­րա­նի ներ­սը մեծ զան­գակ մը կա­խուած է: Ի՞նչ կը խորհր­դան­շէ ան:

-Ա­ռաս­տա­ղէն կա­խուած զան­գա­կը հե­տե­ւեալ խորհր­դա­նի­շը ու­նի. մեզ փոր­ձած են խեղ­դա­մահ դարձ­նել, քան­դե­լով զան­գա­կը, ա­նոր կոչ­նա­կը, լռու­թեան դա­տա­պար­տել մեր հա­ւատ­քը, պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը: Կոչ­նա­կին փո­խա­րէն պա­րան մը ի­ջած է զան­գա­կի գա­գա­թէն, լռու­թեան մատ­նե­լու մեր ձայ­նը:

Այս բաժ­նին մէջ նաեւ կա­ռու­ցած ենք Գող­գո­թա­յէն դէ­պի կեանք բարձ­րա­ցող վե­րապ­րու­մի կա­մուրջ մը, ո­րուն կող­քե­րուն կողմ­նա­կի պի­տի տես­նէք դէպ­քե­րը նկա­րագ­րող նկար­ներ:

Թան­գա­րա­նի ներ­սը այս գօ­տիէն ետք կը սկսի որ­բե­րու ա­ռօ­րեան ներ­կա­յաց­նող գօ­տին:

Ա­ռա­ջին՝ այ­ցե­լուն կրնայ պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մել ինք­նու­թե­նէ զրկուած որ­բե­րու մա­սին, ո­րոնք եր­կար տա­ռա­պանք­նե­րէ ետք կը հաս­նին տար­բեր որ­բա­նոց­ներ: Բայց եւ այն­պէս՝ ան­դէմք որ­բեր են բո­լո­րը, ո­րով­հե­տեւ միայն ա­նոնց ոտ­նա­հետ­քե­րը կը տես­նենք:

Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, որ­բե­րը կը վե­րագտ­նեն ի­րենց ինք­նու­թիւ­նը եւ կը վե­րա­դառ­նան ի­րենց ար­մատ­նե­րը: Ա­նոնց ոտ­քե­րէն դէ­պի ե­տե­ւի սիւ­նե­րը ցո­լա­ցող լոյ­սը կ՚ու­րուագ­ծէ կեան­քին նա­յող իւ­րա­քան­չիւր որ­բի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը: Վե­րապ­րող­նե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դին ա­պա­գայ սե­րունդն են:

Դէ­պի վեր նա­յող դի­ման­կար­նե­րը յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան մէջ աս­տի­ճա­նա­բար տա­րա­ծուող որ­բե­րուն կը պատ­կա­նին: Այ­ցե­լուն նաեւ մէկ առ մէկ կը լսէ ա­նոնց ա­նուն­նե­րը: Պա­տե­րուն վրայ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կան նաեւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի զանազան որ­բա­նոց­նե­րու մէջ վե­րապ­րող­նե­րու ա­ռօ­րեա­յէն:

Այ­ցե­լու­նե­րը, այ­ցե­լե­լով «Ա­րամ Պէ­զի­քեա­ն» թան­գա­րան, նաեւ կը ծա­նօ­թա­նան որ­բե­րու ա­ռար­կա­նե­րուն:

-Տե­ղեակ եմ, որ Դուք, բա­ցի ճար­տա­րա­պե­տա­կան աշ­խա­տան­քը ստանձ­նե­լէ, նաեւ նուի­րա­տուու­թիւն մը կա­տա­րած էք թան­գա­րա­նին, որ որ­բե­րու գոր­ծած գորգ մըն է, կրնաք պատ­մել այդ մա­սին:

-Այդ գոր­գին պատ­մու­թիւ­նը շատ հե­տաքրք­րա­կան է: Մենք, զա­նա­զան աղ­բիւր­նե­րէ տե­ղե­կա­ցած ենք, որ Լի­բա­նան Տքթ. Սրա­պեա­նին մօտ հա­զուա­գիւտ գորգ մը կը գտնուի: Գտանք տոք­թո­րը, տե­սանք գոր­գը, որ բա­ցա­ռիկ ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող աշ­խա­տանք մըն էր՝ Ղա­զի­րի որբ աղջ­կանց ձեռ­քով գոր­ծուած: Տքթ. Սրա­պեա­նին հայ­րը նոյն­պէս տոք­թոր ե­ղած է, ա­տամ­նա­բոյժ, ան բու­ժած է որ­բե­րուն ակ­ռա­նե­րը եւ իբ­րեւ նուէր որ­բու­հի­նե­րը ի­րեն հա­մար գորգ գոր­ծած եւ նուի­րած են: Գոր­գը ան­ցած է բժշկին որ­դիին: Մենք լսած ենք, որ Տքթ. Սրա­պեան ոչ մէկ գնով կը վա­ճա­ռէ զայն: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Եւ­րո­պա­յէն դի­մած են ի­րեն բարձր գու­մա­նե­ր ա­ռա­ջար­կե­լով, բայց ան մեր­ժած է հա­զուա­գիւտ այդ ի­րը վա­ճա­ռել: Երբ Րաֆ­ֆիին հետ այ­ցե­լե­ցինք իր տու­նը եւ տե­սանք գոր­գը, ո­րո­շում ա­ռինք՝ ինչ գնով ալ ըլ­լայ՝ զայն գնել: Մեր ցան­կու­թեան մա­սին յայտ­նե­ցինք բժշկին, տե­ղե­կա­ցու­ցինք, որ Որ­բե­րու թան­գա­րան մը կը շի­նուի եւ նպա­տակ ու­նինք թան­գա­րա­նին նուի­րա­տուու­թիւն կա­տա­րել, ան, ի զար­մանս մեզ, հա­մա­ձայ­նե­ցաւ ու նոյն օ­րը վա­ճա­ռեց գոր­գը:

