ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան 2025-2026 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ այցելեց Ս. Խաչ դպրեվանք։ Ծանօթ է, որ Պատրիարքական Աթոռի գահակալը աւանդաբար կ՚ընդունուի՝ այս կրթօճախի վանահայրը։ Վերամուտի առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Ս. Խաչ դպրեվանքի սաներուն։ Վերամուտի օրուան հանդիսաւոր պայմաններուն ներքեւ առաջին զանգը հնչեցուց հաստատութեան սաներէն յայտնի արուեստագէտ Գէորգ Մալիքեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութեան մաղթանքներ յղեց նաեւ Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի վարչայիններուն եւ դպրոցի կրթական մշակներուն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2025