Հայ Ազգային Ինքնութեան Լուսաւորիչ Մշակները

Հոկ­տեմ­բեր ամ­սու երկ­րորդ ­Շա­բաթ օ­րը, ա­հա 1610 տա­րիէ ի վեր, հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ իր ­Սուրբ Թարգ­մա­նիչ­նե­րուն տօ­նը։ Իսկ ­Հոկ­տեմ­բե­րի երկ­րորդ ­Կի­րա­կի օ­րը, ա­մէն տա­րի, ­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ, տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ­Հին­գե­րորդ դա­րու Թարգ­ման­չաց ­Շար­ժու­մին խոր­հուր­դով հա­ղոր­դո­ւե­լու ­Սուրբ ­Պա­տա­րագ։

Խոր­քին մէջ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցին եր­կու տօն նո­ւի­րած է ­Հին­գե­րորդ դա­րու հա­յոց ­Թարգ­մա­նիչ ­Սուր­բե­րուն։ Ա­ռա­ջին տօ­նը նո­ւի­րո­ւած է ուղ­ղա­կի Ս. ­Սա­հակ ­Պար­թեւ ու Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց թարգ­մա­նիչ­նե­րուն եւ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ­Յու­նի­սի վեր­ջը կամ ­Յու­լի­սի սկիզ­բը։ Իսկ երկ­րոր­դը՝ ­Հոկ­տեմ­բե­րի երկ­րորդ շա­բա­թա­վեր­ջին նշո­ւող տօ­նը, նո­ւի­րուած է հա­յե­րէն գի­րե­րու ­Գիւ­տը նո­ւա­ճած մեծ ­Սուր­բե­րու ար­ժա­նա­ւոր ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ Եզ­նիկ ­Կող­բա­ցիի եւ Կո­րիւն Ս­­քան­չե­լիի, Ե­ղի­շէ ­Պատ­մի­չի եւ Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցիի, ­Ղա­զար Փար­պե­ցիի եւ ­Դա­ւիթ Ան­յաղ­թի, ­Ղե­ւոնդ Վա­նան­դե­ցիի եւ մեր միւս թարգ­մա­նիչ մա­տե­նա­գիր­նե­րուն ու հայ մտքի ռահ­վի­րա­նե­րուն։

Թէեւ իբ­րեւ ե­կե­ղե­ցա­կան տօն սկսաւ Սր­­բոց ­Թարգ­ման­չաց ո­գե­կո­չու­մը, բայց ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ժո­ղովր­դա­յին այն­քա՜ն լայն ըն­դու­նե­լու­թիւն գտաւ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հո­գե­հա­րա­զատ ա­ւանդ նուա­ճեց ա՛յն աս­տի­ճան, որ նաեւ ազ­գա­յին-ժո­ղովր­դա­յին տօն դար­ձաւ՝ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս խորհր­դան­շե­լով ­Հայ Մ­­շա­կոյ­թի եւ Դպ­­րու­թեան օ­րը։

Երբ 16 դա­րե­րու հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն կը նա­յինք ու ար­ժե­ւոր­ման լու­սար­ձա­կին տակ կ­­՚առ­նենք ­Հին­գե­րորդ դա­րու հա­յոց ­Թարգ­ման­չաց ­Շար­ժու­մը, ա­ռա­ջին հեր­թին ու­շադ­րու­թիւն կը գրա­ւէ հայ ժո­ղո­վուր­դին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ այն ե­րե­ւոյ­թը, որ թարգ­մա­նիչ­ներ սրբաց­նե­լու եւ ա­նոնց տօն նո­ւի­րե­լու ազ­գա­յին մտա­ծե­լա­կերպն է։

Նոյ­նիսկ կայ տե­սա­կէտ, ինչ­պէս որ կը վկա­յէ հայ հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան ե­րախ­տա­ւոր­նե­րէն ­Խո­րէն Պա­լեան, ըստ ո­րուն՝ ­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ինք չե­ղաւ նա­խա­ձեռ­նո­ղը Թարգ­ման­չաց սրբա­ցու­մին։ ­Մեր ժո­ղո­վուր­դը ի՛նք իբ­րեւ սուր­բե­ր ըն­կա­լեց եւ պաշ­տա­մուն­քի ա­ռար­կայ դար­ձուց ­Հին­գե­րորդ դա­րու ­Թարգ­մա­նիչ­նե­րը։ Իսկ Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցին, ի տես ժո­ղովր­դա­յին այդ փա­րու­մին, ­Սուր­բե­րու կար­գին ար­ժա­նա­ցուց հայ մշա­կոյ­թի եւ դպրու­թեան ա­ռա­քե­լա­տիպ մեր նա­խա­հայ­րե­րը։

