«ԸՆԿԵՐ ՋԱՆ»ԻՆ

Մօտաւորապէս ամիս մը առաջ համաշխարհային մամուլը ահազանգեց այն մասին, որ Անիի մէջ մօտաւորապէս 10-րդ դարուն շինուած եկեղեցիներէն մէկը մզկիթի վերածելու որոշում մը գոյութիւն ունի։ Անշուշտ, պատմագէտ ու հնագէտ Մուհամմէտ Արսլանի բացատրութիւններով՝ այդ եկեղեցին առաջին անգամ չէ՛, որ կը վերածուի մզկիթի. ըստ անոր բացատրութիւններուն՝ նախօրօք մզկիթի վերածուած է Սուլթան Ալփարսլանի օրերուն: 

Սակայն եկեղեցին մզկիթի վերածելու երեւոյթէն աւելի մեզ կը մտահոգէ շատ մը հայերու անտարբերութիւնը. հաւատացէ՛ք, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ հայը ի՛նքն իր գոյութեան շատ աւելի վնաս պատճառած է՝ քան պատերազմներն ու թշնամիները, որովհետեւ ներքին փտածութիւնը եղած է աւելի աղիտալի՝ քան որեւէ աղէտ ու աւեր: Մեր ազգին մէջ նման աղէտներ ինչպէ՞ս յայտնուեցան, հայու արիւնին մէջ նման անտարբեր ու անխիղճ սերունդներ ինչպէ՞ս հասակ առին՝ չեմ կրցած հասկնալ. սակայն պարզ է, որ նման սերունդ մը ո՛չ միայն իր եկեղեցիները, այլ իր ամբողջ սրբութիւններն ու արժէքները, համոզումներն ու հաւատալիքները զոհելու յանձնառու կ՚ըլլայ, որովհետեւ երբ սրբութիւններն ու արժէքները կը դառնան արդէն պարզ ու բնական, ազգային արժէքներու հանդէպ սէրը կը դառնայ լոկ բառ ու լոզունգ: 

Ներկայ կառավարութեան թմբուկը զարնող երիտասարդ մը եկեղեցիները մզկիթի վերածելու անընդունելի երեւոյթին դիմաց անձնական նամակով մը կը գրէր հետեւեալը. «Ընկեր ջան, ողջ աշխարհը չենք կրնար փրկել» ու այս ունեցած անտարբերութիւնը կը փորձէր բացատրել հետեւեալով. «Տուպայի երբեք իր զարգացման ընթացքը կը խաթարէ՞ Կազզէի հարցին համար»: Այս համեմատականով կրնանք հասկնալ մէկ բան. ինչո՞ւ խաթարել Հայաստանի զարգացման ընթացքը եկեղեցիի մը համար. Կազզէի եւ Տուպայիի ժողովուրդը այո՛, կրօնակիցներ են, սակայն տարբեր պետութեան կը պատկանին. այնպէս ինչպէս Ֆրանսա եւ Իտալիա կրօնակից ազգեր են, սակայն իւրաքանչիւրը ունի իր շահերը, իր նպատակներն ու առաջնահերթութիւնները. սակայն, Անիի Սուրբ Տաճարը օտարինը չէ՛. նոյն կրօնի պատկանող այլ պետութեան մը եկեղեցին չէ՛, ընկեր ջան... այս մէկը ա՛յն եկեղեցին է, որուն սրբազան աւազանէն ծնունդ առիր դո՛ւն, ծնունդ առին ծնողներդ ու ամբողջ տոհմդ եւ եթէ այդ մէկը աչքիդ Կազզէի եւ Տուպայիի տարբերութեամբ կ՚երեւին՝ ապա կ՚արժէ պահ մը հարցականի տակ դնես հայութիւնդ: 

Մեր «ընկեր ջան»ը համոզուած ըլլալով իր անտեղի համոզումին կ՚ըսէ. «Հեռու չերթանք. Լիբանանը պատերազմի մէջ կ՚ուզէ՞ ներքաշուիլ Կազզէի ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու համար»։ Ընկեր ջան... դուն հայ եկեղեցին պաշտպանելով այլ պետութեան մը տառապող ժողովուրդը չէ՛, որ կը պաշտպանես կոր, թէեւ մարդկային տեսանկիւնէն այդ մէկն ալ պարտաւոր ես ընել, սակայն, սեփական եկեղեցիդ այլ ազգերու յարաբերութեանց հետ ինչպէ՞ս կը յաջողիս համեմատել: 

