ԱՆՈՒԱՆԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Գրականութեան մէջ նշուած չէ, սակայն, աւելի քան երբեք վստահ ենք, որ աշխարհահռչակ գրող ու բանաստեղծ Օսքար Ուայլտ այս տողերը գրի առած ժամանակ աչքի առջեւ ունէր հայ ժողովուրդը. «Կան մարդիկ, որոնք այնքան կը սիրեն իրենց անունը, որ պատրաստ են ամէն ինչի՝ զայն անմահացնելու համար»: Վստահաբար, ամբողջ աշխարհը կը տառապի այս ախտով, սակայն, այս մէկը հայ ժողովուրդին քով շատ աւելի խոր իմաստ ունենալ կը թուի: Ամէ՛ն մարդ անմահանալու ձգտումն ու փափաքը ունի, սակայն, այդ մէկը հայերու մօտ կրկնապատկուած կը տեսնենք՝ մա՛նաւանդ վերջին երկու տասնամեակներուն. քանի որ տակաւին գիտական ձեւով անմահանալը հնարաւոր չէ, հայ ժողովուրդը գտած է անմահանալու այլ միջոց մը՝ անմահացնել անունը եւ այդ ախտն է, որ մեր մեծահարուստներն ու ինքնասէրները կը մղէ ամէ՛ն բանի վրայ մեծատառով իրենց անունները գրելու, որովհետեւ մեր ազգին մէջ գոյացած է նոր հիւանդութիւն մը, զոր մենք կը կոչենք անուանապաշտութիւն: 

Անցեալին անունը անմահացնելու ընթացքը յետ մահու վերապահուած երեւոյթ մըն էր. մահացողը կ՚անմահանար իր անունով՝ մա՛նաւանդ եթէ նիւթապէս լաւ միջավայրի մը մէջ կը գտնուէր, սակայն, անուանապաշտութիւնը եկաւ փոխելու այս մէկը եւս. այսօր անունները կ՚անմահանան նոյնիսկ անձի կենդանութեան ժամանակ՝ նոյնինքն անձին ցանկութեամբ: Այս երեւոյթի պարագային անցեալի եւ ներկայի տարբերութիւնը ա՛յն է, որ անցեալին մարդիկ կը փորձէին իրենց բարի գործերով անմահացնել իրենց ծնողներուն անուններն ու յիշատակը, սակայն, այսօր ամէ՛ն մարդ կ՚ուզէ ի՛ր անունը անմահացնել, որովհետեւ այդ մէկը եսասէր ու փառամոլ ինքնութեան մը համար անփոխարինելի հաճոյք է: 

Այսօր Սուրիոյ եւ Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ բազմաթիւ հայորդիներ զանազան դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուին, իսկ անդին որոշ հայորդիներ տառապող ժողովուրդին օգնութեան հասնելու փոխարէն կը զբաղին նոր կառոյցներ ու շէնքեր շինելով՝ որպէսզի զանոնք անուանեն իրենց անուններով, որովհետեւ իրենց անունին փառաւորումը իրենց համար շատ աւելի կարեւոր է՝ քան տառապող ժողովուրդի մը վիճակը: Երբ բազմահազար հայորդիներ կը տառապին, ուրիշներ կը շարունակեն թանգարան, մշակութային կեդրոն, հանդիսասրահ ու ժողովասրահ ստեղծել. պարզապէս աչքի դիմաց ունեցէք 2012-2025 թուականներու ընթացքին Լիբանանի մէջ կառուցուած կեդրոնները եւ միւս կողմէ քննեցէք սուրիահայ ժողովուրդի վիճակը: Մե՛նք ալ կ՚ուզենք հաւատալ, որ իրենց անունները անմահացնելու ձգտող բարերարները կ՚ուզեն իրենց միջոցներով օգտակար դառնալ հայ ժողովուրդին, սակայն, երբ շէնքը աւելի կարեւոր կը դառնայ քան մարդը՝ այդ մէկը վտանգաւոր ու անընդունելի կը թուի: Թանգարաններն ու շէնքերը կը կառուցուին ժողովուրդին համար, սակայն, եթէ չկայ ժողովուրդը՝ անիմաստ են նաեւ այդ շինութիւնները. կը հաւատանք, որ մարդկային կեանքը շա՛տ աւելի առաջնահերթ է քան քարեղէն շինութիւնները եւ, հետեւաբար, տառապող ժողովուրդը իր տառապագին վիճակէն դուրս բերելը կը հաւատանք, որ հազար շէնքեր ու կառոյցներ կ՚արժեն։ Կուսակցութիւններուն եւ եկեղեցիներուն ունեցած դրամները կը պատկանին ազգին. անոնք այդտեղ են, որպէսզի ժողովուրդի ցաւերը դարմանեն եւ, հետեւաբար, անընդունելի կը նկատենք տեսնել հարուստ եկեղեցի, հարուստ կուսակցութիւն՝ աղքատ ու տառապող ժողովուրդով՝ նոյնիսկ եթէ անոնք կը գտնուին տարբեր երկիրներու մէջ: 