Փաս­տօ­րէն եւ ըստ ա­մե­նայ­նի՝ սոսկ թարգ­մա­նիչ­ներ չե­ղան Ա­նոնք՝ բա­ռին ըն­թա­ցիկ, օ­տար­նե­րու ստեղ­ծած մարդ­կա­յին մտքի գլուխ-գոր­ծոց­նե­րը հա­յե­րէ­նի փո­խադ­րե­լու հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ։ Ոչ ալ, նոյ­նիսկ, ժա­մա­նա­կի քա­ղա­քակր­թա­կան նո­ւա­ճում­նե­րը հա­յաց­նե­լու, ազ­գա­յին մեր լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թեան պատ­շա­ճեց­նե­լու թարգ­մա­նա­կան ի­րենց ար­ժա­նի­քին հա­մար միայն սրբա­ցո­ւե­ցան Ա­նոնք։

Թարգ­ման­չաց ­Շար­ժու­մը շատ ու շատ ա­ւե­լին էր այդ բո­լո­րէն։ Ան հան­դի­սա­ցաւ ուղ­ղա­կի հայ գրե­րու գիւ­տը մշա­կու­թա­յին ա­րա­րու­մով կեն­սա­գոր­ծե­լու մեծ եր­կունք մը եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, հե­տա­գայ դա­րե­րուն եւ յա­ւեր­ժին բա­ցուե­լու թռիչ­քով օժ­տեց մին­չեւ քրիս­տո­նէու­թեան Հա­յաս­տան մուտ­քը ստեղ­ծուած ու զար­գա­ցած հայ մշա­կոյ­թը Թարգ­ման­չաց ­Շար­ժու­մը թափ տո­ւաւ հայ մշա­կոյ­թի վե­րա­նո­րոգ­ման եւ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու շուն­չով վե­րա­հաս­տատ­ման եր­թին՝ հայ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան բիւ­րե­ղա­ցումն ու մշա­կու­մը սե­ւե­ռա­կէտ ու­նե­նա­լով, այ­լեւ՝ հա­յա­կերտ­ման սուրբ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ար­մա­տա­ւո­րե­լով։

Պա­տա­հա­կան չէր, որ ­Սա­հակ ­Պար­թեւ եւ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց, Վ­­ռամ­շա­պուհ ար­քա­յի ամ­բող­ջա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը վա­յե­լե­լով՝ ի­րենց պատ­րաս­տած ար­ժա­նա­ւոր ա­շա­կերտ­նե­րու մե­ծա­թիւ հոյ­լով ձեռ­նար­կե­ցին, ա­ռա­ջին հեր­թին, նո­րաս­տեղծ հայ գի­րե­րով Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը թարգ­մա­նե­լու տի­տա­նա­կան աշ­խա­տան­քին։ Ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն տա­րի խլեց հա­ւա­քա­կան այդ աշ­խա­տան­քը եւ պսակուե­ցաւ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի հա­յա­ցու­մով, որ օ­տար­նե­րու իսկ վկա­յու­թեամբ՝ ար­ժա­նա­ցաւ «­Թա­գու­հի Թարգ­մա­նու­թեանց» կո­չու­մին։ Եբ­րա­յե­րէ­նի, ա­սո­րե­րէ­նի եւ յու­նա­րէ­նի հմուտ ու բազ­մա­կող­մա­նի ճա­նա­չո­ղու­թեամբ ու հո­գեմտա­ւոր մշա­կու­մի բարձ­րո­րակ մա­կար­դա­կով կա­տա­րո­ւե­ցաւ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թեան աշ­խա­տան­քը՝ զու­գա­հե­ռա­բար հայ թարգ­մա­նիչ­նե­րուն ըն­ձե­ռե­լով ի­րենց ժա­մա­նա­կի գի­տու­թեան եւ ճա­նա­չո­ղու­թեան յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րուն վրայ յաղ­թա­հա­սակ կանգ­նե­լու ինք­նա­զար­գա­ցու­մը։

