ԲԱՑԱՌԻԿ ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

21 Սեպտեմբերի առթիւ, երէկ երեկոյեան, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ մեծ համերգ մը, որու զուգահեռ կատարուեցաւ բացառիկ հրավառութիւն։ Օփերայի շէնքը արտասովոր ձեւով լուսաւորուած էր եւ, բացի հրավառութենէն, զանազան լուսախաղերով պատկերուեցան հայոց պատմութենէն զանազան դրուագներ։ Հոծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ այս հրավառութեան, իսկ անկախութեան տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած համերգն ու գեղարուեստական կատարումները արժանացան ծափահարութիւններու։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2025