Մեր հայրենասէր երիտասարդը այդ եկեղեցւոյ կործանման դէմ արտայայտուիլը կը նկատէ ժամանակի կորուստ. Ահաւասի՛կ, իր տողերը. «Նման բաներու առաջքը չեմ կրնար առնել, ուստի եւ ատոնցմով տարուիլը ոչ այլ ինչ պիտի ըլլայ, քան ժամանակի կորուստ»։ Եւ չես գիտեր ինչպէս յանկարծ այս կապակցութեամբ կը սկսի խօսիլ Սամուէլ Կարապետեանի մասին՝ զայն որակելով չակերտեալ «բարերար»: Անշուշտ, այս բոլորը մեզի զարմանալի չի թուիր արդէն, որովհետեւ իտէալը՝ Փաշինեան ինչ բառեր որ գործածէ, անոր հետեւորդները բնականաբար նոյն բառը պիտի գործածեն. օրինակի համար՝ Փաշինեան Բագրատ Սրբազան Գալստանեանը կոչեց իր աւազանի անունով՝ «Վազգէն Գալստանեան» եւ Նիկոլի հետեւորդները անգամ մըն ալ «Բագրատ» անունը չարտասանեցին. Փաշինեան Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի համար գործածեց «Կտրիճ Ներսիսեան» կոչումը. անոր հետեւորդները անգամ մըն ալ Գարեգին կամ կաթողիկոս բառերը չգործածեցին: Հաւատացէ՛ք, եթէ Փաշինեան մածունը սե՛ւ անուանէ, առանց կասկածի տակ դնելու մածունին սեւ ըլլալը դաւանողներ ի յայտ կու գան: 

Ընկեր ջանը քանդուող եւ կործանուող եկեղեցիներուն մասին ձայն բարձրացնելը աւելորդ կը նկատէ եւ թէ անոր որպէս լուծում կ՚առաջարկէ, որպէսզի բարերարներ իրենց գումարները անիմաստ բաներու վրայ մսխելու փոխարէն նորերը կառուցել տան։ Ընկեր ջան, երբ հին ու կառուցուած եկեղեցիիդ արժէքը չես գիտեր, նորերը կառուցողներ պիտի չգտնես։ Այնպէս ինչպէս կործանման անդունդը գտնուող դպրոց մը փրկելու փոխարէն նորը չես կառուցեր, նոյնն է նաեւ եկեղեցւոյ պարագան. նոյն այս անտարբերութեան պատճառով է, որ շատ մը հայկական թերթեր կասեցուցին իրենց երթը. նոյն այս անտարբերութեան պատճառով է, որ բազմաթիւ հայկական կառոյցներ դադրեցան գործելէ. դպրոցներ ու եկեղեցիներ փակուեցան: Սակայն տարօրինակը այդ դժուարութիւնները չեն. տարօրինակը այն է, որ նման անտարբերութիւն ինչպէ՞ս մուտք գործեց հայու արիւնին մէջ. եկեղեցին, դպրոցն ու ակումբը իր կեանքէն աւելի առաջնահերթ նկատող ժողովուրդի մը մէջ նման որոմներ ինչպէ՞ս ի յայտ եկան... չեմ գիտեր: 

Ընկեր ջան... այսօր եկեղեցիդ մզկիթ կը դառնայ, վաղը մայր լեզուդ՝ օտար լեզու եւ ժամանակ մը ետք ինքզինքդ կը գտնես օտարացած եւ երբեք չես զարմանար. կը յայտնուիս հոն՝ ուր պատկերացուցած ես, սակայն առանց հայութեանդ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Երիտասարդներու անտարբերութիւնը բացասական ի՞նչ երեւոյթներ կրնայ ստեղծել ազգի մը համար:

Պատասխան. Երիտասարդներու անտարբերութիւնը կրնայ լուրջ եւ բացասական հետեւանքներ ունենալ ազգի մը համար, որովհետեւ երիտասարդներն են ազգի մը ապագան ձեւաւորող հիմնական ուժը: Երբ երիտասարդները անտարբեր են քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային կեանքին հանդէպ, անոնց մէջ կը նուազի պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ համայնքը կը կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը: Այս բոլորը պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարին ազգային արժէքները եւ նոյնիսկ տնտեսական եւ քաղաքական անկում տեղի ունենայ, որովհետեւ երիտասարդներու առաջատար ուժին պակասը կը թուլացնէ հասարակութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2025