ԱՌԱՒԵԼԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՆՈՒԱԶԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԵՆՔ

Առաւելագոյնն ու նուազագոյնը, նաեւ անոնց ձգտման մարդկային յատկանիշութիւնը՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ, տարբեր հասկացողութիւններով առարկաներ են: Շատ մը պարագաներու առաւելապաշտութիւնը կրնայ ըլլալ արդարացի, օրինական ու բարոյական, իսկ ուրիշ պարագաներու ոչ: Նոյնինքն առաւելագոյնի եւ նուազագոյնի սահմաններն ու անոնց բացայայտումը, գծումը դարձեալ յարաբերական է ու ենթակայ՝ ժամանակի հոլովոյթին ու եղափոխութեան օրէնքին:

 Մարմնամարզի մէջ առաւելագոյնի ձգտման իւրացումն ու առաւելապաշտութիւնը օրէնք կը համարուի ու ինքնին այդ մարզը հիմնուած է այդ հասկացողութեան վրայ. հասնիլ առաւելագոյնին, բարձրագոյնին, արձանագրել մեծագոյն թիւեր ու մըր-ցանիշներ եւ յաղթել անդառնալիօրէն ու առանց ընկրկումի: Միւս կողմէ, քաղաքականութեան ու ռազմարուեստի մէջ առաւելապաշտութիւնը պարսաւելի է ու անընկալելի, ինչքան ալ մարդկային բնազդն ու ագահութիւնը իր մասնակի դրսեւորմամբ (իմա հատուածական ու տուեալ պետական կառոյցով) ձգտի առաւելապաշտութեան ու ամենագրաւման, բայց, այդ բնազդը կը սանձուի, կը վերածուի սահմանուած ու չափուած հասարակարգի, օրէնքի միջինայնացման, երբ համամարդկային ու միջազգային տարազ կը զգենու: Միջազգային բարոյական կարգով եւ ապա օրէնքով՝ միշտ ալ սահմանափակուած է առաւելապաշտութիւնն ու ծաւալապաշտութիւնը քաղաքականութեան ու ռազմական ոլորտէն ներս պարսաւուած է, նոյնիսկ ուժերու հաւասարակշռութեամբ եւ մարդկային հաւաքական գիտակցութեամբ ու անկէ բխած համագոյակցութիւն կերտելու կամքով, օրինաչափութեամբ:

Առաւելապաշտութիւնը ունի աստիճանացում մը, որ կը գործէ շատի ու քիչի արժեչափով․ ըլլալ առաւելապաշտ, բայց սահմանուիլ չափով, ըլլալ ձգտող, բայց համակարգուիլ համակարգով մը:

 Իսկ հակառակ պարագային չենք կրնար սահմանել նուազապաշտութիւնը, ան հաւանաբար միայն կրօնական-բարեպաշտական ու բարոյագիտական դրոյթներով կը դրսեւորուի: Կեանքի տնտեսական տնօրինման տեսակէտէ համայնավարութեան մէջ կրնանք գտնել նուազապաշտութիւն մը, բայց այդ մէկը շահագործման ու փտածութեան աղբիւր դարձած է յաճախ վարչակարգերու ու ղեկավարներու կողմէ:

Անձնական կեանքի մէջ յաճախ կը դիմագրաւենք առաւելապաշտութեան ու նուազապաշտութեան խնդիրներ։ Առաւելագոյնի ձգտումը կրնայ համարուիլ ագահութիւն, իսկ նուազագոյնինը՝ գոհունակութիւն: Արուեստի ու մշակութաբանութեան առաքելութիւններուն մէջ ալ առաւելապաշտութիւնն ու նուազապաշտութիւնը կը մրցին, նոյն մարդաբանութեան ու քաղաքակրթական արժեհամակարգին տեսանկիւնով փիլիսոփայական երկար բանավէճ ընթացած է մարդկային անձնական ու հաւաքական կեանքը հիմնաւորելու իմաստով: Անշուշտ, չկայ հաւասարութեամբ ապրուստ ու մարդկային գործունէութիւն, որ մշտապէս միտուած է առաւելագոյնը ստանալու, պեղելու, հերկելու, զարգացնելու... Հազուագիւտ է կեանքէն կամ բնութեան ընծայածէն բաւարարուելու վիճակը: Կրնանք հաստատել, որ մարդկային պատմութիւնը կը փաստէ, թէ մարդ արարածը եղած է առաւելապաշտ, իսկ նուազապաշտութեան ձեւակերտումը եղած է անդրադարձ՝ իրականացուած ահռելի աճին ու անվերջանալի ձգտումին:

Նուազապաշտութիւնը իր գոյութենական դրութեամբ անդրադարձային կրնանք համարել մարդկային առաւելապաշտ գիծին, որ յաճախ վտանգաբեր է ու փորձուած է սանձուիլ նուազեցմամբ ու բարեպաշտութեամբ: 

Եթէ համամարդկային առումով առաւելապաշտութիւնը կրնանք համարել պտղաբեր ու խթանող, իսկ պետութիւններու ու ազգերու պարագային առաւելապաշտութիւնը աւելի վտանգաւոր դրսեւորում կրնայ ունենալ, քանի զանոնք կը տանի դէպի արկածախնդրութիւններ ու պատճառ կը դառնայ մեծ վնասներու ու պարտութիւններու: Ինքնագնահատման խնդիրը մեծ ու բարդ է՝ անձնական թէ հաւաքական կեանքի մէջ։ Ան ունի իր ծալքերը, բայց, տեւաբար առաւելապաշտութեան ձգտումը, որ հիմք չունի եւ լիակատարօրէն չէ գնահատած սեփական հնարաւորութիւններն ու կարողութիւնները, բնականաբար, կործանիչ է:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2025