ԿԱՐԵՒՈՐ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կը շարունակէ հրապարակային խորհրդածութիւններով հանդէս գալ՝ երկրի հրատապ օրակարգի վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։ Նախագահ Տէր-Պետրոսեան երէկ հերթական անգամ տեսակէտները հրապարակեց՝ իր առաջնորդած Հայ ազգային քոնկրէսի պաշտօնական կայքէջին վրայ։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի այս յայտարարութիւններուն մէջ նշուած է հետեւեալը։
*
Ես կը խուսափէի «Զանգեզուրի միջանցք» բնորոշման օգտագործումէն, որովհետեւ սա որոշակի մտավախութիւններ կը յառաջացնէ մեր հասարակութեան աշխոյժ շերտերուն մէջ։ Հետեւաբար, կը կարծեմ, թէ ասոր փոխարէն աւելի ճիշդ է օգտագործել «Զանգեզուրի փոխադրութեան հանգոյց» բնորոշումը։ Այս վերջնոյն վերահսկողութիւնը, բնականաբար, ինքնիշխան իրաւունքի ուժով պէտք է իրականացուի բացառապէս Հայաստանի կողմէ։ Ինչ կը վերաբերի շահագրգիռ այլ պետութիւններու քաղաքական եւ տնտեսական նպատակադրումներուն, ապա Հայաստանը, իմ համոզմամբ, ի վիճակի է միջազգային իրաւունքի պահանջներու համաձայն երաշխաւորել անոնց անխափան գործունէութիւնը։ Այս հարցին մէջ Հայաստան, կամայ թէ ակամայ, կ՚ակնկալէ իր ռազմավարական գործընկերներու՝ Ռուսաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի աշխոյժ համագործակցութիւնը՝ հակառակ անոնց միջեւ առկայ ակնյայտ տարաձայնութիւններուն։
Մեծ տէրութիւններու միջեւ հակասութիւնները՝ որպէս կանոն, աւելի դիւրութեամբ կը լուծուին, քան փոքր երկիրներու միջեւ, ինչ որ կը բացատրուի մեծերու հասունութեան հանգամանքով։ Այս բանի ապացոյցներն են, մասնաւորապէս, Քարայիպեաններու (1962թ.) եւ Տամանսքի (1969թ.) ճգնաժամերու յաղթահարումը, գերտէրութիւններու մրցակցութեան զուգընթաց ժամանակ առ ժամանակ անոնց միջեւ կնքուած սպառազինութիւններու կրճատման համաձայնագրերը, փրոքսի պատերազմներու պարագային իրենց փոխհամաձայնեցուած լուծումները եւ այլն։
Հարկ է յիշեցնել, որ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան վերջին օրերուն հիւրընկալած էր Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը։ Տէր-Պետրոսեանի այս վերջին հրապարակումը անմիջապէս յաջորդած է այդ զրոյցին։