Հե­տե­ւա­բար, սոսկ հա­յե­րուս ինք­նա­սի­րու­թիւ­նը շո­յե­լու հա­մար չէ, այլ Աստո­ւա­ծա­շուն­չի հա­յաց­ման հո­գեմտա­ւոր մեծ նո­ւա­ճու­մը եւ, դա­րեր ետք, ա­նոր լու­սապ­սա­կը դար­ձած ­Նա­րե­կը ըստ ար­ժան­ւոյն մե­ծա­րե­լու մղու­մով է, որ օ­տա­րը նոյ­նիսկ վկա­յեց, թէ Աս­տու­ծոյ հետ խօ­սե­լու լե­զուն հա­յե­րէ՛նն է։

Ա­ւե­լի՛ն. Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի թարգ­մա­նու­թիւ­նը միայն սկիզբն էր եր­կանց։ ­Հե­տե­ւե­ցան աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան ի­մաս­տա­սի­րու­թեան եւ քրիս­տո­նէա­կան գրա­կա­նու­թեան ժա­մա­նա­կի գլուխ-գոր­ծոց­նե­րուն նոյն­քան յա­ջո­ղակ թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք են­թա­հո­ղը կազ­մե­ցին թարգ­ման­չաց միեւ­նոյն սե­րուն­դին կող­մէ ոչ-կրօ­նա­կան, մարդ­կա­յին մտքի տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս ար­ձա­նագ­րո­ւած օ­տա­րա­լե­զու նո­ւա­ճում­նե­րուն հա­յաց­ման, ա­պա նաեւ՝ հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար հայ­կա­կան մե­ծար­ժէք գոր­ծե­րու ստեղ­ծու­մին։

Այդ­պէ՛ս, հա­յե­րէ­նով ի­րենց նոր կեան­քը ապ­րե­ցան ժա­մա­նա­կի յոյն թէ ա­սո­րի մե­ծա­նուն հե­ղի­նակ­ներ, ինչ­պէս Ա­թա­նաս Ա­ղեք­սանդ­րա­ցի եւ Եփ­րեմ ­Խու­րի Ա­սո­րի, Պ­­րոկլ եւ ­Տիո­նի­սիոս Թ­­րա­կա­ցի, Ա­րիս­թո­թէլ եւ Պ­­ղա­տոն, ­Փի­լոն Եբ­րա­յե­ցի եւ ­Պոր­փիւր ու ա­նո­ւա­նի բա­զում այլ հե­ղի­նա­կու­թիւն­ներ։

Ա­նոնց ի­մաս­տա­սի­րա­կան, գի­տա­կան եւ գե­ղա­րուես­տա­կան գլուխ-գոր­ծոց­նե­րուն հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը եւ հա­յա­ցու­մը ոչ միայն յատ­կան­շո­ւե­ցան հա­րա­զա­տու­թեամբ ու խոր ըն­կա­լու­մով, այ­լեւ ներշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձան թարգ­մա­նիչ­նե­րու ինք­նու­րոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց հա­մար։

Օ­տա­րազ­գի եւ մե­ծա­նուն այդ հե­ղի­նակ­նե­րու գոր­ծե­րէն ո­մանք, ինչ­պէս որ կը վկա­յէ հա­յոց ազ­գա­յին մշա­կոյ­թի ու­րիշ մեծ ե­րախ­տա­ւոր մը՝ ­Ռա­ֆա­յէլ Իշ­խա­նեան, այ­սօ­րո­ւան մարդ­կու­թեան ծա­նօթ են ի­րենց հա­յա­ցո­ւած տար­բե­րա­կով, ո­րով­հե­տեւ մայ­րե­նի լե­զո­ւով գրո­ւած բնա­գիր­նե­րը կոր­սո­ւած են… առ յա­ւէտ։

Թարգ­ման­չաց ­Շար­ժու­մը ազ­գա­յին նշա­նա­կու­թեամբ մեծ գործ կա­տա­րեց նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին դպրա­նոց­նե­րու ցանց ստեղ­ծե­լով ու ըն­դար­ձա­կե­լով։ ­Հարկ էր պատ­րաս­տել ու դաս­տիա­րա­կել հա­յե­րէն գիրն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը գիտ­ցող ու գոր­ծա­ծող նոր սե­րունդ, որ իր կար­գին սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դը ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով հա­ղորդ ու մաս­նա­կից պի­տի դարձ­նէր ­Թարգ­ման­չաց ի­րա­գոր­ծած մեծ թռիչ­քին՝ հայ մշա­կոյ­թի եւ դպրու­թեան վե­րա­նո­րոգ­ման, հա­յոց հո­գեմ­տա­ւոր ինք­նա­հաս­տատ­ման կե­նա­րար եր­կուն­քին։