​Զայն հիւ­սած են Ղա­զի­րի աղջ­կանց որ­բա­նո­ցի սա­նե­րը, 1925 թուա­կա­նին: Գոր­գը, վե­ցամ­սեայ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի մը հա­մար, մրցա­նա­կի ձե­ւով կը շնոր­հուէր «Նիր Իսթ Ռի­լի­ֆ­»ի կող­մէ, Լի­բա­նա­նի մէջ գոր­ծող տաս­ներ­կու որ­բա­նոց­նե­րուն: Այ­սօր այդ գոր­գը կը ցու­ցադ­րուի թան­գա­րա­նին մէջ, իբ­րեւ բա­ցա­ռիկ ա­պա­ցոյց որ­բե­րու ձեռ­քի աշ­խա­տան­քի:

-Տա­րօ­րի­նակ պի­տի ըլ­լար, որ թան­գա­րա­նը, իր տխուր պատ­մու­թիւն­նե­րէն ետք չ՚ու­նե­նար վե­րածն­ման, լու­սա­ւոր բա­ժին մը: Եւ ա­հա­ւա­սիկ, Դուք նա­խագ­ծած էք նաեւ այդ բա­ժի­նը: Ի՞նչ կը խորհր­դան­շէ ան:

-Վե­րած­նուն­դի գօ­տիին (Renaissance Zone) մէջ այ­ցե­լու­նե­րը կը տես­նեն թի­թե­ղա­ծածկ տնակ­նե­րը, ո­րոնք ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին փայ­տա­շէն, ա­պա քա­րա­շէն բնա­կա­րան­նե­րու վե­րա­ծուե­լով, կազ­մե­լու սկսած են Լի­բա­նա­նի մէջ մեր ա­ռա­ջին հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րը՝ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, դպրոց­նե­րը եւ հա­մալ­սա­րա­նը: Այս ե­րե­ւոյ­թը կը խորհր­դան­շէ հա­յու­թեան վե­րած­նուն­դը:

Այդ գօ­տիին ա­ռա­ջին սե­նեա­կին կեդ­րո­նը կը նշմա­րուին բարձ­րա­յարկ տու­փեր, ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նեն որ­բե­րուն տար­բեր ար­հեստ­նե­րը՝ ա­տաղ­ձա­գործ, հնա­կար­կատ, եր­կա­թա­գործ, ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք, նկար­չու­թիւն եւ այլն:

Երկ­րորդ սե­նեա­կին մէջ Մեծ ե­ղեռ­նը ճանչ­ցող պե­տու­թիւն­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ա­նուն­նե­րը կան: Կող­քի պա­տին վրայ ամ­փո­փուած են աշ­խար­հի տար­բեր ա­փե­րու վրայ Ե­ղեռ­նի յու­շար­ձան­նե­րը, Լի­բա­նա­նի մէջ 50-ա­մեա­կի եւ 100-ա­մեա­կի ո­գե­կոչ­ման նկար­ներ:

-Լու­սան­կար­նե­րուն մէջ հե­տաքրք­րա­կան պատ­կեր ստա­ցած է մեծ հա­յա­սէր Մա­րիա Ճէյ­քըպ­սը­նին ան­կիւ­նը: Թան­գա­րա­նի մէջ ի՞նչ տեղ ու­նի Մա­մա­յին սե­նեա­կը:

-Վեր­ջին սե­նեա­կին մէջ վե­րա­կանգ­նած ենք մեծ մար­դա­սէ­րին, հա­յա­սէ­րին սե­նեա­կը՝ իր ա­ռօ­րեայ սար­քե­րով, գիր­քե­րով, գրա­սե­ղա­նով: Ան կը սի­րէր դաշ­նակ նուա­գել, ե­րաժշ­տու­թիւն մտիկ ը­նել եւ ա­տի­կա նոյն­պէս կ՚ե­րե­ւի սե­նեա­կին մէջ:

Իր բոյ­նին մէջ ձա­գե­րը կե­րակ­րող այն Մայ­րը, որ, ըլ­լա­լով հա­րուստ ըն­տա­նի­քէ, ձգե­լով իր ա­պա­հով կեան­քը եւ ան­տե­սե­լով տար­բեր չար­չա­րանք­ներ՝ նուի­րուե­ցաւ հայ որ­բե­րու փրկու­թեան, ի­րաւ ար­ժա­նի է մե­ծա­րան­քի: Եւ թան­գա­րա­նը, ոչ միայն հայ որ­բաշ­խար­հի պատ­մու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ, այլ նաեւ յու­շար­ձան մըն է եւ­րո­պա­ցի այդ մեծ կնո­ջ, ի նշան ե­րախ­տա­գի­տու­թեան եւ ի ա­պա­ցոյց աշ­խար­հին, որ հա­յե­րը ե­րախ­տա­մոռ չեն, ա­նոնք գի­տեն ի­րենց ե­րախ­տիքն ու շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նել:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2015