Մեր ժողովուրդի մեծագոյն դժբախտութիւններէն մէկն ալ այն է, որ այլեւս այլ երկիրի մէջ տառապող հայորդիին ցաւը ամբողջ հայութեան ցաւին չի՛ վերածուիր. ցաւ ի սիրտ, այդ ցաւը դարման կը գտնէ այլ պետութիւններու կողմէ՝ որ բնակաբար ունի իր սեւ կողմը։ Լիբանանի եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն որպէս հետեւանք շատ մը հայորդիներ ուզեցին դուրս գալ այդ երկիրներէն, Հայաստանի պետութիւնը զանոնք ընդունելու ո՛չ մէկ ջանք ու ճիգ ըրաւ, փոխարէնը անոնք ապաստան գտան եւրոպական երկիրներու, Գանատայի եւ Ամերիկայի մէջ. արդիւնք ու հետեւա՞նք. ընդամէնը 20 տարի ետք գացէ՛ք եւ ստուգեցէք անոնց սերունդները, որոնք ծնունդ պիտի առնեն այդ երկիրներուն մէջ. 30-40 տարի մէջ փորձեցէ՛ք հայութիւն գտնել անոնց մէջ եւ տեսէ՛ք արդիւնքը համաշխարհայնացման:

Մի՛շտ կ՚ըսենք, որ անցեալին հայ ժողովուրդը ունէր նիւթական ու տնտեսական դժուարութիւններ, սակայն, ունէր կամք։ Այսօր ունինք տնտեսական եւ նիւթական ծով կարելիութիւններ, սակայն, կամքն է, որ կը պակսի մեր մօտ. կը մնայ միայն անուանապատշութեան ախտը. տակաւին անդիի աշխարհ չմեկնած՝ ոմանք կը փորձեն իրենց անունները մեծ գումարներու հաշւոյն պատերուն վրայ մեծատառով գրել տալ… Այնքան ատեն որ տառապողը ժողովուրդն է, պարզապէս ինչ ըսել այդ անուններուն, որոնք ո՛չ թէ որպէս բարիք, այլ սեփական եսը շոյելու կը ծառայէ: 

Բոլոր անոնք, որոնք իրենց անունները շէնքերու ճակատին գրել կը փորձեն՝ թող լաւապէս յիշեն, որ մարդ կրնայ մեռնիլ, սակայն, փառքի տենչը մահ չունի. որպէս վերջաբան յայտնենք այս դժբախտ իրողութիւնը եւս. անունները եւս «անմահ» չեն. մի քանի հարիւր տարի ետք անոնք եւս կը դատապարտուին պատմութեան հի՛ն ու չբացուող էջերուն:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդ ինչո՞ւ կ՚ուզէ անմահանալ:

Պատասխան. Մարդ կ՚ուզէ անմահանալ, որովհետեւ իր գիտակցութիւնը անխուսափելիութեան դէմ բնական հակազդեցութիւն մը ունի: Մարդ կը փափաքի, որ իր ապրած կեանքը, գործն ու անունը չկորսուի ժամանակին հետ: Անմահանալու ձգտումը ձեւով մը հոգեբանական իմաստով ինքզինք պահելու եւ սեփական «ես»ը սահմաններէն դուրս տարածելու ձեւ մըն է: Փիլիսոփայականօրէն մարդ կ՚ուզէ կեանքի մէջ իր հետքը ձգել, որպէսզի ապագայ սերունդները զինք յիշեն։ Այս մէկը կ՚ուզեն, որպէսզի իրենց գոյութիւնը ժամանակաւոր չթուի, այլ վերածուի անմահական ժառանգութեան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2025