Ինչ­պէս որ «­Հայ­կա­կան ­Սո­վե­տա­կան ­Հան­րա­գի­տա­րան»ը յա­տուկ շեշ­տով կը նշէ հա­յոց ­Սուրբ Թարգ­մա­նիչ­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած իր տե­ղե­կան­քին մէջ, «­Թարգ­ման­չաց ­Շար­ժու­մը ծա­ւա­լո­ւել է հայ գրե­րի ստեղ­ծու­մից ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ՝ 405 թ­.ին, ո­րի նպա­տա­կը եր­կի­րը յու­նա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նից ա­զա­տելն էր՝ հա­յոց դպրոց­ներ հիմ­նե­լու, քրիս­տո­նէա­կան կա­րե­ւոր գրքե­րը եւ այլ եր­կեր հա­յե­րէն թարգ­մա­նե­լու, ե­կե­ղե­ցա­կան ծէ­սե­րը հայ­կա­կա­նաց­նե­լու, ինք­նու­րոյն հա­յա­լե­զու դպրու­թիւն սկզբնա­ւո­րե­լու մի­ջո­ցով:

Շար­ժու­մը նաեւ պե­տա­կան շա­հեր էր հե­տա­պըն­դում. հա­յոց գրե­րի ստեղծ­մամբ Ար­շա­կու­նի­նե­րի թու­լա­ցած գա­հի պաշ­տօ­նա­կան գրագ­րու­թիւ­նը յու­նա­րէ­նից եւ ա­սո­րե­րէ­նից պէտք է անց­նէր հա­յե­րէ­նի, իսկ հա­յա­լե­զու դպրոցն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը հա­յա­լե­զու ե­կե­ղե­ցու մի­ջո­ցով պէտք է նե­ցուկ դառ­նա­յին հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան ու ժո­ղովր­դի ինք­նու­թեան պահ­պան­մա­նը»:

Փաս­տօ­րէն հայ ժո­ղո­վուր­դը հե­տա­գայ դա­րե­րու խա­ւա­րին եւ կոր­ծան­ման դի­մադ­րեց իր ­Թարգ­ման­չաց լոյ­սով։

Եւ այդ ի­մաս­տով, իբ­րեւ ազ­գա­յին ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խո­րա­գոյն ար­տա­յայ­տու­թիւն, հայ ժո­ղո­վուր­դը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս սրբա­ցուց իր ­Թարգ­մա­նիչ­նե­րը։

Հե­տե­ւա­բար, հայ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան լու­սա­ւո­րիչ մշակ­նե­րուն՝ ­Սուրբ ­Թարգ­մա­նիչ­նե­րու ա­ւան­դով մեր ժո­ղո­վուր­դի այ­սօ­րո­ւան եւ վա­ղո­ւան եր­թը հու­նա­ւո­րե­լու եւ վե­րա­նո­րո­գե­լու ա­ռի­թը կ՚ըն­ձե­ռէ Սրբոց ­Թարգ­ման­չաց տօ­նը։

Իսկ ­Թարգ­ման­չաց ա­ւան­դով վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու ու­ղին կը պա­հան­ջէ հա­յա­պահ­պան­ման մեր կռուան­նե­րուն ամ­րապն­դումն ու զար­գա­ցու­մը, յատ­կա­պէս հայ­րե­նի­քէ հե­ռու ապ­րե­լու դա­տա­պար­տո­ւած սփիւռ­քի հա­յու­թեան կեան­քին մէջ։

Սր­­բոց ­Թարգ­ման­չաց տօ­նը հա­ւատ­քի վե­րա­նո­րոգ­ման եւ կամ­քե­րու գօ­տեպնդ­ման աղ­բիւր է ո­րո­շա­պէս ­Յու­նաս­տա­նի հայ գա­ղու­թիւն հա­մար, որ տնտե­սա­կան ծան­րա­գոյն ճգնա­ժա­մի մէջ յայտ­նուած է եւ հա­յա­պահ­պան­ման իր ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւան­նե­րէն՝ հայ դպրո­ցէն եւ հայ թեր­թէն զրկո­ւե­լու ստոյգ վտան­գը կ’ապ­րի։

Հայ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան մեր լու­սա­ւո­րիչ մշակ­նե­րուն ներշն­չու­մով՝ հա­յոց գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն պարտք ենք հա­յա­կեր­տու­մի մեր ան­փո­խա­րի­նե­լի զէն­քե­րուն պահ­պա­նումն ու ար­դիա­կա­նա­ցու­մը։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2015