ՆՈՐՈՎԻ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը այս շրջանին դարձեալ առաջնահերթ օրակարգի վրայ է։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչները ժամադրուած են հերթական անգամ։ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը՝ դեսպան Սերտար Քըլըչ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի նոյն գործընթացէն ներս Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչին՝ խորհրդարանի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի կողմէ։
Սերտար Քըլըչի այցելութեան ընդառաջ, Ռուբէն Ռուբինեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շրջանակներէն ներս նախատեսուած շփումին կապակցութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Ռուբէն Ռուբինեան նշեց, որ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ամբողջ օրակարգը։ «Կը քննարկուին այն քայլերը, որոնք մինչեւ այսօր առնուած են եւ այն քայլերը, որոնք տակաւին ընթացքի մէջ են։ Գիտէք, որ քանի մը նիւթ եղած է քննարկման առարկայ այս տարիներուն ընթացքին։ Մեր վերջին տեսակցութենէն յետոյ տեղի ունեցաւ Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերագնահատման համար անհրաժեշտ թեքնիք փարամեթրերու արժեւորումը։ Այս ամբողջը կը քննարկուի։ Գիտէք նաեւ, որ Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման նիւթն ալ կայ։ Իսկ ընդհանուր, հիմնական նիւթը յարաբերութիւններու կարգաւորումն է», ըսաւ ան։
Լրագրողներ Ռուբինեանին հարց տուին, թէ արդեօք Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացէն ներս արձանագրուած համաձայնութիւնները կրնա՞ն դրական ազդակ մը դառնալ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններէն ներս գործնական քայլերու ապահովման տեսակէտէ։ Ի պատասխան՝ Ռուբէն Ռուբինեան նշեց, որ Ուաշինկթընի հռչակագիրը շատ կարեւոր իրադարձութիւն մըն էր։ Այդ մէկը միանշանակ դրականօրէն կ՚ազդէ տարածաշրջանային գործընթացներուն վրայ, եւ, ընդհանրապէս, տարածաշրջանէ դուրս գործընթացներու վրայ եւս։ «Այս առումով, այո, մենք լաւատես տրամադրուած ենք։ Ինչ կը վերաբերի Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման, ապա այս ամբողջը արդէն սահմանի բացման մասին է։ Ամբողջ գործը կը վերաբերի Թուրքիա-Հայաստան փակ սահմանի բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման։ Բնականաբար, քննարկումներն ալ այս մասին են հիմնականին մէջ», ըսաւ ան։
Ռուբէն Ռուբինեան յիշեցուց, որ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագիր կրողներու համար սահմանի բացման պայմանաւորուածութիւնը թէեւ տակաւին չէ իրագործուած, սակայն, սա հայկական կողմի մեղքով չէ։ «Բայց մենք կը յուսանք, թէ սա կ՚իրագործուի», ըսաւ ան։
Ի լրումն այս բոլորին, Ռուբէն Ռուբինեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան չի տեսներ որեւէ պատճառ, որպէսզի Թուրքիա յապաղի սահմաններու բացման եւ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ուղղութեամբ։ Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ան ըսաւ. «Ես չեմ տեսներ պատճառ մը, թէ ինչո՞ւ պէտք է Թուրքիան յապաղի այս գործընթացին մէջ։ Յամենայնդէպս, հայկական կողմէն որեւէ յապաղման խնդիր չկայ։ Մենք պատրաստ ենք վաղն իսկ ունենալ բաց սահմաններ եւ հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ Ի դէպ, բոլորովին վերջերս Փաքիստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեցինք եւ սա նոյնպէս շատ նշանակալի իրադարձութիւն մըն է։ Յոյս ունիմ՝ Թուրքիոյ հետ նոյնպէս նման քայլի կ՚երթանք», աւելցուց ան։
Իր յայտարարութիւններու տեւողութեան Ռուբէն Ռուբինեան դիտել տուաւ, որ քաղաքական կամքի գոյութեան պարագային շատ արագ հնարաւոր է իրականացնել գործընթացը։ «Մեր կողմէ այդ կամքը միանշանակ կայ եւ համոզուած եմ, թէ կարճ ժամանակի մէջ հնարաւոր է հասնիլ մեծ արդիւնքներու։ Հայաստանը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը շարունակէ առանց նախապայմաններու։ Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ գործընթացը կ՚ընթանայ առանց նախապայմաններու։ Մենք ալ մեր կողմէ որեւէ նախապայման չունինք եւ կը կարծենք, թէ շատ արագ հնարաւոր է ունենալ բաց սահման եւ հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ Այդ ուղղութեամբ պիտի աշխատինք», եզրափակեց Ռուբինեան։