ՅՈԳՆԱԾ ԵՒ ԲԵՌՆԱՒՈՐՈՒԱԾ

«Ձեր վրայ առէք իմ լուծս եւ ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ դուք ձեր հոգեկան հանգստութիւնը պիտի գտնէք։ Քանի որ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ». (ԱՄՏԹ. ԺԱ 29-30)։ Այսպէս կ՚ըսէ Յիսուս, քանի Ան գիտէ, որ մարդս բեռնաւորուած է հոգերով եւ յոգնած, եւ թէ Ինք եկած է այդ բեռը տանելի դարձնելու եւ թեթեւցնելու՝ յոգնածները հանգստացնելո՛ւ։

Մարդ երեք գլխաւոր բեռ ունի իր վրայ՝ որոնք հոգ կը ստեղծեն եւ կը յոգնեցնեն զինք։ Երբ «բեռ» կ՚ըսենք ասիկա անշուշտ նիւթական բեռ չէ, այլ բարոյական, որ աւելի եւս կը ծանրանայ մարդուս վրայ եւ կը յոգնեցնէ զայն հոգեպէս, քանի որ հոգու բեռը աւելի ծանր է եւ դժուար տանելի քան նիւթականը՝ որ ի վերջոյ կարճ հանգիստով մը զայն թեթեւցնել դիւրին է։ Հոգը շատ կը ճնշէ մարդուս քան որեւէ ծանրութիւն։

Հոգեկան բեռը, ըսինք, երեք տեսակ է. մեղքի բեռ, Օրէնքի բեռ եւ վերջապէս՝ կեանքի բեռ։ Եւ այս երեքէն ալ զերծ մնալ, խուսափիլ կարելի չէ՛։

Այս պարագային հանգիստը անհրաժե՛շտ է։ Ուստի, ամէն մարդ՝ ամբողջ մարդկութիւնը բեռնաւորուածներու եւ յոգնածներու բազմութեան անդամներն են։ Մարդ պարտաւորութիւններ եւ պարտականութիւններ, ապա ուրեմն պատասխանատուութիւններ ունի այս աշխարհի վրայ. ծնողներ՝ իրենց զաւակներուն հանդէպ, որդիներ՝ ծնողներուն հանդէպ, ուսուցիչը՝ աշակերտին, աշակերտը՝ ուսուցչին հանդէպ, հոգեւորականը՝ ժողովուրդին եւ վերջապէս մարդը՝ Աստուծոյ հանդէպ։ Եւ բոլոր ասոնք բեռ են՝ որոնք կը ծանրանան մարդուն հոգիին վրայ եւ կը յոգնեցնեն զայն. բեռ՝ որմէ խուսափիլ կարելի չէ, քանի որ մարդ այդ բեռով է որ կ՚ապրի…

Ինչպէ՞ս թեթեւցնել այդ բեռը եւ ինչպէ՞ս հանգստանալ, երբ յոգնած է մարդ այդ բեռին տակ։

«Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28), եւ Ան կը հրաւիրէ մեզ՝ հանգիստ շնորհելու, թեթեւցնելու եւ տանելի դարձնելու մեր բեռը։

Եւ Պետրոս առաքեալ կը հաստատէ եւ կը հաւաստէ Յիսուսի խօսքը՝ երբ կը գրէ. «Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ Ինքը կը հոգայ ձեր մասին». (Ա. ՊԵՏՐ. Ե 7)։

Բայց, սիրելի՜ներ, քրիստոնէական հասկացողութեամբ «հանգիստ»ը նեղութիւններու, հոգերու, ցաւերու եւ վիշտերու վերացումը, անհետացումը չի նշանակեր, քանի որ Յիսուս կ՚ըսէ նաեւ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Ապա ուրեմն, հանգիստը ո՛չ թէ մարմնական, այլ հոգեկան եւ ներքին ուժի մը վիճակն է՝ որ կը քաջալերէ ենթական եւ որուն կենդանի տիպարն է նոյն Ինքն՝ Յիսուս։ Մարդ երբ բեռ մը ունի եւ մէկը չունի, որպէսզի օգնէ իրեն՝ այն ժամանական բնականաբար մարմնական-նիւթական հանգիստի մը հետ՝ հոգեւոր հանգիստի պահանջքը կը զգայ։

Հիւանդի մը, առանձին մէկու մը այցելել՝ անոր անիմանալի, անբացատրելի հանգստութիւն կը պատճառէ։ Արդարեւ, ասիկա, աղօթքի համազօր աստուածահաճոյ արարք մըն է։ Կարօտ մը ուրախացնել, զայն գոհացնել ամենաընդունելի աղօթքն է, քանի որ Աստուած այդ կը պահանջէ։

Յիսուս կ՚ուզէ, որ մեր հոգերը Իրեն յանձնենք, բայց նաեւ թոյլ չըլլանք, այլ՝ քա՛ջ եւ վստահինք Իրեն։ Եթէ մէկը չունի մարդ, Յիսուս կը հոգայ եւ կը հանգստացնէ զինք։ Ճշմարիտ ապահով, հանգիստ կեանքը Յիսուսի հետ ապրուած կեանքն է, քանի որ Ան կը հրաւիրէ մեզ բոլորս՝ բեռնաւոր-ւածներս եւ յոգնածներս. ուրեմն, չմերժենք այս հրաւէրը եւ յանձնենք մեր հոգերը Իրեն, եւ ապրինք առանց նեղութեան՝ հանգիստ կեանք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 19, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2025