ԴԻՒՐԻՆ ՉԷ՛ ԿԵԱՆՔԸ ՇԱՀԻԼ
Պարզ մուրճով մը կարելի է մարմարիոնէ արձան մը փշրել. բայց կարելի՞ է որեւէ քարի մը գեղեցիկ ձեւ տալ։ Շատ աւելի դիւրին է մարդ մը փորձել, քան թէ ազատել զայն։ Դիւրին է կեանքի մը վնասել՝ գայթակղեցնել, քան թէ շահիլ զայն Յիսուսի։ Կան մարդիկ՝ որոնք վնասակա՛ր են. կը քանդեն եւ տխուր կը մնան, երբ մէկու մը վնաս հասցուցած չեն։ Անոնց կեանքը կը սնանի կռի՛ւով։
Անոնց կեանքը չէ՛ հիմնուած ճշմարտութեան վրայ, անոնց ամբողջ կեանքը սուտի վրայ հաստատուած է եւ անոնք չեն վստահիր կեանքի փորձառութիւններու։
Բայց սա յստակ է, թէ ո՜րքան դիւրին է ստախօսներու գործը, համեմատելով անոնց հետ՝ որոնք միշտ հաւատարիմ կը մնան ճշմարտութեան։ Ճշմարիտը մէ՛կ է, իսկ սուտը՝ բազմաթիւ եւ տեսակ տեսակ, եւ այս իսկ պատճառով՝ ճշմարտութեան հետեւիլ դժուար է, իսկ սուտը՝ դիւրի՛ն։ Կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ չարամիտ մարդը կրնայ կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ չարութիւն հասցնել՝ չարագործե՛լ։
Իսկ ճշմարտասէր մարդը իր ամբողջ կեանքին մէջ դժուարութիւններով կը դիմաւորուի։ Ճարպիկ մարդը այն չէ՛, որ կ՚ապաւինի խաբէութեան, այլ ան՝ որ իմաստութեամբ կը գործէ։ Իմաստութիւնը՝ ճշմարտութեան տանող ամենէն ապահով ճամբա՛ն է։
Կան «հոգեւոր վանտալ»ներ՝ որոնց առաջնակարգ նպաստը ծաղրանք է։ Անոնք իմաստութենէ զուրկ ճամբորդներ են ճշմարտութեան առաջնորդող ճամբուն վրայ։ Ուստի, եթէ թողունք իմաստութիւնը, ո՞ւր պիտի գտնենք երջանկութեան աղբիւրը. ճշմարտութիւնը՝ հոգիին խաղաղութիւնը եւ յաւիտենական լոյսը եւ յոյսը։
Եթէ մարդ կրնայ Աստուծոյ խորհուրդը մէկ կողմ դնել. Անոր փոխարէն կրնայ աւելի մեծ Աստուծոյ մը պակասին, բացակայութեան խորհուրդը ստանալ։ Այն ատեն մարդուն ստեղծագործութեան տեղեկութիւնը անմիտի մը տեղեկութենէն ո՛չ աւելի եւ ո՛չ ալ պակաս պիտի ըլլայ։ Մարդ ընդունելու է, թէ աթոռ մը ինքզինք չի կրնար շինել, բայց անաստուածը կը գոհանայ, թէ «արեւը ինքզինք ստեղծած է»։
Բաճկոն մը որ մեր կռնակը հագած ենք, շինող մը եղած է, ինչ որ անվիճելի՛ է. բայց անաստուածի մը համաձայն՝ մարդուն հոգին ստեղծող մը չկա՛յ։ Սեղանի վրայ դրուած մոմածաղիկը շինուած է անկասկած, բայց պարտէզի մէջ վարդերը ըստ դիպուածոյ, պատահաբար բուսած եւ մեծցած են։
Մեծը մի՛շտ խորհուրդ մըն է փոքրիկին համար. կամարը պէտք է մի՛շտ խորհուրդ մը ըլլայ սիւնին համար. Աստուած ալ մի՛շտ խորհուրդ մը պէտք է ըլլայ Իր ստեղծած արարածներուն համար։ Արդարեւ, մարդ եթէ ամէն ինչ հասկնալու կարող ըլլար, մարդիկ ամէն ինչ կրնային ըլլալ։ Ուստի, միա՛յն Աստուած կրնայ զԱստուած հասկնալ։
Մարդ պէտք է որոշէ. նիւթապաշտութի՞ւնը պիտի ըլլայ իր «աստուած»ը, կամ զգացական հաճո՞յքը։ Մարդ միայն պիտի ուտէ՞, խմէ՞ եւ ուրախանա՞յ առանց մտածելու Երկնաւոր Հօր մասին։
Կեանքի երեք մակարդակ կայ. «անասունի մակարդակ», «մարդկային մակարդակ» եւ «աստուածային մակարդակ»։ Եւ մարդուն բնական եւ արարչական կոչումը կը պահանջէ հասնիլ «աստուածային մակարդակ»ին։ Այս մակարդակի վրայ ապրիլը՝ կ՚ենթադրէ իրական օգնութեան եւ ճշմարտութեան հասնիլ, քանի որ Աստուծոյ օգնութիւնը պիտի ունենայ՝ որուն զօրութիւնը երբեք չի տկարանար։
Աստուած մի՛շտ ներկայ է օգնելու ո՛չ թէ միայն նեղութեան ժամանակ, այլ ամէն ժամանակ, քանի որ Աստուծոյ զօրութիւնը եւ կարողութիւնը անժամանա՛կ է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 4, 2025, Իսթանպուլ