ԲՆՈՒԹԻՒՆ
Բնութիւնը՝ Արարչագործութեան ծրագրին գործադրութեան տարածքն է։ Աստուած, ստեղծելու համար նախապէս գոյութիւն ունեցող ո՛չ մէկ բանի եւ ո՛չ մէկ օգնութեան կարիքը ունի։ Արարչագործութիւնը անհրաժեշտ բխում մըն է աստուածային գոյացութենէն։ Աստուած ազատօրէն կը ստեղծէ «ոչինչ»էն։
Սուրբ Թէոփիլիս Անտիոքացի կ՚ըսէ. «Ինչո՞վ արտակարգ պիտի ըլլար եթէ Աստուած աշխարհը նախագոյ նիւթէ մը ձեւաւորէր։ Արհեստագործ մարդը, երբ անոր նախանիւթ մը տրուի, գիտէ անով ձեռակերտել ինչ որ կ՚ուզէ։ Մինչդեռ Աստուծոյ զօրութիւնը կը յայտնուի ճիշդ այն ատեն, երբ Ան կը մեկնի ոչինչէն՝ ստեղծելու համար ինչ որ կ՚ուզէ»։ Ոչինչէն կատարուած արարչագործութեան հանդէպ հաւատքը Աստուածաշունչին մէջ վկայուած է որպէս խոստումով եւ յոյսով լի ճշմարտութիւն մը։ Քանի որ Աստուած կարող է «ոչինչ»էն ստեղծել, կարող է նմանապէս Սուրբ Հոգիով թէ՛ մեղաւորներուն հոգիին կեանքը տալ, անոնց մէջ ստեղծելով մաքուր սիրտ, թէ՛ մարմինի կեանքը տալ մեռելներուն՝ Յարութեամբ, Ինք «որ կը կենդանացնէ մեռեալները եւ անգոն կը կոչէ դէպի գոյութիւն». (ՀՌՈՎՄ. Դ 17)։
Ինք որ Իր Խօսքով կարողացաւ ժայթքեցնել լոյսը խաւարէն, կարո՛ղ է նաեւ հաւատքի լոյսը տալ անոնց՝ որոնք կ՚անգիտանան զԻնք։
Եւ քանի որ մարդը ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ բնութեան մէկ մասն է. ապա ուրեմն յստակ է՝ որ ո՛չ թէ բնութիւնը մարդու կարիքը ունի, այլ մարդը բնութեան կարիքը ունի եւ բնութենէն կախում ունի։
Անշուշտ, Աստուած անհունօրէն աւելի՛ մեծ է քան Իր բոլոր գործերը. «Անոր մեծվայելչութիւնը երկինքէն բարձր է». (ՍԱՂՄ. Ը 2)։ «Անոր մեծութիւնը չունի չափ». (ՍԱՂՄ. ՃԽԵ 3)։ Քանի որ Աստուած իմաստութեամբ կը ստեղծէ, ուրեմն արարչագործութիւնը բարեկարգ է. «Դուն ամէն ինչ կարգաւորեցիր չափով, թիւով եւ կշիռքով». (ԻՄՍՏ. ԺԱ 20)։ Ուստի, ստեղծագործութիւնը իմաստութեան եւ հրաշալի՜ ներդաշնակութեան մը արդիւնք է ծրագրի մը վրայ՝ նպատակի մը համար։
Յաւիտենական Բանով եւ Բանին մէջ գոյութիւն ունեցած արարչագործութիւնը իբր «պատկեր անտեսանելի Աստուծոյ». (ԾՆՆԴ. Ա 26) եւ (ԿՈՂ. Ա 15), վիճակուած եւ ուղղուած է Աստուծոյ պատկեր մարդուն՝ որ իր հերթին կոչուած է անձնական յարաբերութեան Աստուծոյ հետ. (ՍԱՂՄ. ԺԹ 2-5)։
Մարդուն իմացականութիւնը քանի որ մասնակից է աստուածային Իմացականութեան լոյսին, կարող է՝ թէեւ մեծ ճիգով եւ միայնգամայն Արարչին եւ Անոր գործին հանդէպ խոնարհութեան եւ համեստութեան ոգիով եւ յարգանքով, իմանալ ինչ որ Աստուած կ՚ըսէ իրեն իր արարչագործութեամբ. (ՅՈԲ. ԽԲ 3)։ Արարչագործութիւնը ծագում առած է աստուածային բարութենէն եւ իմաստութենէն, ան կը մասնակցի այս բարութեան եւ իմաստութեան։ Որովհետեւ արարչագործութիւնը Աստուծմէ ուզուած է իբր պարգեւ մը՝ շնորհ մը մարդուն եւ իբր ժառանգութիւն մը՝ որ սահմանուած եւ վստահուած է անոր։
Աստուած անհունօրէն աւելի մեծ է քան Իր բոլոր գործերը։ Ըստ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի՝ Ինք աւելի բա՛րձր է, քան իմ մէջս գտնուող բարձրագոյնը, աւելի մտերիմ քան մտերմնագոյնը։
Աստուած, արարչագործութենէն ետք չի լքեր, պիտի չլքէ Իր արարածը ինքզինքին։ Անոր միայն ծնունդ եւ գոյացում չի տար, այլ զայն գործելու կը լծէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 9, 2025, Իսթանպուլ